ՀՅԴ եւ Ուիքիլիքսեան բացայայտումներ

 

ՈՒԻՔԻԼԻՔՍԵԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ

 Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործը Հայաստանի մէջ՝ ըստ Ա.Մ.Ն.-ի՝ Երեւանի դեսպանատան 1993-2010 թթ. դիւանագիտական զեկուցումներու

 Մուտք

Աւստրալիացի լրագրող եւ համացանցային ակտիւիստ Ճուլիըն Ասսանժ (Julian Assange) 2006-ին հրապարակեց ՈւիքիԼիքս (WikiԼeaks) կայքէջը՝ նպատակ ունենալով բացահայտել պետութիւններու գաղտնի փաստաթուղթերը: Կայքէջը գործելու սկսաւ յաջորդ երկու տարիներուն https://wikileaks.org հասցէով եւ արձանագրուած որպէս The Sunshine Press-ի սեփականութիւն: Ըստ իր հիմնադրին, որ դեկտեմբեր 7, 2010-ին Շուէտի մէջ ամբաստանուեցաւ բռնաբարումի յանցագործութեամբ եւ մինչեւ օրս ապաստանած է Լոնտոնի Էքուատորի դեսպանատան մէջ որպէս քաղաքական հալածեալ, ՈւիքիԼիքսը հրապարակած է շատ աւելի կառավարական գաղտնի փաստաթուղթեր, քան այն, ինչ տպագրուած է ամբողջ միջազգային մամուլին մէջ:

2010-ի փետրուարէն 2011-ի սեպտեմբեր, ՈւիքիԼիքս հրապարակեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Ա.Մ.Ն.) 274 դեսպանատուներէն, հիւպատոսարաններէն եւ այլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն 1966-ի դեկտեմբերէն 2010-ի փետրուար, Պետական Քարտուղարութեան ստացած զեկոյցները՝ 251287 հեռագիրներ ։ Այս հրապարակումը յորջորջուեցաւ Քէյպըլկէյթ (Cablegate)։ Հայաստանի մէջ Ա.Մ.Ն. դեսպանատան կողմէ ուղարկուած 1735 զեկոյցներ կան հրապարակուած այս հեռագիրներուն մէջ։ Ասոնցմէ մէկը 1993-ին գրուած է, իսկ մնացեալը՝ 2003-ի յունիսէն 2010-ի փետրուար։ Ինչպէս այլ դեսպանատուներէ, այնպէս ալ յիշեալ տարիներուն Երեւանի դեսպանատունէն Պետքարտուղարութեան ստացած բոլոր զեկոյցները չէ, որ հրապարակուած են, այլ միայն անոնք, որոնք ՈւիքիԼիքսի անանուն աղբիւրները կրցած են վերցնել ենթադրաբար Ա.Մ.Ն.-ի Պաշտպանութեան Նախարարութեան գաղտնի համացանցէն։

Ներկայ աշխատութիւնը հիմնուած է ՈւիքիԼիքսի որոշ հրապարակումներու ուսումնասիրութեան՝ վրայ նպատակ ունենալով յայտնաբերել եւ վերլուծել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին Ա.Մ.Ն. Պետական Քարտուղարութեան ստացած զեկուցումներն ու, ի հարկին, գնահատականները: Մեր նախաձեռնութիւնը առայժմ կը սահմանափակուի յայտնաբերուած փաստաթուղթերու ընդհանուր դասաւորման եւ անոնց թելադրանքով ծնած որոշ խորհրդածութիւններով, առանց վերջնական եւ կտրուկ եզրակացութիւններու, եթէ երբեք նման եզրակացութիւններ ընդհանրապէս կարելի է…

Մեր ուշադրութեան կիզակէտին եղած են Ա.Մ.Ն.-ի Երեւանի դեսպանատունէն *Ընդունուեր է տպագրութեանՊետական Քարտուղարութիւն ղրկուած զեկուցումները, որոնք հրապարակուած են ՈւիքիԼիքսի կայքէջին վրայ: Ընդ որում, պէտք չէ բացառել, որ հետագային

կարելի ըլլայ այս ուսումնասիրութիւնը աւելի ընդարձակել եւ նորանոր փաստաթուղթեր

յայտնաբերել: Նման սահմանափակում կը թելադրէ նիւթի առատութիւնը, որուն վերլուծումը եւ դասաւորումը լաւագոյնս կը բանականացուի, երբ կը յստակացուի անոնց անհրաժեշտութիւնը

տուեալ ուսումնասիրութեան մը ոլորտին մէջ: Այսինքն՝ ՈւիքիԼիքսը քաղաքական վերլուծողներուն, գործիչներուն թէ պետական պատասխանատուներուն տրամադրութեան տակ կը դնէ տուեալներ, որոնք իրենց խորհրդապահական կամ գաղտնի բնոյթին պատճառով նախապէս անհասանելի էին: Սակայն քաղաքական վերլուծողը, գործիչը թէ պետական պատասխանատուն ինք պիտի որոշէ, թէ ինչ նպատակի կը ծառայէ տեղեկութիւնը:

Այս աշխատասիրութեամբ մեր հիմնական հետաքրքրութիւնը առաջին հերթին հետազօտական է, այսինքն՝ հաւաքագրել Հ.Յ. Դաշնակցութեան մասին եղած զեկոյցները,

որոնք ի հարկին կրնան հրատարակուիլ առանձին հատորով: Հետեւաբար որպէս մեկնակէտ չենք ունեցած ուսումնասիրութիւնը արեւելող հարցադրումներ:

Պարզապէս նախաձեռնած ենք ՈւիքիԼիքսի մէջ փնտռել կուսակցութեան մասին հրապարակումները եւ դասաւորել զանոնք: Որով եւ յօդուածի եզրակացութիւններու բաժնին մէջ մեր խորհրդածութիւնները արդիւնք են հաւաքագրման եւ դասաւորման աշխատանքին:

Մեր փնտռտուքը կատարած ենք Հ.Յ. Դաշնակցութեան լատինատար dashnaktsutyundashnaktsutiun, dashnak, dashnaks անուանումներու յղումներով ՈւիքիԼիքսի կայքէջին վրայ: Նկատի ունեցած ենք Երեւանի դեսպանատունէն յղուած զեկոյցները, որոնք կա՛մ ուղղակիօրէն կը վերաբերին կուսակցութեան եւ կամ ալ՝ կուսակցութիւնը դիտելով որպէս քաղաքական

ազդակ՝ անոր պատասխանատու դերակատարներուն ելոյթները նշուած են եւ կայքէջին վրայ տեղադրուած են ՈւիքիԼիքսի կողմէ: Մեր հետազօտութիւնը դասաւորած ենք ժամանակագրական կարգով 1993-2010 թուականներու ժամանակահատուածին մէջ: Նշենք, որ ըստ ՈւիքիԼիքսի կայքէջի հաղորդածին՝ այս փաստաթուղթերը հրատարակուելու սկսած են 2011 թուականին, ինչ որ, ինչպէս նշեցինք արդէն, կը յուշէ, որ հաւանաբար չի բացառուի հետագային յաւելեալ փաստաթուղթերու յայտնաբերումը:

Փաստաթուղթերու դասաւորման համար նկատի ունեցած ենք անոնց բնութագրումը՝ Չդասակարգուած (Unclassified)1, Խորհրդապահական (Confidential) եւ Գաղտնի (Secret): Նշենք, որ Չդասակարգուած պիտակով ուղարկուած փաստաթուղթերը յաճախ նշուած են որպէս Զգայուն (Sensitive), ուստի կը թելադրուի ուշադիր ըլլալ անոնց օգտագործման ժամանակ եւ կամ ալ այդ օգտագործումը սահմանափակել բացառաբար կառավարական շրջանակներուն մէջ: Նկատի ունեցած ենք նաեւ այն հարցի ոլորտը, որուն մէջ նշուած է Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը,

ինչպէս, օրինակի համար, պետական գործունէութիւն (գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններ), ընտրութիւններ, ներքաղաքական յարաբերութիւններ, Արցախ, Ջաւախք, հայ-թրքական յարաբերութիւններ եւ այլն: Ոլորտներու ճշդումը, բնականաբար, մեր նախաձեռնութիւնն է, որովհետեւ յաճախ զեկոյցները կը վերաբերին մէկէ աւելի թեմաներու: Մենք նկատի ունեցած ենք այն թեման կամ թեմաները, որոնց մասին կը վերաբերի տուեալ փաստաթուղթին մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութեան ակնարկը: Յաճախ, բնականաբար, զեկոյցները կը վերաբերին մէկէ աւելի թեմաներու եւ ոլորտներու, որոնք նկատի առած ենք ըստ զեկոյցի բովանդակութեան մէջ Հ.Յ.Դ.-ի մասին եղած յղումին: ՈւիքիԼիքսը հրատարակած է նաեւ այլ աղբիւրներէ եւ ժամանակաշրջաններէ վերցուած փաստաթուղթեր, որոնց կարգին՝ Ա.Մ.Ն.-ի Թեքսաս նահանգի Օսթին քաղաքին մէջ 1996-էն ի վեր գրանցուած եւ իր գրասենեակները հաստատած Սթրաթֆորի (Stratfor – Strategic Forecasting, Inc.) սեփական ձեռնարկութեան փաստաթուղթերու

կարեւոր բաժին մը: Սթրաթֆորի աշխատակիցներն են Ա.Մ.Ն.-ի թէ այլ պետութիւններու պետական հետազօտութեան հիմնարկներու մէջ գործած նախկին գործակալներ, որոնք աշխարհաքաղաքական բնոյթի վերլուծումներ կը կատարեն միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու վերաբերեալ: Սթրաթֆորի վերլուծումներու մէկ մասը կը հրապարակուի եւ տրամադրելի է կայքէջին վրայ:

Կարեւոր բաժինը, սակայն, միայն վճարովի յաճախորդներու համար է եւ անոնց կարգին են ե՛ւ պետութիւններ, ներառեալ Ա.Մ.Ն.-ի անվտանգութեան տարբեր սպասարկութիւններ, ե՛ւ բազմազգեան ընկերութիւններ: Սթրաթֆորը հայութեան համար կը կարեւորուի անով, որ իր գլխաւոր վերլուծաբանը՝ Ճորճ Ֆրիտման (George Friedman), քաջածանօթ է նաեւ իր թրքամէտ եւ մասնաւորաբար՝ ազերիամէտ

կեցուածքներով: Չէ վարանած մինչեւ իսկ հրապարակային կերպով յայտարարել, թէ Պաքու իր բազմաթիւ այցելութիւններու ընթացքին փտածութեան (corruption) երեւոյթի չէ հանդիպած… Ճիշդ է, որ շատերու համար այս յայտարարութիւնը բաւարար է, որպէսզի Ֆրիտմանի վերլուծումներուն անկողմնակալութիւնն ու առարկայականութիւնը առնուազն հարցականի տակ դրուի: Սակայն

տրուած ըլլալով Սթրաթֆորի գրաւած դիրքը որպէս տեղեկատուական-վերլուծական ձեռնարկութիւն հայութեան եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին իր հրապարակումներու քննադատական վերլուծումը առանձին նախաձեռնութիւն կրնայ ըլլալ:

Հետեւաբար այս աշխատասիրութենէն դուրս կը մնան նաեւ ՈւիքիԼիքսի հրապարակած սթրաթֆորեան փաստաթուղթերը, որոնց մէջ նշուած է կուսակցութիւնը:

(1) Չդասակարգուած՝ ամերիկեան կառավարական փաստաթուղթերու գաղտնիութեան դասակարգերէն որեւէ մէկուն համաձայն. տեղեկութիւն, որ կարելի է կիսել ուրիշի հետ՝ առանց յատուկ արտօնութեան։

 Խաչիկ Տէր Ղուկասեան,

Կիրոյ Ա. Մանոյեան

Յօդուածը ամբողջութեամբ կարդալ այս յղումով

http://www.horizonweekly.ca/upload_files/files/1472044852.508.pdf

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.