ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Գոհունակութեամբ կը հաստատենք թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ եւ 101-րդ տարելիցներուն ոգեկոչումները Քէպէքի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցան հայկական երեք աւանդական կուսակցութիւններէն եւ գաղութիս մէջ գործող բոլոր միութիւններէ եւ հարանուանութեանց ներկայացուցիչներէ կազմուած միացեալ կազմակերպիչ յաձնախումբի մը առաջնորդութեամբ: Սոյն ձեռնարկներուն յաջողութինը ու ներկայացուած միասնական գործակցութիւնը բարձրօրէն գնահատուեցան մեր հանրութեան կողմէ, անգամ մը եւս փաստելով թէ միութիւնը զօրութիւն է:

Քաջալերուած այս յաջողութիւններէն, կազմուած է միացեալ համադրիչ ժողով մը, մասնակցութեամբ  բոլոր կուսակցականներու, միութիւններու եւ հարանուանութեանց ներկայացուցիչներուն, համագաղութային տարողութեամբ նշելու համազգային միջոցառումները մեր գաղութէն ներս: Այս համադրիչ մարմինը պիտի կոչուի «Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Համադրիչ Մարմին» եւ բոլոր  միջոցառումներուն պարագային պիտի կազմէ յատուկ յանձնախումբեր լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու եւ իրագործելու այդ ձեռնարկները:

Միասնականութեան նախընթացը որ ստեղծուեցաւ վերջին շրջանին Գանատայի հայ գաղթօճախի տարածքին եւ որ հետզհետէ յաւելեալ թափով կը ծաւալի, վստահ ենք թէ պիտի արժանանայ մեր ժողովուրդի բարձր գնահատանքին ու քաջալերանքին:

 Հ.Յ.Դ. «Միհրան Փափազեան» Կոմիտէ

Հ.Յ.Դ. «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէ

Ռ.Ա.Կ. «Էօժէն Բաբազեան» Ակումբ

Ս.Դ.Հ.Կ. «Վանիկ» Մասնաճիւղ

Հ.Օ.Մ.-ի «Սօսէ» Մասնաճիւղ

Հ.Օ.Մ.-ի «Շուշի» Մասնաճիւղ

Համազգայինի «Սանահին» Մասնաճիւղ

Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք»

Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալ

Հ.Բ.Ը.Մ. Մոնթրէալ

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն Մոնթրէալ

Պոլսահայ Միութիւն

Հայ Առեւտրական Խորհուրդ

Քէպէքի Հայ Բժշկական Ընկերակցութիւն

Եգիպտահայ Ընկերակցութիւն

Սուրբ Յակոբ Հայց Առաքելական Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի

Սուրբ Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի

Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Սուրբ Խաչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի

Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցի

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.