Պասքեթպոլ. Հայաստան Յաղթեց Անտորրային Եւ Հանդիսացաւ Ախոյեան
Եւրոպայի փոքր երկիրներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին, երէկ Հայաստանի ազգային հաւաքականը յաղթելէ ետք տիտղոսակիր` Անտորրային, հանդիսացաւ ախոյեան:
Հայաստան` Եւրոպայի
Փոքր Երկիրներու Ախոյեան
Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը, երէկ, կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտականին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ հանդիսացաւ ախոյեան:
Գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի կազմը` Հայաստան, աւարտականին 79-71 արդիւնքով յաղթեց գործող ախոյեան` Անտորրային (25-12, 18-21, 21-17 եւ 15-21):
Նշենք, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հայաստան յաղթեց Մոլտովային (83-64), պարտուեցաւ, նոյնինքն` Անտորրայէն (70-63) եւ յաղթեց Կալեսին (92-40):
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականին, հայրենի մարզիկները 74-60 արդիւնքով յաղթեցին Իրլանտային:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը, երէկ յայտնեց ըսելով, որ Հայաստանի հաւաքականին անդամ Անտրէ – Սպայթ Մկրտչեան ճանչցուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկը: