Քոնկ Ֆու. Հայկ Գասպարեան` Աշխարհի Ախոյեան, Յաղթելէ Ետք Ազրպէյճանցի Ալլահվերտիեւի

 

haig-kasparyan_72416

Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) շարունակուող Քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութեան երրորդ օրը, Հայաստան տիրացաւ չորս ոսկի մետալի:

Ախոյեաններէն մէկը` 55 քկ դասակարգին մէջ Հայկ Գասպարեան (17-19 տարիքային խումբ), աւարտականին յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Օմար Ալլահվերտիեւի:

Իր արձանագրած այս կարեւոր նուաճումէն ետք Գասպարեան ըսաւ.

«Անկախ մրցակիցին ազգութենէն, միշտ մրցասպարէզ կ՛ելլեմ առաւելագոյն ձեւով կեդրոնացած: Սակայն աւարտական այս ճակատումին, թէեւ չէի թերագնահատեր մրցակիցը, բայց ամէն գնով կ՛ուզէի յաղթանակ արձանագրել: Կը յիշէի Եւրոպայի ախոյեանութեան տեղի ունեցած միջադէպը, որ ինծի շատ աւելի ուժ կու տար:

«Մի՛շտ փափաքելի է, որ ընկերներս եւս, հաւաքականին հետ, միայն ոսկի մետալներու տիրանան: Բայց վերջաւորութեան ասիկա կը կոչուի մարզաշխարհ եւ շատ բան կախուած է նաեւ մարզական յաջողութենէն»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.