Լոյս տեսաւ Աւետիս Ահարոնեանի «Շւէյցարական գիւղը» ֆրանսերէնով

 

ՇՒԷՅՑԱՐԱԿԱՆ ԳԻՒՂԸ»

LE VILLAGE SUISSE, Avetis Aharonian

հրատ. Turquoise, Altérités շարք, Ժընեւ.

հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմ.՝ Սեւան Յարութիւնեան 

 Յարութիւն Քիւրքճեան

            Գրական-գրապատմական ծանօթութիւններու եւ շրջաբերող տեղեկանքի մեր պահեստներուն մէջ, հարկ է ընդունիլ, յաճախ բաց մը կը կազմէ Աւետիս Ահարոնեանի «Շւէյցարական գիւղը» գործը:

Խորապէս սիրելի եւ արժէքաւոր՝ իբր գործիչ եւ իբր գրագէտ-մտաւորական, հայ վիշտի եւ պայքարի երգիչը աւելի ծանօթ է մեզի, աւելի սերտուած՝ իր հոծ վաստակին այլ երեսներով  –  պատում, ինքնապատում, վէպ, պատմագրական փորձեր, շատ ժողովրդական «Ազատութեան Ճանապարհին»էն՝ մինչեւ «Իմ Բանտը», «Իմ Գիրքը», մինչեւ «Լռութիւնը», «Րաֆֆի» եւ «Քրիստափոր Միքայէլեան», թուելու համար գլխաւորները:

Ինծի համար անձնապէս, կը խոստովանիմ, «Շւէյցարական գիւղը» հայերէն իր բնագրով կարդալու համար, պէտք եղաւ ապրիլ գրգիռը… զայն թարգմանուած տեսնելու նո՛յն Զուիցերիա երկրի երեք պաշտօնական լեզուներէն մէկուն` ֆրանսերէնի: Թարգմանութեան ընթերցումը դրդեց բարձրանալ մինչեւ բնագիրը, Աւ. Ահարոնեանի ամբողջական գործի ծանօթ հրատարակութեան գ. հատորին մէջ:

ԳՈՐԾԻ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄ

«Շւէյցարական գիւղը», գրուած նամականիի ձեւով, կը ցոլացնէ մաս մը երիտասարդ Ահարոնեանի ուսանողական տարիներու կեանքի փորձառութենէն, Լօզանի մերձակայ յաջորդական երկու գիւղերու մէջ: Ժամանակի սովորոյթը՝ ուսանողներու համար՝ տեղացիներու բնակարանի մէջ սենեակ վարձելու եւ անոնց հետ կեցութիւն բաժնելու, մեծապէս օօգնած են երիտասարդ հեղինակին՝ հոծ ու հարուստ տպաւորութիւններ ամբարելու եւ զանոնք յղելու Թիֆլիսի «Մուրճ»ին (1902-1904): Աւելի ուշ՝ 1912ին է, որ յօդուածաշարքը, որոշ չափով վերանայուած, պիտի արժանանայ հատորով առաջին հրատարակութեան մը, դարձեալ Թիֆլիս:

Գործին յօդուած-գլուխները, ինչպէս ըսի՝ յաջորդական նամակներու ձեւի տակ, հասցէատէր ունին պայմանական «ընկեր» մը, եւ կը կրեն «Ղուրբաթ-Հարուն» ստորագրութիւնը: Բոլոր նամակներուն տակ երեւցող նամակագիրի այս անունին մէջ՝ կը ճանչնանք «պանդուխտ» բառի բարբառային համարժէք մը, ինչպէս եւ, անշուշտ, Ահարոն անձնանունի գաւառական մէկ տարբերակը:

ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ 

Գործի խորքը կը կայացնէ, նախ, մեթոտիկ ներկայացում մը Զուիցերիոյ գաւառական շրջաններու առօրեային. նոր կեանք մը, պահ մը շլացուցիչ՝ կենսագրութեան առաջին տասնամեակները Իգտիր ու էջմիածին, ապա Թիֆլիս ապրած երիտասարդ հայաստանցիին համար: Սակայն, բոլորովին նոր աշխարհի մը տպաւորութիւններուն յորդ հոսանքին մէջ իսկ, այդ շլացումը կուրացում չէ բնաւ: Երիտասարդ մտաւորական ուսանողը՝ արդէն խորապէս յանձնառու մշակութային ու քաղաքական գործիչ՝ այդ տպաւորութիւններուն կողքին, անոնց հիւսուած ու նոր միջավայրի պայծառ իրականութիւնը հրմշտող, բրտօրէն անոր հակադրուող, ամէնժամեայ յաճախանքի պէս կ՛ապրի յիշատակ-ներկայութիւնը իր ետին թողած իրականութեան՝ հայ Գաւառին, հայ Գիւղին, անոնց յետամնացութեան, թշուառութեան՝ բոլո՛ր տեսանկիւններէ  –  տնտեսական, ընկերա-կենցաղային, մարդկային-հոգեբանական…: Եւ նոյնքա՛ն մտասեւեռեալ՝ հրամայականն ու կարելիութիւնը յեղափոխելու այդ թշուառութիւնը, բարեփոխելու Հայաստան աշխարհի անբաղձալի ներկան…:

Այդքան ցնցիչ հակադրութեան մը պատկերումին մէջ, Ա. Ահարոնեան հասկնալիօրէն կը մոռնայ, գոնէ պահ մը կ՛անտեսէ զարգացած այս ժողովրդավարութեան տնտեսական հիմերը, որոնք չեն դադրիր ըլլալէ դրամատիրական: Պարզապէս, երբ կը խօսուի Զուիցերիոյ, այսինքն իրաւական սանձումներով սանձուած դրամատիրական զարգացեալ երկիր-վարչակարգի մը մասին, եւ երբ խորքի նկար ունինք միջնադարեան-աւատական վիճակ ապրող Արեւելեան Հայաստանի գաւառներ,- անտեղի պիտի նկատուէր, եւ արդարօրէ՛ն, զբաղիլ դասակարգային կարգերու ըստ էութեան քննադատութեամբ[i] :

ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻ ԲՆԱՇԽԱՐՀԷՆ 

Մեզ գրաւող, միանգամայն եւ շշմեցնող առաջին յատկութիւնը Ահարոնեանի գործին, ուրեմն, հակադրաբար Զուիցերիական «գիւղի» զարգացած, բարգաւաճ վիճակին,- հայ գաւառի, հայկական բնաշխարհի իրական  կացութեան պատկերումն է, իրականութիւն՝ որ իր նախնականութեամբ, թշուառութեամբ կը գերազանցէ ամենէն «իրապաշտ» գիւղագիրներու պատկերումնե՛րն անգամ: Ճիշդ է, Ահարոնեանի գիւղագրական պատկերներն ու պատմուածքները, նաեւ ինքնակենսագրական տիրական երկը բաւական վարժեցուցած էին մեզ այս մութ գոյներուն. բայց «Շւէյցարական գիւղը», հակադրութիւններու արդէն շեշտուած տրամաբանութեան մը մէջէն, աւելի եւս ցայտուն կը դարձնէ թշուառ Գէորգ-Ղեղօներու եւ հողատէր Սաքօներու արդէն առգոյ այդ հակադրութիւնը:

ԵՒ ԱՆՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Երկրորդ շեշտելին՝ «զուիցերիական» այս նամականիի բոլոր էջերուն մէջ արձանագրուած, երիտասարդ մտաւորական գործիչին մօտ վճռական, հրամայական գիտակցութիւնն է, յանձնառութիւնը՝ յեղափոխելու հայրենի տխուր իրականութիւնը: Ձգտումը՝ զայն ներկայ յառաջադէմ ընկերութեան չափանիշներով չափելու, անոնց բարձրութեան հասցնելու:

Այս առաջադրանքը, Ահարոնեանի մօտ, չ՛անցնիր անմիջական-արմատական յեղաշրջումի ընթացքէ մը. ան լրիւ օտար ու հեռու կը մնայ՝ փանջունիական գաղափարաբանութիւններու խառնափնթորութենէ, որուն կը հակէին «յաւելեալ արժէք»ի կրկնաբան ճառախօսները (եւ որ՝ ի վերջոյ՝ յանգեցաւ խորհրդային թերաճ համակարգին, դատապարտուած մնալու թերաճ ու սնանկ՝ յատկապէս գիւղատնտեսութեան մէջ): Ահարոնեանի համար, աշխատանքային յայտագիրը յամառ, հետեւողական բարեփոխումներու, համընդհանուր բարեկարգումի յայտագիր է, որ կ՛ընդգրկէ հայութեան զոյգ թեւերը, յատկապէս ընկերա-տնտեսական եւ մշակութային զարգացման առնչումով ազգային-ազատագրական պայքարի հսկայ ճիգին: Նամականին այս բոլորի բացայայտ ներկայացման վայրը չէ, բայց անոր ամբողջ երկայնքին՝ տողատակի ընթերցումով՝ այդ կրկնակ ձգտումին ընդհանուր գիծերը ընկալելի են դիւրաւ…

ՈՐ՝ ԴԵՌ ԱՆԿԱՏԱՐ՝  ԿԸ ՄՆԱՅ ՈՒԺԻ ՄԷՋ

Ապա, կ՛այցուինք անխուսափելի անդրադարձէն՝ որ այսօր, աւելի քան դար մը ետք, դեռ որքա՛ն նախնական, որքա՛ն անհաւասարութիւններով կաշկանդուած կը մնան հայրենի մեր երկիրը, ընկերա-տնտեսական համակարգը, առաջընթացի մեր ազգային-պետական մեքենան: Որքա՜ն հեռու է մերօրեայ հայ պետականութիւնը դեռ «Շւէյցարական գիւղի» տեսլականէն (Ասիկա ըսուած՝ առանց անգիտանալու ժամանակի թաւալքով առաջացած բոլոր հասկնալի, յաճախ ալ անխուսափելի փոխակերպումներ): Որքա՛ն մեծ թիւ ու համրանք կը կազմեն, շա՜տ բարձրերը բազմած՝ հաւաքական շահի անտարբեր, ապա եւ մակաբոյծ ու պատեհապաշտ անհատներ, նոյնիսկ ամբողջ «զուգահեռ» համակարգ մը, ճանչցող միայն սեփական պարարտացման հրամայականը: Զանգուածներ թշուառացնող, յուսահատութեան մղող. մթագնող հայրենի վաղորդայններու հորիզոնը, արդէն առարկայականօրէն ենթակայ՝ երկրա-քաղաքական մեր դաժան միջավայրի ծանօթ սպառնալիքներուն…:

Անշուշտ որ չեն պակսիր այսօր նաեւ Ահարոնեան-գործիչներ, գաղափարապաշտ ու դրապաշտ միանգամայն, ե՛ւ հայրենի գործի դաշտերուն մէջ, ե՛ւ յանձնառու Սփիւռքի տարածքին: Որոնք հոգեմտաւոր իրենց հայեացքներով լրիւ հաղորդ են այդ տեսլականին, անոր արժէքային համակարգին: Ահարոնեանական այս գիտակցութեան յստակ արձագանգը կը գտնէի, այս յօդուածի առաջին տողերը արդէն գրած, հայրենի մամուլի մէկ հաղորդումին մէջ, ուր տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան՝ գիւղական շրջաններու վերակազմակերպման ընդհանուր ծրագիրի իր մէկ ներկայացման ծիրին մէջ՝ կ՛ընէր այնքան դիպուկ բնորոշումներ. ուղղակի խոստովանելով, նաեւ, թէ՝ իրեն համար Ահարոնեանի այս գործը «սեղանի գիրք» է, եւ թէ՝ ինք իբր ուղեցոյց ունի «Շւէյցարական գիւղի երազանքը»:

*   *   *

Քանի մը նշում ալ՝ գործի ներկայ ֆրանսերէն թարգմանութեան մասին: Թարգմանիչ-խմբագիր զուիցերիահայ Սեւան Յարութիւնեան, իր նախաբանին մէջ, նախքան գործի պատշաճ թափանցումով վերլուծումը կատարելը, կը յայտնէ, որ անոր բնագիրին ծանօթացեր էր աւարտական աշխատանքի մը առթիւ, երբ ուսանողուհի էր Ժընեւի համալսարանը: Եւ առաջին իսկ հանդիպումին՝ տպաւորուեր էր գործի բազմակողմանի շահեկանութենէն: Նաեւ անդրադարձեր՝ թարգմանութեան պարագային անոր խաղալիք կրկնակ դերին. նախ՝ ֆրանսախօս աշխարհին ծանօթացնել նախորդ դարասկիզբի հայութեան յառաջդիմական տարրերու վերածնական հակումներն ու տեսլականը. ապա եւ բերել հարազատ, թանկագին վկայութիւն մը՝ նոյն ժամանակներու զուիցերիական իրականութեան եւ յատկապէս երկրի գաւառական շրջաններու առօրեային ու կացութեան մասին: Տեղեկութիւններու գումար մը, որուն՝ զարգացեալ օտարականի մը կողմէ հրամցուած ըլլալը՝ յաւելեալ առարկայականութեամբ՝ զայն պիտի դարձնէր աւելի եւս շահեկան:

Կարելի է անվերապահօրէն ըսել, որ հետազօտող թարգմանչուհիին այս զոյգ ակնկալութիւնները լրիւ կ՛արդարանան, եւ սահմանուած են իրականանալու անպայման: Չհաշուած դեռ երրորդ նպաստը, այն՝ որ նշեցի սկիզբը.- Թարգմանուած գործի գոյութեան փաստով՝ մղել հայ մշակուած խաւը վերադառնալու Ահարոնեանի վաստակին եւ ճանչնալ կարեւոր, ճառագայթուն այս երկը  –   իր բնագիրով իսկ: Միանգամայն թօթափելով մեր մէջ համաճարակային դարձած ծուլութիւն մը, մերժում մը՝ գնահատելու հոգեմտաւոր արժէքներ, մանաւանդ սեփականները, այնքան կենսական՝ ինքնաճանաչումի համար…:

 


[i] Ահարոնեանի կատարած անտեսումը անգիտացում չէ…: Յարմար պահու եւ կէտի վրայ, ան նաեւ պիտի նշէ դրամատիրական Զուիցերիոյ ընկերա-տնտեսական անհաւասարութիւնները: Բայց ամէն բան՝ իր տեղը եւ իր չափերով. նոյնիսկ բորբոքելու գնով՝ կուսակցական մոլեռանդութենէ բռնուած սոցիալ-դեմոկրատ գործիչներ, որոնք չեն վարանած ուրանալու Ահարոնեանի ու իր որդեգրած գաղափարա-քաղաքական ուղղութեան էական շահագրգռուածութիւնը՝ նաեւ հանդէպ ընկերային դատի եւ ընկերա-տնտեսական խնդիրներու: Մոռնալով, որ այս շահագրգռութիւնը, Ահարոնեանի գաղափարակիցներուն կողմէ, ըստ էութեան շեշտադրուած էր արդէն սկիզբէն (բազմաթիւ այլ փաստաթուղթերու կարգին, տե՛ս նաեւ «Այբ եւ Բեն», Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ռոստոմի միացեալ հեղինակութեամբ, «Դրօշակ», թ. 5, նոյ. 1893): Անգիտութի՞ւն, թէ՞ գիտակցուած ուրացում… : Յամենայն դէպս կեցուածք, որ յամառ աղանդամոլութեամբ կիրարկեր են հակադիր այդ հոսանքի գրիչներ ու գործիչներ – սկսած Շահումեաններէ մինչեւ Մակինցեաններ եւ Վահան Տէրեաններ: Անոնք (ու յատկապէս վերջինը՝ իբր գրագէտ), յաճախ իրենց համար նախասիրած թիրախ ընտրեր են Ահարոնեանը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.