Արամ Ա. կաթողիկոս Ֆրանսային կ’առաջարկէ ազդու դերակատարութիւն ունենալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները յուզող հարցերուն նկատմամբ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Երեքշաբթի, 12  Յուլիս 2016-ի կէսօրին, երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պքէրքէյի Մարոնիթներու Պատրիարքարանին մէջ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։

Արտաքին Գործոց Նախարարը խօսք առնելով շեշտեց Ֆրանսայի ամուր կապուածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ։ Ան յայտնեց, որ ֆրանսան կարելին կը կատարէ նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու համար, նաեւ օգտագործելով շրջանի կարգ մը երկիրներուն հետ իր ունեցած յարաբերութիւնները։ Նախարարը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանէն ներս ապահովական հարց գոյութիւն չունի եւ Լիբանանը կրցած է հեռու մնալ շրջանը յուզող տագնապներէն։ Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներու աւելի ազդու մասնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մարոնիթներու Ռաի Պատրիարքը՝ շեշտելով Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ կապերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ներս նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը։ Ապա, ընդառաջելով Պատրիարքին առաջարկին, խօսք առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Նորին Սրբութիւնը գլխաւոր երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր մտածումներն ու առաջարկները.-

1)  Միջին Արեւելքին նկատմամբ Ֆրանսայի դերը սպասելի է, որ ըլլայ աւելի ազդու եւ անմիջական։ Այսպէս ըլլալու պատճառներ կան։ Արդարեւ, Ֆրանսայի պատմական կապը Միջին Արեւելքի հետ, իր ունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւնները շրջանի երկիրներուն հետ, անոնց ունեցած յատուկ յարգանքը եւ վստահութիւնը Ֆրանսայի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շրջանի տագնապներու գծով Ֆրանսայի ցուցաբերած հաւասարակշռուած մօտեցումները վստահութիւն ու կարելիութիւն կը ստեղծեն Ֆրանսայի համար աւելի լայն ու ազդու դերակատարութիւն ունենալու Միջին Արեւելքէն ներս։

2) Միջին Արեւելքը պատմականօրէն եղած է քրիստոնէութեան կեդրոնը։ Հակառակ այն իրողութեան, որ պատմութեան ընթացքին նուազած է թիւը քրիստոնէութեան, սակայն շրջանէն ներս կը գտնուին քրիստոնէական կարեւոր կեդրոնները, պատմական եկեղեցիներ եւ կարեւոր թիւով քրիստոնեայ համայնքներ։ Սակայն այսօր, շրջանէն ներս քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Արդարեւ, տնտեսական տագնապը, անապահով կացութիւնը, ահաբեկչութիւնը եւ արտագաղթը սկսած են լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Այս կացութիւնը միայն քրիստոնէութեան մտահոգութիւնը չէ, ան նաեւ պէտք է դառնայ արաբական աշխարհի եւ Եւրոպայի մտահոգութիւնը։ Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնէութեան ներկայութեան շատ բան պիտի կորսնցնէ իր որակէն, մշակութային արժէքներէն եւ տնտեսական հզօրութենէն. եւ աւելին, դարերու ընթացքին արմատացած քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան բացակայութիւնը շրջանը պիտի վերածէ ծայրայեղականութեան կեդրոնի. մտահոգիչ երեւոյթ մը, որուն գործնական արտայայտութիւնը արդէն իսկ կ’ապրինք, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն ներս, այլ նաեւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ։ Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ Ֆրանսան իր արտաքին քաղաքականութեան ծիրէն ներս յաճախակի յիշեցումներ կատարէ արաբական եւ արեւմտեան պատասխանատուներուն յիշեալ վտանգի հետեւանքներուն մասին։

3) Ապա, իր երրորդ կէտին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խօսքը կեդրոնացնելով Լիբանանին վրայ՝ ըսաւ. «Երկու գլխաւոր հարցեր կը դիմագրաւէ Լիբանանը այսօր. նախագահական ընտրութիւն եւ ապահովութիւն։ Որոշ շրջանակներ ապահովութիւնը կը նկատեն առաջնահերթ եւ նախագահական ընտրութիւնը՝ երկրորդական։ Նման մօտեցում սխալ է ու վտանգաւոր։ Կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել։ Կարելի չէ նաեւ մէկը միւսով պայմանաւորել։ Ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել երկիր մը առանց նախագահի։ Հետեւաբար, ես ճիշդ չեմ նկատեր նախագահական ընտրութեան ձգձգումը տեսակ-տեսակ արգելքներու ստեղծումով։ Արդարեւ, նախագահի բացակայութիւնը երկրէն ներս կրնայ պետութեան օրինականութիւնը վտանգել, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը հարցականի տակ դնել, քրիստոնէական ներկայութիւնը տկարացնել եւ նոյնիսկ Լիբանանի գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.