Նախարար Նարեկ Սարգսեան Կը Խոստանայ Հետեւողական Ըլլալ Արամ Մանուկեանի Տունը Պահպանելու Հարցով

 

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան 13 յուլիսին պատասխանած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի հարցումին, որ կը վերաբերի Արամ Մանուկեանի տունը պահպանել-վերակառուցելու հարցին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:

Նախարարը ըսած է. «Հայաստանի կառավարութեան 7 հոկտեմբեր 2004-ի թիւ 1616 որոշումով, ճարտարապետ Բորիս Մեհրաբեանի նախագիծով Արամի 9 հասցէին վրայ գտնուող, 1910-ին կառուցուած շէնքը, ուր ժամանակին բնակած է քաղաքական եւ հասարակական անուանի գործիչ Արամ Մանուկեանը, ընդգրկուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական ցանկին մէջ` իբրեւ հանրապետական նշանակութեան յուշարձան: Ներկայիս կառոյցը ներառուած է «Հին Երեւան» համալիրի կառուցապատման ներդրումային ծրագիրին մէջ: Ըստ ծրագիրի նախագիծին, նախատեսուած է պահպանել եւ վերակառուցել գոյութիւն ունեցող շինութիւնը, իբրեւ ընդհանուր համալիրի մաս»:

Անոր համաձայն, Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը` իբրեւ 2 դեկտեմբեր 2014-ին «Մալթիքոնթինենթըլ Տիսթրիպիւշըն» ընկերութեան հետ` ի դէմս զուիցերիաբնակ ներդրող Վարդան Սրմաքեշի, «Հին Երեւան» կառուցապատման ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ստորագրող կողմ, հետեւողական պիտի ըլլայ շէնքի պահպանման եւ վերակառուցման գործընթացներուն: Միեւնոյն ատեն նկատի առնելով հասարակական եւ քաղաքական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողմէ բազմիցս ներկայացուած առաջարկները` վերոյիշեալ շէնքին մէջ Արամ Մանուկեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած թանգարանային գօտի ստեղծելու մասին, Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ ծրագիրի իրականացման ընթացքին կառուցապատող ընկերութեան խնդիրը ներկայացնելու եւ իրագործելու հարցին գծով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.