ՖԻՊԱ. Եւրոպայի Աղջկանց 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն (Գ. Դասակարգ). Հայաստան Հանդիսացաւ Ախոյեան Ծանր Պարտութեան Մատնելով Վրաստանը (66-32)
1524
0
Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) երէկ աւարտեցաւ «ՖԻՊԱ-ի Եւրոպայի աղջկանց 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, Հայաստանի հաւաքականին փայլուն յաղթանակով, որ աւարտականի ճակատումին 66-32 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Վրաստանը, հանդիսացաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան:
Մրցումին քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 22-2, 14-8, 14-5 եւ 16-17:
Հայաստանէն տպաւորիչ մրցում մը ունեցաւ Տիանա Ռամազեան, որ նշանակեց 19 կէտ, 6 ռիպաունտ, 2 էսիսթ եւ 6 սթիլ:
Նշենք, որ կիսաւարտականին Հայաստան 59-43 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մալթայի դէմ:
Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան հանդիսանալով, Հայաստան յառաջիկայ տարի ելոյթ պիտի ունենայ Բ. դասակարգին մէջ: