Մարքամի քաղաքապետ Սքարփիթի յայտարարեց, թէ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած պուրակը շուտով կ՚իրականանայ
Ձախէն չորրորդը՝ Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի
Յուլիս 9-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի կազմակերպած փառատօնի ընթացքին, Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակող «Յոյսի պուրակ»ի ծառատնկումը պիտի սկսի յառաջիկայ Սեպտեմբերին։ Քաղաքապետը փառատօնին հրաւիրուած էր Օնթարիոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
Նշենք, որ 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, Մեծն Թորոնթոյի շրջանի Մարքըմ քաղաքին մէջ կայացաւ հայկական ցեղասպանութեան յիշատակման պուրակի հողօրհնէքը: Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի Օնթարիոյի կազմի ջանքերուն շնորհիւ, Մարքըմի քաղաքապետութիւնը տրամադրած էր հողաշերտ՝ յառաջացնելու համար յատուկ ձեւաւորումով պուրակ մը, որպէսզի անոր ընդմէջէն փոխանցուի վերապրումի եւ վերընձիւղման խորհուրդը: Համայնքի եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի պուրակը կոչեց «Յոյսի պուրակ»:
«Յոյսի պուրակ»ի հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին, քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի իր ուղերձին մէջ փոխանցեց իր պատգամը՚, նշելով, որ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Մարքամ քաղաքի հայ բնակիչներուն, որոնք 100 ծառ նուիրած են «Յոյսի պուրակ»ին, որպէս խորհրդանիշ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: