«Կիւլէնի մօտ իսլամացած հայերուն մասին տուեալներ կան». թուրք ազգայնամոլ
- (0)
CNN Türk-ի եթերով Ֆեթուլլահ Կիւլէնի ունեցած առնչութիւններուն եւ կատարած գործողութիւններուն մասին հարցազրոյց տուած Հիւսէյն Կիւլերճէն նշած է. «Քանի որ Կիւլէնը, 15 տարի է, որ ԱՄՆ կը բնակի, կը կարծեմ, որ ան աջակցութիւն կը ստանայ այնտեղի յետախուզական մարմիններէն: Ան կը կատարէ այն, ինչ որ իրմէ կը պահանջէ ԱՄՆ-ն: Անոր մօտ կը գտնուի Թուրքիոյ բնակչութեան բոլոր մատեանները: Ինքը անձամբ ինծի ցոյց տուած է զանոնք: Նշանաւոր անձերու ներկայացնելով` ըսած է, թէ անոնցմէ ովքեր յոյն են, ովքեր` հայ»:
Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, ծայրայեղ ազգայնական «Եէնի չաղ» պարբերականին մէջ գրած է թուրք ազգայնամոլ Արսլան Պուլութը: Հեղինակը յօդուածին մէջ նաեւ յիշեցուցած է, որ Հրանդ Տինքը սպաննուած էր Սապիհա Կէօքճէնի հայ ըլլալուն մասին ենթադրութիւն ընելուն պատճառով:
Արսլան Պուլութը «Կիւլէնի մօտ գտնուող բնակչութեան մատեանները» վերնագրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ կայացած խորհրդաժողովի մը ժամանակ ելոյթ ունեցած դոկտոր, փրոֆ. Հասան Քիոնիի հետեւեալ խօսքերուն. «Տեղահանութեան ժամանակ իրենց բնակավայրերէն չհեռանալու նպատակով իսլամացած հայեր ալ կան: Սակայն մենք չենք կրնալ գիտնալ, թէ ովքեր են անոնք: Անոնց թիւը 300-400 հազար է: Բացի այդ, կան նաեւ կրօնափոխ հրեաներ եւ կրօնափոխ յոյներ: Դժբախտաբար, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր քաղաքացիներուն անհանգստութիւն չպատճառելու համար չի բացայայտեր զանոնք: Թերեւս, պետութեան ղեկին եւս հայկական ծագումով բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ունինք»:
Ազգայնամոլ հեղինակը նաեւ կը յիշեցնէ Հրանդ Տինքի հետեւեալ խօսքը, զոր ան ըսած էր Հայաստանի մէջ. «Դուք կը խօսիք 1.5 միլիոն զոհերուն մասին: Նոյն ժամանակաշրջանին մօտ 500 հազար հայեր, կրօնափոխ ըլլալով, թուրք դարձած էին: Ինչո՞ւ զանոնք հաշուի չէք առներ»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ բռնի կրօնափոխուած հայերու թեմային պարբերաբար անդրադարձող ազգայնամոլ Արսլան Պուլութը դեռ 2010 թուականին կը շեշտէր, թէ «Թուրքիոյ հիմնական խնդիրը ծպտեալ հայերն են»:
Մելինէ Անումեան
