Համազգայինի Երիտասարդական Ցանցի Անմոռանալի Հաւաքը՝ Քէպէքի մէջ
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան
«Ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւնը ունեցայ հանդիպելու ստեղծագործ հայերու հետ» գրեց Թորոնթոյէն Լենա Թաշճեան, աւարտին՝ իր տպաւորութիւնները բաժնելով մեզի հետ։ Յիրաւի է, որ ստեղծագործ, եռանդուն երիտասարդներուն եւ հմուտ վարիչներուն մասնակցութիւնը իր որոշիչ դերը ունեցաւ Համազգայինի Երիտասարդական Ցանցի երկրորդ հաւաքին՝ Hamazkayin ArtLinks 2016-ի յաջողութեան մէջ։
Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջանային վարչութիւններուն կազմակերպութեամբ՝ վերոյիշեալ Հաւաքը գերազանցեց բոլորին ակնկալութիւնները, անմոռանալի պահեր ընծայելով ԱՄՆի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերէն, ինչպէս նաեւ Գանատայի Թորոնթօ եւ Մոնրէալ քաղաքներէն ժամանած մշակութասէր երիտասարդներու։
Ժամանում
Օրը՝ Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2016: Երեկոյեան, Թորոնթոյի մասնակցողները հասան
Auberge du Mont-Lanaudière, Saint-Gabriel-de-Brandon վայրը, ուր արդէն ժամանած էին Համազգայինի Գանատայի, ԱՄՆու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանային վարչութիւններուն եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակին գործավարն ու Բագին պարբերաթերթի խմբագիրը։
Բազմասենեակ ու ընդարձակ տան շուրջը պատող ծառ-ծառաստանն ու մեղմ զեփիւռը պատեհ առիթ ստեղծած էին բոլորին, որպէսզի պահ մը դադար առած իրենց աշխատանքէն՝ դուրսը նստին եւ Քէպէքի այս շրջանին բնութիւնը վայելեն, հոգ չէ թէ մժեղն ու մոծակը անխուսափելի այցելութիւններ տային մերթ ընդ մերթ։
Ներսը՝ սեղաններու վրայ, խնամքով պատրաստուած թղթածրարներն ու Հաւաքին յատուկ զգեստները կը սպասեն մասնակցողներուն։ Սենեակներու դասաւորումին գլուխը կ՚անցնինք ու քիչ անց արդէն կը հասնին մնացեալը, խմբակ առ խմբակ մինչեւ կը ժամանէ Սուրբ Յակոբ վարժարանի «օթոպիւս» հանրակառքը, դուրս կու գան ԱՄՆէն ու Մոնրէալէն մասնակցողները ու ապա՝ ճաշի ու խմիչքի սնտուկները։ Սենեակներու դասաւորումէն ետք, կ՚անցնինք երեկոյի պատրաստութեան։ Մեր սիրելի խոհարարը՝ Լեւոն Գաբրիէլեանը յաջորդ առաւօտեան կանուխ ժամերուն պիտի հասնի. մինչ այդ, խոհանոց կը խուժենք ու սառնարանէն դուրս կու գան այդ երեկոյին համար նախատեսուած ճաշերը։ Յանձնախումբ թէ մասնակցող՝ միասնաբար կ՚աշխատին ու ահա սեղաններու շարքը պատրաստ է արդէն ու բոլորը նստած շուրջը՝ կը զրուցեն։
Բարի գալուստի խօսքը կ՚արտասանէ Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ծովիկ Գահվէճեանը, բարի ու շահեկան շաբաթավերջ մաղթելով բոլորին։ Ապա, մասնակցողները մէկ առ մէկ իրենք զիրենք կը ծանօթացնեն։ Քսան երիտասարդներու հիանալի խումբ մը. այլազան փորձառութիւններ, տպաւորիչ նուաճումներ, կամաւոր աշխատանքի լայնատարած ծիր։ Աւարտին, փսփսուք մը ծայր կ՚առնէ. Արեւմտեանի շրջանային վարչութեան ատենապետին՝ Մանուկ Չուխաճեանի ծննդեան տարեդարձն է. խոհանոց կը վազենք, մոմ չկայ բայց փայտիկ մը կարելի է…։ Բարեմաղթութիւններէն ետք, զրոյցները կը շարունակուին մինչեւ ուշ գիշեր ու ի վերջոյ մասնակցողները կը բարձրանան իրենց սենեակները։
Աշխատանոցներու Ա. Օրը
Առաւօտուն, խոհանոցէն ճաշարան ու աստիճաններէն վեր սուրճին հոտը անուշ կը բուրէ. Խոհանոցին մէջ, Լեւոնը իր գոգնոցը հագած լոլիկ կը ջարդէ ու մէկ կողմէ փուռին կը նայի։ Ժամը ութը անց, խմբակ առ խմբակ «բարի լոյս»ները կը սկսին ու շատ չանցած արդէն, աթոռները շարուած են, ներկայացումներու համար տեղադրուած պաստառը պատրաստ է, սակայն համակարգիչը կը յամառի…։ Համացանցի միջոցով կապ հաստատելու հարց ունինք. տղոցմէ ոմանք ձեռք կու տան ու վերջ ի վերջոյ կը յաջողինք։
Հաւաքին ընդհանուր վարիչը՝ ծանօթ մտաւորական դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան բացատրական մը կու տայ Հաւաքի նպատակին եւ անցեալ տարուան փորձառութեան մասին. ապա, ան իր անձնական փորձառութիւնները կը կիսէ ներկաներուն հետ արեւմտահայաստանի իր հետախուզական ճամբորդութիւններէն, մինչ օրս հոն ապրող հայերու իրավիճակէն եւ ընդհանրապէս հայ երիտասարդն ու հայութիւնը յուզող ներկայ հարցերուն վրայ ակնարկ մը նետելով կը շեշտէ կարեւորութիւնը մշակոյթին, ըսելով որ պահելը չէ հարցը, այլ նորարարութեամբ, բաց մտքով եւ պատրաստակամութեամբ նոր ճամբաներ որոնելն ու մշակոյթը դէպի ապագայ առաջնորդելը։ Կարգը կը հասնի «ֆիլմ»ի աշխատանոցի վարիչ՝ Թալին Աւագեանին։ Թալին ֆիլմերու արտադրիչ է։ Մօր կողմէ հնդիկ-ամերիկացիի եւ սեւամորթ-ամերիկացիի խառնուրդ, իսկ հօր կողմէ հայ՝ Թալին կը բացատրէ թէ իր ինքնութիւնը կը կապէ երեք ճնշուած ազգերու հետ, ինչ որ ազդած է կեանքին հանդէպ ունեցած իր հայեացքին եւ ընդհանուր առմամբ իր տեսակէտներուն վրայ։
Ֆիլմի աշխատանոցը ծայր կ՚առնէ պատմութիւն պատմելու արուեստին մասին զրոյցով մը, պատկերներու կարեւորութեան եւ թողած ազդեցութեան, պատկեր մը ներկայացնելու արուեստին մասին, բոլոր այն տուալներուն մասին որոնք միասին կը կազմեն ֆիլմը եւ բոլոր այն դերերուն մասին որոնք մաս կը կազմեն ֆիլմ մը արտադրելու աշխատանքին։ Ապա, մասնակցողները կ՚անցնին աշխատանքի. պարտականութիւնը՝ հինգ պատկերով պատմութիւն պատմելն է։ Ծառաստանին մէջ կը կորսուին խումբ առ խումբ, նկարչական գործիքը իրենց ձեռքը։ Վերադարձին, քանի մը երիտասարդներ կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքին պտուղը ապա Թալին կ՚անդրադառնայ համադրուած աշխատանքը խմբագրելու եւ հրատարակելու կարեւորութեան մասին։
Այնքան հաճելի է Թատրոնի աշխատանոցը. մեղմ կլիմայէն օգտուելով, երիտասարդները դաշտին մէջ կ՚անցընեն յետմիջօրէի այս աշխատանոցը, որուն վարիչն է Գալիֆորնիայէն յատկապէս հրաւիրուած երիտասարդ դերասան եւ բեմադրիչ՝ Վանէ Ասատուրեան։ Վանէ ներկայիս կը վարէ Լոս Անճըլըսի Համազգայինի թատերական միաւորի աշխատանոցները։ Ծնած է Պարսկաստան, վկայուած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի, թատրոնի, ֆիլմի եւ հեռատեսիլի դպրոցէն։ Զանազան մարզանքներու եւ շարժումներու ընդմէջէն, Վանէ կը շեշտէ անձերու միջեւ յարաբերութեան կարերութիւնը, իւրաքանչիւրը իր շրջապատին գոյութիւնը զգալու, շրջապատը ճանչնալու կարեւորութիւնը թատերական աշխարհէն ներս։
Աշխատանոցներու աւարտին, ինքնաշարժերով, ոմանք ոտքով կ՚ուղղուինք դէպի մօտակայ լիճը, ուր կ՚ըլլան լողացողներ, նստարաններուն վրայ՝ արեւին տակ զրուցողներ, կարճ քուն մը քաշողներ, պաղպաղակ ուտողներ…։ Յանկարծ կը տեսնենք, որ երիտասարդներէն ոմանք Մովսէսը բերած են լճափ. սակայն երկար չի տեւեր Մովսէսին այցը. ամպերը կը կուտակուին, ծառերը օրօրուիլ կը սկսին եւ կ՚որոշենք կանուխ վերադառնալ ընթրիքի։ Քիչ անց, կայծակ ու որոտում՝ ելեկտրականութիւնը կ՚երթայ… ։ Մտահոգուող չկայ. Միայն Լեւոնը որ ճաշերուն մասին կը մտածէ, սակայն մեծ մասամբ ամէն ինչ կարգի դրած է արդէն։
Գիշերը, ոմանք դուրսը, ոմանք վերը, ընդարձակ նստասենեակին մէջ, երգելով, պարելով եւ խաղերով կ՚անցընեն մինչեւ առաւօտեան պզտիկ ժամերը։
Աշխատանոցներու Բ. օրը
Շաբաթ առաւօտուն, «սուճուխ»ին կամ երշիկին հոտը «աշխարհք առած է». հաւկիթով «սուճուխ»ը մեծ համբաւ կը ստանայ, թէեւ այլ կերակուրներ ալ կան բուսակեր երիտասարդներուն համար։ Աշխատանոցներուն առաջինը առաջնորդելու կամ ղեկավարելու մասին է։ Վարիչը՝ ամերիկացի Քրիսթի Րէնտըլը, որուն ձայնը միայն եթէ մտիկ ընէինք, պիտի կարծէինք թէ ինք նոր ժամանած է Երեւանէն։ Քրիսթի վեց տարի Հայաստանի մէջ ապրած է, հայերէն սորված է, կ՚երգէ հայերէն…։ Centre for Victims of Tortureի խորհրդատու է տասը երկիրներու մէջ։ Քրիսթի իր փորձառութիւնը կը կիսէ ներկաներուն հետ. կ՚անդրադառնայ մշակոյթի եւ շեկավարելու փոխ յարաբերութեան մասին։ Մշակոյթները առաջնորդներ կը պատրաստեն իրենց մէջ արթնցնելով ստեղծագործելու հրայրքը։ Քրիսթի հետաքրքրական օրինակներ կը բերէ, զանազան երկիրներու, ուր անհատականութիւնը կը գերիշխէ, օրինակ՝ ԱՄՆ, իսկ այլ երկիրներու ուր առաւելաբար բազմապաշտութիւնը կը գերիշխէ։ Իսկ առաջնորդ տարրին կամ ղեկավարին առաջին գործը պիտի ըլլայ նախ շուրջը զննել, կեդրոնանալ, հարցերուն լաւատեղեակ ըլլալ եւ ընդհանուր ռազմավարութեան ծանօթ ըլլալ, ոյժերը քով քովի բերել եւ ներշնչել…. ։ Քրիսթի լուսարձակը կը դարձնէ Հայաստանի վրայ եւ իր փորձառութիւնը կը կիսէ ներկաներուն հետ, որոնք իրենց կարգին կ՚արտայայտուին իրենց փորձառութիւններուն մասին։
Ճաշի դադարին, ոմանք զբաղ են ֆիլմի պատրաստութեամբ. Թալին Աւագեանը տրամադրած է իր գործիքները եւ նկարահանումը, հարցազրոյցները «գլուխնին առած գացած» են….։ Անկասկած, հաւաքուած տեղեկութիւնն ու ձայնագրութիւնը մօտ օրէն պիտի հրապարակուի եւ մենք առիթը պիտի ունենաք վայելելու երիտասարդ մասնակցողներուն ջանքերով պատրաստուած արուեստի գործ մը։
Լիանա Աղաջանեանն է յաջորդ աշխատանոցին վարիչը. նիւթը՝ լրագրութիւնը։ Լիանա լրագրող է, որուն գործերը հրատարակուած են New York Times, LA Times, BBC եւ այլ ականաւոր թերթերու մէջ։ Լիանա կը բաժնէ իր անձնական փորձառութիւնը յայտնելով, որ բնութեամբ ամչկոտ ըլլալուն, լրագրութիւնը իր միջոցը եղած էր մարդոց հետ յարաբերելու։ Ապա անմիջական օրինակներ կը բերէ լրագրութիւններու, յայտնելով որ երբեմն ճշմարտութիւնը ալ աւելի տարօրինակ է քան առասպելը։ Լրագրութիւնը սեւագրութիւնն է պատմութեան։ Մասնակցողներուն նայելով հարցեր կու տայ, թէ ուրկէ՞ կը քաղենք մեր լուրերը, ո՞ր նիւթը կարեւոր է եւ ի՞նչ նիւթեր կան որոնք պէտք է յաւելեալ ուշադրութիւն գրաւեն։ Արտայայտուող կ՚ըլլայ Պոլսոյ մէջ ապրող հայերուն իրավիճակին մասին։ Ապա Լիանա կ՚անդրադառնայ լրագրութեան զանազան երեսներուն, ինչպէս՝ լուրեր, հետախուզական գրութիւն, յօդուածներ եւ այլն։ Մասնակցողները առիթ կ՚ունենան այս Հաւաքը իբր նիւթ ունենալով խմբակ առ խմբակ հակիրճ թղթակցութիւն պատրաստել։
Կէսօրէ ետք կը ժամանեն Սանահին մասնաճիւղի ատենապետ եւ Մոնրէալի Հայ Հորիզոն յայտագրին պատասխանատու՝ Թամար Շահինեան Փօլատեանն ու օգնականը՝ Նարէ Նոխուտեանը։ Լուսանկարներն ու հարցազրոյցները կը շարունակուին, նարէն կը մնայ երկար ու յետոյ մեր բոլորին կը միանան Սանահին մասնաճիւղի վարչութենէն Ռուբէն Սարգիսեանն ու Լիբանանէն ելոյթի համար ժամանած՝ կիթառահար՝ Մկրտիչ Միքայէլեանը։ Ընթրիքը դուրսը սեղանին վրայ շարուած է. շարքով կ՚անցնինք ու ահա, ճաշացուցակը ալ աւելի հարստացած է Մոնրէալի «բութին»ով…։ Քիչ ետք, խարոյկին շուրջ ենք. կրակը կը ճարճատէ, շնորհակալական խօսքեր՝ Լեւոնին ու կը բարձրանանք վեր։ Մկրտիչ Միքայէլեան իր բնատուր տաղանդով, քանի մը երգով ու տեսերիզներով կը ներշնչէ ներկաները։ Ապա, «քայֆ» մըն է որ ծայր կ՚առնէ… ազգային ու ժողովրդական երգերը, շուրջ պարը այնքան խանդավառ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն, որ արդէն շատերու կողմէ կը լսուին «վաղը չերթանք, երանի՜ աւելի մնանք»ները։
Մեկնումի օրն ու վերջին աշխատանոցը
Առաւօտուն, նախաճաշողները կ՚ուշանան. Լեւոնը կազմ ու պատրաստ է, ուտողները տակաւին չեն արթնցած….։ Ժամը ութը անց, Մոնրէալէն կը ժամանէ վերջին աշխատանոցին վարիչը՝ ուսուցիչ եւ գրող Մհեր Գարագաշեանը։ Վերջապէս բոլորը կ՚արթննան ու նախաճաշէն ետք Թամար Տօնապետեան Գուզուեան հակիրճ պատկեր մը կու տայ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին մասին, տեղեկութիւններ եւ կարգ մը լուսանկարներ կը բաժնէ անցեալ հաւաքներէն։ Կը յաջորդեն մասնակցողներէն կլիմայի մասին գրող Լենա Թաշճեանն ու Armenian Environmental Network ի պատասխանատու անդամ Սերտա Օզպէնեանը, որոնք ներկայացում մը կ՚ընեն Thousand Leaf ծրագրին մասին որ հովանաւորուած է Armenian Environmental Network ի կամ Հայաստանի կլիմայի պաշտպանութեան ցանցին եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին կողմէ։
Ապա, ծայր կ՚առնէ դիցաբանութեան նիւթին շուրջ աշխատանոցը, որ վերջին աշխատանոցը պիտի ըլլայ այս Հաւաքին։
Մհեր Գարագաշեան իր խօսքը կը սկսի պարզելով որ թուրքը ոչ միայն մեր կեանքը գողցաւ, այլ նաեւ մեր ինքնութիւնը կ՚ուզէ իւրացնել. այսպիսով ան կ՚ընգծէ մեր մշակոյթը լաւապէս ճանչնալու կարեւորութիւնը։ Պաստառին վրայ զանազան լուսանկարներով եւ փաստագրութիւններով, 7500 տարուայ պատմութիւն ունեցող քարահունչը իբր օրինակ բերելով մէկ առ մէկ կ՚անցնի մեր պատմութեան էջերէն, չաստուածներու գոյութենէն, Արամազդէն ու Աստղիկէն, քանդակներու կամ արուեստի գործերու մէջ արեւի, յաւերժութեան նշանին, նուռի կենաց ծառի ներկայութենէն։ Մհեր կը շարունակէ, դէպի մեծամոր եւ ուխտասար, կ՚անցնի Հայկ Նահապետէն ու մեզի կը յիշեցնէ անգամ մը եւս որ մեր պատմութիւնը կը սկսի նաւասարդէն՝ 11 Օգոստոսին։ Լայն բացատրութիւններ կու տայ վիշապաքարերու մասին, յայտնելով թէ միշտ ջուր եղած տեղը կը գտնենք վիշապաքար։ Կը բացատրէ թէ հինէն ի վեր կապ մը ունեցած ենք արեւին հետ։ Սօսին մեր պաշտամունքային ծառը եղած է. ժամանակին կը հաւատային որ մեռելները ծառերուն մէջ կը բնակէին…։ Ան կը բացատրէ, թէ Արածանիի մէջ (այժմ՝ Մուրատ գետ) Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ չորս միլիոն հոգի մկրտած է։ Այնքան հարուստ է ներկայացումը՝ կարելի է ժամեր եւս մտիկ ընել։ Հարցումներու առիթ կը տրուի։
Նշենք որ իւրաքանչիւր աշխատանոցի աւարտին, վարիչները իբր յուշանուէր կը ստանան լուսանկարիչ՝ Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս ոսպնեակէն» հատորէն մէկական օրինակ։
Փակում
Հաւաքին աւարտին հասած ենք. խօսք կ՚առնեն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքհեան, ընդհանուր վարիչ՝ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, Արեւմտեան շրջանային վարչութենէն՝ Մանուկ Չուխաճեան եւ Գանատայի շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Ծովիկ Գահվէճեան շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակցողներուն, եւ նշելով յանձնախումբի ու վարչական անդամներուն անունները, որոնք ներդրում ունեցան այս Հաւաքին յայտագրի կազմութեան եւ կազմակերպչական աշխատանքին մէջ։
Ժամը կը հասնի խմբային լուսանկարի մը եւս. եռագոյնին շուրջ՝ կազմակերպողները աստիճաններէն վեր, իսկ մասնակցողները վար կը շարուին ու ժպիտները դէմքերուն, կազմ ու պատրաստ՝ հազիւ լուսանկարչական մեքենան պահը պիտի յաւերժացնէ, վերէն կը յորդին ջուրերը մասնակցողներուն վրայ…. այս ձեւով, մեր հնագոյն աւանդոյթներէն մին՝ վարդավառը եւս մաս կը կազմէ մեր Հաւաքին, մեծ անակնկալի բերելով բոլորը որոնք ասդին անդին կը վազեն…։
Բաժանումի պահը դիւրին չըլլար. վերադարձի ու համախմբումի խոստումներով կը բաժնուին բոլորը, իր աւարտին հասցնելով անմոռանալի Հաւաքը, որ Գալիֆորնիայէն ժամանած Ռուբէն Կէտիկեանին բառերով՝ իր ազգային ինքնութիւնը զօրացուց եւ իր մէջ Հայաստանը վերակենդանացուց։