Սարոյեանասէրները կը պատրաստուին նշելու գրագէտին ծննդեան 108-ամեակը

 

Աշխարհահռչակ ամերիկահայ գրող Ուիլիամ Սարոյեան ծնած է Գալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքը՝ Արեւմտահայաստանի Պիթլիս քաղաքէն գաղթած ընտանիքի մը մէջ: Հօր մահէն ետք, մանկութեան առաջին տարիները անցուցած է Գալիֆորնիոյ Օքլընտ քաղաքի մանկատան մը մէջ։ Պատանի տարիքին միացած է մօրը Ֆրեզնոյի մէջ եւ աշխատած է հոն որպէս նամակատար։

1933-ին, Պոսթընի «Հայրենիք» թերթին մէջ լոյս կը տենէ իր առաջին պատմուածքը «կոտրուած անիւը», զորս կը ստորագրէ Սիրաք Կորեան գրչանունով։ Ո՛չ ոք կրնար պատկերացնել, որ յաջորդող տարիներուն, Ուիլիըմ Սարոյեան անունը պիտի յիշատակուէր ամերիկեան այնպիսի գրողներու կողքին, ինչպիսիք են Էռնէսթ Հեմինկուէյը, Ճոն Սթէյնպէքը եւ Ուիլիըմ Ֆոլքնըրը: Իր «Կեանքիդ ժամանակը» թատերախաղը 1940-ին արժանացաւ ամերիկեան գրական «Փուլիթզըր» մրցանակին։

Սարոյեանի Կրիֆիթ Ուէյի մէջ գտնուող տունը, համաձայն Ֆրեզնոյի հանրային սեփականութեան վերաբերեալ տուեալներու, ունեցեր է երեք սեփականատէրեր եւ երկու անգամ դրուած է աճուրդի:

Գիտակցելով Սարոյեանի ժառանգութեան կարեւորութեան եւ փափաքելով փրկել անոր բնակարանը ի սպառ ոչնչացումէ եւ մոռացումէ` ներկայիս առանձնատունը գնած է Արթիւր Ջանիբէկեանի հիմնադրած «Intellectual Renaissance Foundation» հիմնադրամը։ Բնակարանը գնելու գլխաւոր նպատակներէն մէկը Սարոյեանի երազանքը իրագրոծելն է՝ զայն տուն-թանգարանի վերածել:

«Intellectual Renaissance Foundation» հիմնադրամը «Saroyan House» նախագիծի շրջանակին մէջ հիմնած է Սարոյեանասէրներու ակումբ, որուն բացումը եւ անդրանիկ  հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ապրիլի 29-ին: Հանդիպման ներկայ էին բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանը, ՀՀ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, գրողին ընկերները, հարազատները եւ սարոյեանասէրները:

Հիմնադրամի ծրագիրները համակարգող Աւագ Սիմոնեանի խօսքով` ներկայ հանգրուանին գրագէտին տունը կը գտնուի անբարեկարգ վիճակի մէջ. «Այս պահուն կը նախապատրաստենք տան նախագիծը: Մտադիր ենք մէկ հատուածը նորոգել այնպէս, ինչպէս եղած է նախապէս»:

Յուլիս 30-ին «Intellectual Renaissance Foundation» հիմնադրամը կազմակերպեց Սարոյեանասէրներու ակումբին երրորդ հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ էին սարոյեանագէտներ, Սփիւռքահայ մամուլի ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր: Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին Սարոյեանի 108-րդ ամեակին նուիրուած Օգոստոս 31-ի տօնակատարութիւնները, որոնք պիտի իրականան «Saroyan’s Birthday» խորագրին ներքոյ:

Սարոյեանասէրներու ակումբը խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի մէջ սարոյեանական գրականութեան միջավայրի ստեղծման եւ մեծանուն գրագէտի աւանդի սերունդէ սերունդ փոխանցման։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.