«Ասպար Արմս» Ընկերութիւնը Զէնք Պիտի Արտադրէ
1265
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ զէնք պիտի արտադրէ: «Ասպար Արմս» ընկերութեան համապատասխան թոյլտուութիւն տրուեցաւ 18 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին: Որոշման նախագիծը ներկայացուցած է ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանը: Ընկերութիւնը 3 տարուան արտօնութիւն ստացաւ՝ քաղաքացիական զէնքի եւ փամփուշտներու արտադրութեան: