Հրամանատար Ուրֆանեանի եւ իր դիրքի տղոց մասին գեղարուեստական ֆիլմ պիտի նկարահանուի
- (0)
Բեմադրիչ Արշակ Զաքարեանը դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է, որ կը պատրաստուի գեղարուեստական ֆիլմ նկարահանելու ապրիլեան պատերազմին զոհուած հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի եւ իր դիրքին մէջ զոհուած ու կենդանի մնացած զինուորներուն մասին: Ֆիլմի պայմանական վերնագիրն է «116»:
Այս մասին Armtimes.com-ը զրուցեց բեմադրիչին հետ.
– Պարո՛ն Զաքարեան, նկարահանման աշխատանքները մեկնարկուա՞ծ են, մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ՞ք:
– Առայժմ կ’աշխատիմ բնագիրի վրայ, այն ամբողջովին պէտք է հիմնուած ըլլայ ականատեսներու խօսքերու վրայ, որպէսզի շինծու չըլլայ: Այդ դիրքի եօթ տղաներն ալ մեծ հերոսութիւն կատարած են, չորսը զոհուած են, որոնցմէ մէկը (խմբ. Ռոպերթ Ապաճեան) Արցախի հերոսի կոչման արժանացած է, իսկ միւս երեքը այժմ կը ծառայեն: Անոնց եւ հրամանատարներու խօսքերու հիման վրայ պիտի վերականգնենք տեղի ունեցած դէպքերը:
– Կը համագործակցի՞ք Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ:
– Ոչ, չեմ համագործակցած, տակաւին բնագիրի փուլն է, որ վերջնական պատրաստ ըլլալու պարագային կը ներկայացնենք Պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի թոյլտուութիւն ստանանք նկարահանումներու համար, վերջիվերջոյ պաշտպանական դիրքի մասին է խօսքը: Սկիզբը կը մտածէի ընդհանուր պատերազմին մասին ֆիլմ նկարահանել, բայց քանի որ իմ մասնագիտութիւնս են կարճատեւ ֆիլմերը , որոշեցի, որ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ այդ մէկ դիրքին պատմութեան անդրադառնալ: Մօտ կէս ժամ մարտ տեղի ունեցած է, այդ աննկարագրելի հերոսութիւն է, եւ այդ մարտը ամբողջովին պէտք է ներկայացուի:
– Ի վերջոյ գեղարուեստակա՞ն ֆիլմ ըլլալու է:
– Այո՛, գեղարուեստական կարճատեւ ֆիլմ պիտի ըլլայ, ամբողջութեամբ հիմնուած՝ իրական փաստերու վրայ, որեւէ բան պիտի չչափազանցենք:
– Եթէ ամէն ինչ յաջողի, ե՞րբ կը սկսին նկարահանումները:
– Ըստ երեւոյթին, գարնան՝ Ապրիլին:
– Նկարահանումները միայն Մարտակերտի՞ մէջ պիտի ըլլան, թէ՞ հաւանաբար նաեւ հերոսներու ծննդավայրերուն մէջ ալ ըլլան:
– Ըստ երեւոյթին միայն մարտական գործողութիւններուն մասին պիտի ըլլան:
– Բացի Ձեզմէ, ովքե՞ր ներգրաւուած են բնագիրի պատրաստման աշխատանքներուն:
– Հիմա ականատեսներու պատմութիւններուն վրայ կ’աշխատիմ, սկզբունքով առանձինս ներգրաւուած եմ, բայց քանի որ փաստերու վրայ հիմնուած ֆիլմ է, կը դիմեմ ՊՆ-ին՝ նկարահանումներու համար անհրաժեշտ զինամթերքը, օրինակ՝ հրասայլը, ձեռք բերելու համար:
– Ֆինանսաւորման հարցով ի՞նչ կրնաք փոխանցել, ո՞վ պիտի հոգայ նկարահանման ծախսերը:
– Սկզբունքով, իմ ֆիլմերս չեն ֆինանսաւորուիր պետական աջակցութեամբ, բայց դեռ այդ փուլին չեմ հասած, չեմ գիտեր, երբ բնագիրը պատրաստ ըլլայ, կը յստականայ, բայց կրնամ ըսել, որ ունիմ երկրպագուներ, որոնք ֆիլմերս կը ֆինանսաւորեն, ինչպէս եղաւ «Շունչը» կարճատեւ ֆիլմի նկարահանումներուս ժամանակ:
Յիշեցնենք, որ Armtimes.com-ի աղբիւրներուն փոխանցմամբ՝ հրամանատար Ուրֆանեանը Սեպտեմբեր 21-ին ՀՀ անկախութեան տօնին առթիւ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունենալիք պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ, յետմահու պիտի պարգեւատրուի «Ազգային հերոս» բարձրագոյն պարգեւի կոչումով:
Սեդա Ղուկասեան