102 տարի առաջ՝ այսօր . Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի Ծանրակշիռ Տեսակցութիւնը Թալէաթի Հետ
Նազարէթ Պէրպէրեան
30 Յունիսի այս օրը, 1914 թուականին, պատմական ծանրակշիռ նշանակութեամբ քաղաքական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն եւ ատենի թրքական պետութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի միջեւ։
Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէին Արշակ Վռամեան ու Արմէն Գարօ։ Տեսակցութեան նախաձեռնած էր Թալէաթ, որպէսզի Իթթիհատի անունով փորձէր տարհամոզել Դաշնակցութիւնը՝ ի նպաստ օսմանեան կառավարութեան հետ գործակցութեան վերահաստատման։
Դաշնակցութիւնը 1909-ի Ատանայի ջարդերէն ետք սկսած էր բուռն քննադատութեան ենթարկել 1908-ի Սահմանադրական յեղաշրջման օրերու իր զինակից Իթթիհատը, աստիճանաբար խզած էր կապերը Իթթիհատի հետ, իսկ 1912ին պաշտօնապէս ընդդիմադիրի դիրք ճշդած էր անոր նկատմամբ։
Իթթիհատ-Դաշնակցութիւն հակադրութեան այդ շրջանին տեղի ունեցած էր 1913-ի Պալքանեան պատերազմը։ Դաշնակցութեան որոշումով՝ Պալքաններու մէջ հայ կամաւորական ուժեր, Անդրանիկի եւ Նժդեհի գլխաւորութեամբ, մասնակցած էին պատերազմին, որ վերջ գտաւ թրքական բանակի խայտառակ պարտութեամբ։
Տեղի ունեցած էր նաեւ, Փետրուար 1914-ին, եւրոպական մեծ տէրութեանց համախոհութիւնը՝ հայկական նահանգներուն մէջ բարեկարգումներ իրագործելու Մայիսեան Ծրագրին շուրջ։ Հայկական նահանգներուն մէջ տեղական լայն ինքնակառավարման դրութիւն հաստատելու առաջադրանքով՝ Եւրոպական մեծ տէրութիւնները համաձայնած էին զոյգ կուսակալութեանց վերածել Արեւմտահայաստանը։ Այդ նպատակով եւրոպացի երկու կառավարիչներ նոյնիսկ ճամբայ ելած էին դէպի Կարին եւ Վան։ Արմէն Գարօ անձամբ նշանակուած էր փոխ-կառավարիչ։
Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներուն հետ Թալէաթի 30 Յունիս 1914-ի պատմական հանդիպումը տեղի ունեցաւ իթթիհատական այլ պարագլուխի մը՝ Թալէաթի մտերիմ ու սերտ գործակից Խալիլ փաշայի տան մէջ։ Արշակ Վռամեան եւ Արմէն Գարօ յանձնարարուած էին Իթթիհատական կառավարութեան փոխանցելու Դաշնակցութեան մօտեցումները ոչ միայն միջազգային կարեւոր զարգացումներուն նկատմամբ, այլ նաեւ արդէն խմորումի մէջ գտնուող հաւանական պատերազմի մը պարագային հայութեան դիրքորոշումին վերաբերեալ։
Իթթիհատը ներկայացնելու բոլոր տուեալները ունէր Թալէաթ, որ ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գործոց նախարարն էր, այլեւ՝ գլխաւոր դէմքն էր Իթթիհատի ղեկավար եռապետութեան։
Իսկ Դաշնակցութեան անունով ներկայացած խօսակիցները նոյնպէս ամբողջական լիազօրութիւն ունէին։ Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան) Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ էր եւ, միաժամանակ, Վանի հայութիւնը ներկայացնող պետական պատգամաւոր էր օսմանեան խորհրդարանին մէջ։ Իսկ Պանք Օթոմանի հերոսական գրաւումէն վերապրած Արմէն Գարոն (Գարեգին Փաստրմաճեան) Կարնոյ հայութիւնը ներկայացնող պետական պատգամաւոր եղած էր մինչեւ 1912, երբ նոյնինքն Թալէաթի սադրանքներով պարտութեան մատնուեցաւ օսմանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, բայց որ 1913-ի Օգոստոսին Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 7-րդ Ընդհանուր Ժողովին ընտրուած էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։
Փաստօրէն տեղի ունեցածը պատասխանատու տեսակցութիւն մըն էր Իթթիհատի եւ Դաշնակցութեան ղեկավար գործիչներուն միջեւ։ Երեք մասնակիցներն ալ անձնապէս քաջածանօթ էին իրարու ոչ միայն մինչեւ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը Իթթիհատի եւ Դաշնակցութեան միջեւ առաջացած գործակցութեան մէջ իրենց պատասխանատու մասնակցութեան բերումով՝ Համիտեան վարչակարգի դէմ մղուած միացեալ պայքարի շրջանէն, այլեւ՝ այնուհետեւ իրենց ունեցած գործակցութեամբ, բախումներով եւ, 1911-ի Իթթիհատ-Դաշնակցութիւն իրողական խզումէն ետք, հակադրութիւններով։
Տեսակցութեան պատմական խորապատկերին վերաբերեալ կարեւոր է նշել, որ 1909-ի Կիլիկիոյ Մեծ Աղէտէն ետք անվերականգնելիօրէն վատթարացան կապերը Իթթիհատի եւ Դաշնակցութեան միջեւ՝ պետական-քաղաքական միեւնոյն դաշտին մէջ գործելու հարկադրանքով հանդերձ։
Այսօր արդէն պատմական բացայայտումները կը հաստատեն, որ Իթթիհատ 1912-ին, Սելանիկի իր գաղտնի ժողովին կայացուցած գեր-գաղտնի որոշումով, վճռած էր պետականօրէն գործադրել հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ահաւոր ոճիրը՝ մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուելու» համար Հայկական Հարցէն։ Այդ հրէշային որոշումին հիմք ծառայեցուեցաւ 1913-ին պայթած Պալքանեան պատերազմին մէջ օսմանեան բանակի անփառունակ պարտութիւնը։ Իթթիհատ իր կրած պարտութեան համար պատասխանատու նկատեց Դաշնակցութիւնն ու հայութիւնը։ Նաեւ՝ այս անգամ արեւելքէն «իր ներքին գաւառներուն» այսպէս կոչուած «սպառնացող վտանգ»ը կանխելու մտադրութեամբ, վճռած էր հայաթափ ընել Արեւմտահայաստանը։
Աւելի ուշ, Իթթիհատ կայացուց Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մէջ մտնելու եւ, ընդհանուր կռուի պայմաններուն մէջ, հայասպանական իր ծրագրին գործադրութիւնը արագացնելու որոշումը։ Մանաւանդ որ Ռուսաստանի ճնշումներով եւ Եւրոպական մեծ տէրութեանց հախոհութեամբ՝ օսմանեան կառավարութիւնը ստիպուած եղած էր ընդունելու հայկական նահանգներուն վարչական ինքնավարութիւն տալու ծրագիրը եւ հաստատելու Հոֆն ու Վեստենենկը իբրեւ կառավարիչներ Արեւմտահայաստան ուղարկելու որոշումը, իսկ Արմէն Գարոյի վստահուած էր փոխ-կառավարիչի պատասխանատուութիւնը։
Հակառակ այս բոլոր զարգացումներուն, թրքական դիւանագիտութեան բնորոշ ամենայն կեղծաւորութեամբ ու շնականութեամբ, Թալէաթ փաշա ամբողջ հանդիպումը փորձեց ծառայեցնել հայ ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը քաղաքականօրէն քնացնելու… խաբելու աճպարարութեան։ Տեսակցութեան ընթացքին Թալէաթ փորձեց ամէն կարգի փաստարկներով տարհամոզել իր խօսակիցները, թէ Դաշնակցութիւնը ինչո՛ւ պէտք է գործակցի Իթթիհատի հետ, Գերմանիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի հռչակման պարագային։ Մինչեւ իսկ խոստացաւ Արեւմտահայաստանի կողքին նաեւ ռուսական տիրապետութենէն ազատագրել Արեւելահայաստանը եւ միացեալ Հայաստանի հողին վրայ լայն ինքնավարութեամբ հայկական կառավարութիւն մը կազմել…
Տեսակցութենէն ամիս մը ետք արդէն, Յուլիս 1914-ին, երբ Դաշնակցութիւնը Կարնոյ մէջ կը գումարէր իր 8-րդ Ընդհանուր Ժողովը, Իթթիհատ պաշտօնապէս իր բանագնացները ուղարկեց Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովին՝ առաջարկելու համար, որ Արեւմտահայաստանի թէ Արեւելահայաստանի մէջ Իթթիհատի կողքին պատերազմի մէջ մտնելու պարագային, անխուսափելի պիտի ըլլար յաղթանակը եւ ապահովուած պիտի ըլլար, իբր թէ, ազատագրուած ամբողջ Հայաստանի ինքնավարութիւնն ու հետագայ անկախութիւնը….
Անշուշտ ե՛ւ Թալէաթի հետ հանդիպման ընթացքին, թէ՛ այնուհետեւ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովին ներկայացած Իթթիհատի բանագնացներու պաշտօնական դիմումին՝ Դաշնակցութիւնը ունէր մէկ ու միակ պատասխան, որ կայացուած էր տակաւին 1911-ի Օգոստոս-Սեպտեմբերին, Պոլսոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 6-րդ Ընդհանուր Ժողովին.-
Մեկնելով 1909-ի Ատանայի Կոտորածին դառնաղէտ դասէն, Դաշնակցութիւնը որոշած էր բոլոր ուժերով լծուիլ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան վերակազմակերպումին, իսկ Կովկասի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ հաւանական պատերազմի պարագային, իւրաքանչիւր շրջանի մէջ մղել հայութիւնը, որպէսզի քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը կատարէ հանդէպ իր ապրած երկրին, միաժամնակ արթուն գտնուելով՝ ազգային ամէն հաւանական վտանգ կանխելու պատրաստութեամբ եւ վճռականութեամբ։
Նման նշանակութեամբ ծանրակշիռ հանդիպումի մը տարեդարձն է այսօր։ 30 Յունիս 1914-ին, թրքական երկերեսայնութիւնը իր պատմական դրսեւորումներէն մէկը ունեցաւ, երբ մեծ ջարդարարը՝ Թալէաթ ի գործ դրաւ Դաշնակցութեան միջոցաւ հայ ժողովուրդը խաբելու եւ կռնակէն դաշունահարելու ալաթուրքա աւանդական վարքագիծը…
Եւ երբ բախեցաւ Դաշնակցութեան վճռական մերժումին՝ ցեղասպան թուրք պետութիւնը ձեռնարկեց քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան գործադրութեան։