Փութին, Ռոհանի Եւ Ալիեւ Պաքուի Հանդիպման Աւարտին Հռչակագիր Մը Կը Ստորագրեն

 

0809putin Rouhani Aliyev

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Երկիր».- Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, Պաքուի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքներու ծիրէն ներս, Օգոստոս 8ին հռչակագիր մը ստորագրած են. այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը։

Հռչակագիրին մէջ կողմերը կը շեշտեն, թէ տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւնները էական խոչընդոտ են տարածաշրջանային համագործակցութեան դիմաց, ապա կ՛ընդգծեն անոնց շուտափոյթ կարգաւորման կարեւորութիւնը:

Հռչակագիրին մէջ նաեւ կը նշուի երեք երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումը՝ երեք երկիրներու ղեկավարներուն մակարդակով, առաջին եռակողմ հանդիպումն էր, սակայն Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, թէ նման հանդիպումներ պէտք է յաճախ կայանան, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ երեք երկիրները նմանատիպ խնդիրներ ունին տնտեսական, ապահովական եւ ահաբեկչական ոլորներներուն մէջ։

Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի առաջարկած է Ռուսիա-Իրան-Ատրպէյճան ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կայացնել Իրանի մէջ:

«Նման միջոցառումներ, որոնք կը ձեռնարկուին մեր պետութիւններուն կողմէ, երկխօսութեան շրջանակ կը ստեղծեն՝ ուղղուած նաեւ երեք երկիրներու տարածաշրջանային համագործակցութեան», ըսած է Ռոհանի:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.