Արցախի Մէջ Մեկնարկած Են ՀՅԴ Երիտասարդներու Կազմակերպած Ճամբարները
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Արցախի մէջ արդէն սկսած են Դաշնակցութեան աւանդական դարձած Պատանեկան ճամբարները: Արդէն 6րդ տարին է, որ տարբեր երկիրներէ Արցախ ուղղուած սփիւռքահայ երիտասարդները ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան հետ համատեղ ճամբարներ կը կազմակերպեն Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ:
Այս տարի ճամբարներուն մեկնարկը տրուեցաւ Ասկերան քաղաքէն, ուր շուրջ 140 երեխաներ կ՛անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդը՝ ո՛չ միայն ուրախ ժամանց ապրելով, այլ նաեւ ճամբարին ընթացքին սորվելով շատ կարեւոր բաներ:
14 Յուլիսին Ասկերանի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴի կողմէ իրականացուող պատանեկան ճամբարի հանդիսաւոր բացումը՝ ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Ալեօշա Գաբ-րիէլեանի, Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավարութեան եւ ուսուցիչներու։
Պատանեկան ճամբարը կազմակերպուած է ՀՅԴ Ամերիկայի արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան կողմէ՝ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ գործակցաբար:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ալեօշա Գաբրիէլեան, իսկ Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ կարեւոր նկատելով պատանեկան ճամբարներու կազմակերպման նպատակները, նշած է. «Պատանեկան ճամբարների նպատակն է՝ պատանիներին ազգային դաստիարակութեան մատուցումը, կազմակերպուածութիւն ու կարգապահութիւն սովորեցնելը, Սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ ամուր կապի ստեղծումը: Սրանք հզօր հայրենիք կերտելու գրաւականներ են»: