Նիսի ահաբեկչական դէպքին զոհ գացած է Նարինէ Գասպարեան

 

Նիսի ահաբեկչական դէպքին մասին մանրամասնութիւններ ստանալու նպատակով, «Հորիզոն» հեռաձայնային կապ հաստատեց Նիս քաղաքի La Cucina ճաշարանի սեփականատէր Վահիկ Սահակեանի հետ, որ տեղեկացուց, թէ ահաբեկչական արարքին զոհ գացած է Նարինէ Գասպարեան անունով հայաստանցի քաղաքացի հայուհի մը եւ վիրաւորուած է մէկ այլ հայուհի։

Պրն. Սահակեան վերոնշեալ տեղեկութիւնները ճշդած է տեղւոյն ապահովական մարմիններու հետ հաղորդակցելէ ետք եւ տեղեկութիւնները փոխանցած Մարսէյլի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան։

Ան հաստատեց նաեւ, որ սկիզբը թիւրիմացութիւն եղած է, որուն պատճառով լրատուամիջոցներ յայտարարած են երկու զոհի մասին։ Պրն. Սահակեան յայտնեց, որ շուտով Նիսի հայ համայնքը կը համախմբուի Նարինէի հոգեհանգիստը կազմակերպելու համար։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.