ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԷՆ ԵՏՔ…
Կարօ Արմենեան
Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ Յունիս 30, 2015 թուակիր յօդուածիս հետևեալ հատուածը, որ կը խօսէր Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու վաղորդայնին գոյութիւն ունեցող կացութեան մասին.
«…Այս բոլորէն կը հետեւի մէկ յստակ իրողութիւն: Թուրքիան կը գտնուի քաղաքական մեծ տագնապի մը ոլորտին մէջ: Առայժմ ոչ թէժ՝ բայց նաեւ անգուշակելի եւ մտահոգիչ՝ Արեւմուտքին համար: Թուրքիոյ կայունութեան խախտումը յղի է ծանր հետեւանքներով ամբողջ տարածաշրջանի անկայունութեան վտանգները նկատի առած: Եւ դժբախտաբար տարածաշրջանը շատ հեռու է այսօր թրքական անկայունութեան հետեւանքները կարենալ դիմագրաւելէ: Հետեւաբար անհաւանական չէ, որ Թուրքիոյ վերջին ապաւէնը, որ բանակն է եղած ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերէն սկսած, կրկին վերահաստատէ «վերջին պահու փրկարար»ի իր դերակատարութիւնը… Աւելի՛ն. լիովին հաւանական է, որ Էրտողան ի վերջոյ իր գրաւը դնէ այդ մեծ հաշուարկին վրայ: Այսօր բանակի վերին խաւը Էրտողանի գաղափարակիցներն են այլեւս: Անոնք են, որ կրնան առանց այլեւայլի գիծ քաշել թրքական ճատրակի այս նեղացուցիչ խաղին վրայ եւ կրնան անգամ մը եւս խաղատախտակը շուռ տալ …
Եւ այս մէկը ի վերջոյ կրնայ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի վախճանական շահերուն հետ դաշն նկատուիլ եւ վայելել մեծապետական աշխարհի լուռ աջակցութիւնը:»
(«Դէպի Ու՞ր Կը Դիմէ Թրքական Ճատրակախաղը»
Ասպարէզ, Յունիս 30, 2015)
Այժմ արդէն յստակ է, որ թուրք բանակայիններու կողմէ նախաձեռնուած այսօրուան պետական հարուածը ժամերու ընթացքին յաջողապէս լուծարքի ենթարկուեցաւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու և հետախուզական կառոյցի (MIT) միացեալ ռազմավարութեամբ։ Էրտողան կրկին տէրն է կացութեան և իր վարչակարգը այսպիսով կը թուի վերահաստատած ըլլալ իր ուժի խարիսխը երկրէն ներս։
Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ այնուամենայնիւ ի՞նչ գին պիտի վճարէ թուրք պետութիւնը այս արկածախնդրութեան համար և թէ ի՞նչ են ըլլալու այս բոլորին հետևանքները տարածաշրջանի բարդ խաղատախտակին վրայ։
Գոյութիւն ունի այն վարկածը, որ թերևս այս բոլորը մաս կը կազմէին քաղաքական ճարտար բեմադրութեան մը յղացուած՝ Էրտողանի՛ իսկ կողմէ և ձևաւորուած՝ MIT-ի նկուղներուն մէջ։ Այս առումով, Էրտողանի ելոյթը Պոլսոյ օդակայանին մէջ յատկանշական հաստատում մը կը պարունակէր։ «Այս պետական հարուածը», կ՚ըսէ ան, «Աստուծոյ պարգևն էր»…Որմէ պէտք է, առաջին հերթին, հետևցնել, որ այս գործողութեամբ բացայայտուած է դաւադրութիւն մը իր դերակատարներով, որ, իր կարգին, հրաշալի պատեհութիւն մը կ՚ընծայէ Թուրքիոյ նախագահին մեծաթիւ մաքրագործումներու ձեռնարկելու բանակի շարքերէն և իշխանութեան օրգաններէն ներս։ Կայ սակայն աւելի՛ն։
Բեմադրուած կամ ոչ՝ ձախողութեան մատնուած պետական այս հարուածը կոչուած է նոր կենդանութիւն և նոր աւիւն բերելու Էրտողանի վարչակարգին։ Ան անպայման կ՚ամրապնդէ դաշինքը բանակի հրամանատարութեան և Էրտողանի միջև և նոր համախոհութեամբ կը զինէ իշխանութիւնը երկրի ներքին հակամարտութիւններուն և յատկապէս քրտական պահանջներուն դէմ։ Էրտողան իրողապէս կ՚իրագործէ աւելի կեդրոնացեալ և հուժկու նախագահական իշխանութիւն ձևաւորելու իր նպատակը։ Եւ անշուշտ պետական հարուածի ձախողութիւնը ի վերջոյ պիտի դիտուի որպէս ուժի տպաւորիչ ցուցադրութիւն մը ուղղուած ոչ միայն խորհրդարանական ընդդիմութեան, այլև երկրի արտաքին ուժերուն։ Թէ՛ Արևմուտք և թէ՛ Ռուսաստան յստակօրէն շահագրգռուած են կայուն Թուրքիա մը խրախուսելով մոլորակի աշխարհաքաղաքական այս հանգոյցին վրայ։ Էրտողան այժմ կրնայ ներկայանալ աշխարհին թանկագին այս կայունութիւնը երաշխաւորողի պատուանշաններով ինքզինք անգամ մը ևս պարտադրելով մեծապետական դաշտի բոլոր ուժերուն։ Ան նաև նորզնոր կը վերահաստատէ իր կշիռը Արաբական Աշխարհի և Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ։
Պէտք է նաև հարց տալ, թէ ու՞ր կը յանգի ի վերջոյ Էրտողանի կարողականութիւնը Հիւսիսային Սուրիոյ քրտական ինքնավարութեան, Ասատի և Իսլամական Պետութեան գոյութենական խնդիրները վճռելու մարզին մէջ։ Պետական հարուածը յաղթահարելէ ետք, ինչպիսի՞ յաւակնութիւններով պիտի գործէ Էրտողանի վարչակարգը այս երեք կնճռոտ խնդիրներու հանգուցալուծման մէջ։ Ան պիտի կարողանա՞յ խաղալ իր նէո-քեմալական խաղը Արևմուտքի և Ռուսաստանի միջև։ Պիտի սանձէ՞ իր ծաւալապաշտ ախորժակները Սուրիոյ և Իրաքի մէջ կամ պիտի շարունակէ՞ պարենաւորել Իսլամական Պետութեան ոճրային գործունէութիւնը Սուրիոյ, Իրաքի և Արևմուտքի մէջ։ Եւ վերջապէս ի՞նչ պիտի ըլլան Թուրքիոյ խաղի կանոնները Կովկասի մէջ և յատկապէս Արցախի խնդրի կապակցութեամբ։ Ասոնք այն խնդիրներն են, որոնք անխուսափելիօրէն կը գտնուին գերտէրութիւններու այսօրուան օրակարգին վրայ։
Իսլամական Պետութեան վտանգին դէմ ռուսևամերիկեան համագործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի այսօր աշխարհակարգի անվտանգութիւնը ապահովելու տեսակէտէն։ Էրտողան ի՞նչ պարտաւորութիւններ և ի՞նչ դերակատարութիւն պիտի ստիպուի ստանձնել այս բարդ գործընթացներու բովին մէջ։ Եւ ի՞նչ առաւելութիւններ պիտի փորձէ կորզել մեծապետական ուժերէն այս խաղադաշտին վրայ։ Եւ ինչպիսի՞ ողնայար պիտի կարողանան ցոյց տալ Արևմուտք և Ռուսաստան կարենալ վնասազերծելու համար էրտողանեան մեծ խաղը։
Ուժերու դասաւորումը տարածաշրջանի բեմահարթակին վրայ դիւրաւ չէ, որ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի։ Թուրքիա կրցած է ցարդ «սպրդիլ» տարածաշրջանի վտանգներէն և իր հարցերը դիզել մեծապետութիւններու ուսին և իր մեղքերը թաղել անոնց հակասական շահերու տիղմին մէջ։ Այսօրուան դէպքերը անգամ ևս յստակացուցին, որ Էրտողանի քաղաքական ուժի իսկական խարիսխը երկրի ժողովրդական մեծ զանգուածն է` կրօնի՛ հողին վրայ քաղաքականացած։ Արևմուտք և Ռուսաստան պիտի կրնա՞ն խիզախութեամբ դիմագրաւել Թուրքիոյ ներքին ճակատի այս սպառնալիքը, որ ի վերջոյ Էրտողանի վարչակարգին մեծագոյն զէնքն է իրենց դէմ։
Կարօ Արմենեան
Յուլիս 15, 2016
Ուաշինկթըն