Միհրան Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին, Բայց Պարտուեցաւ Աւարտականին

 

mihran-haroutyounyan_81616

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի 66 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող հայրենի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան ճակատեցաւ ազրպէյճանցի Ռասուլ Չունայեւի դէմ:

Յարութիւնեան առաջին հանգրուանին փայլուն յաղթանակ արձանագրելով 4-0 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը:

Երկրորդին, թէեւ ազրպէյճանցի ըմբիշը հաւասարեցուց արդիւնքը, սակայն երրորդ եւ վճռորոշ հանգրուանին հայրենի ըմբիշը 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով դուրս ձգեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցը եւ հասաւ աւարտականին:

Նշենք, որ Յարութիւնեան քառորդ աւարտականին եւս արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի նախկին ախոյեանը` հարաւային քորէացի Հանսու Ռիուն:

Դժբախտաբար սակայն, Յարութիւնեան չկրցաւ տիրանալ ոսկի մետալին, երբ ճակատեցաւ սերպ Տաւոր Շթեֆանեքի դէմ:

Աւարտական այս ճակատումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով, սակայն յաղթանակը շնորհուեցաւ սերպ ըմբիշին, որովհետեւ ան յաջողած էր արդիւնքը հաւասարեցնել:

Պէտք է ըսել, որ հայրենի ըմբիշը պարտուեցաւ իրաւարարներուն անհասկնալի որոշումին պատճառով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.