Սիմոն Մարտիրոսեան` Արծաթէ Մետալակիր

 

simon-mardirosyan_81616

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան, ի վերջոյ մետալ մը ապահովեց հայրենիքին, երբ տղոց ծանրաբարձութեան մրցումներուն 105 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ երկրորդ` տիրանալով արծաթ մետալին:

Երիտասարդ մարզիկը բաւական պատուախնդիր ելոյթ ունեցաւ` պայքար մղելով իրմէ շատ աւելի զօրաւոր մրցակիցներու դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am:

19 տարեկան Մարտիրոսեան տիրանալով արծաթ մետալին դարձաւ ողիմպիական այս խաղերուն Հայաստանի առաջին մետալակիրը, որուն անհամբեր կը սպասէր ամբողջ հայութիւնը:

Ան նախ բարձրացուց 185 քկ, ապա` 190, որմէ ետք երրորդ փորձին ընթացքին չկրցաւ բարձրացնել 195 քկ եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը:

Ապա ան յաջողեցաւ բարձրացնել 220 քկ, որմէ ետք 227 քկ, բայց ան չկրցաւ բարձրացնել 234 քկ:

Այսպիսով, ան ընդամէնը բարձրացուց 417 քկ:

Ոսկի մետալին տիրացաւ ուզպեք Ռուսլան Նուրուտինով, որ ընդամէնը բարձրացուց 431 քկ  (194 եւ 237) եւ այսպիսով ողիմպիականի նոր մրցանիշ մը հաստատեց:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.