Ատրպէյճանական եւ գանատական ընկերութիւններ համատեղ զրահապատ մեքենաներ կ՚արտադրեն

 

14 Յուլիս 2016-ին,  ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ատրպէյճանի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը գնած է «ատրպէյճանագանատական AzCan ընկերութեան զրահամեքենաներ»: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ զրահապատ մեքենաները կ’արտադրէ գանատական Inkas ընկերութիւնը:  AzCan  ընկերութիւնը գանատական ընկերութեան արտադրած զրահամեքենաներու առուծախով զբաղող միջնորդ կազմակերպութիւն է պարզապէս: Այս մասին կը յայտնէ Ռազմինֆօ կայքէջը։

 Վերոնշեալ AzCan Sentry զրահամեքենաները գանատական ընկերութեան արտադրութեան INKAS Sentry APC զրահապատ մեքենաներն են, որ յստակօրէն բացայայտ է լուսանկարներուն մէջ:

 Աւելին՝ AzCan ընկերութիւնը գրանցուած է գանատական Inkas ընկերութեան իրաւաբանական հասցէին: Իսկ որպէս AzCan ընկերութեան տնօրէն ներկայացուող անձը՝ Ռոման Շիմոնովը, Inkas ընկերութեան կայքին մէջ կը նշուի որպէս Inkas-ի առեւտուրի փոխտնօրէն:

 Այս մասին 2016-ի Մայիսին յայտնած էր նաեւ Գանատայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը իր դիմատետրի էջին մէջ: Լուսանկարին մէջ Գանատայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան գործերու հաւատարմատար Ռամիլ Հիւսէյնլի ռազմական արտադրութիւններու CANSEC գանատական ցուցահանդէսիը ընթացքին INKAS ընկերութեան զրահամեքենաներու տաղաւարին մօտ։

AzCan-ի կայքէջին վրայ նշուած է, թէ ընկերութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Թորոնթոյի մէջ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.