Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական եւ Գործադիր վարչութեանց ժողովներուն
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը տեղի ունեցաւ 22-28 Յունիս 2016-ին Թրոնտհայմի մէջ, Նորվեկիա, թեմա ունենալով «Ուխտագնացութիւն՝ Միասնաբար Որոնենք Մեր Գործելադաշտերը» (Pilgrimage: Discerning the Landscapes Together)։ Հայ Եկեղեցին Հայրապետական երկու Աթոռներով իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ժողովին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Եւրոպայի մէջ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Թենի Սիմոնեան։
Բացման օրը ժողովականները լսեցին Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետ Դոկտ. Ակնէս Ապումի պատգամն ու Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուէյթի զեկոյցը։ Ապա, տեղի ունեցան Կեդրոնական Վարչութեան ենթայանձնախումբերու աշխատանքները, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին կողմէ որդեգրուած «Արդարութեան Եւ Խաղաղութեան Ուխտագնացութիւն» թեմայի ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները, արդարութեան, գաղթականութեան, վայրագութիւն յանուն կրօնքի, երեխաներու իրաւունքի, մթնոլորտի փոփոխութեան եւ Խորհուրդի նիւթական ու ծրագիրներուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Յատուկ նիստ մը յատկացուեցաւ Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան եւ անոր ազդեցութեան քրիստոնէութեան ու շրջանի եկեղեցիներուն վրայ։ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները գործօն մասնակցութիւն բերին թէ՛ ենթայանձնախումբերու ժողովներու եւ թէ՛ ընդհանուր նիստերու ընթացքին։
Ժողովական նիստերուն առընթեր տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն եկած ներկայացուցիչներուն հանդիպումները, ինչպէս նաեւ Ուղղափառ եկեղեցական երկու ընտանիքներու ժողովը, որոնց եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները։
Ժողովի վերջընթեր օրը տեղի ունեցան ընտրութիւններ։ Տիկ. Թենի Սիմոնեան ընտրուեցաւ Համաժողովի Կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամ, նկատի ունենալով երկար տարիներու փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս։ Յառաջիկայ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2021 թուականին։
20-21 Յունիս 2016-ին, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան։ Գործադիր Վարչութիւնը քննարկեց Կեդրոնական Վարչութեան ժողովի ընթացքին արծարծուելիք թղթածրարները եւ կարգ մը վարչական ու տնտեսական հարցեր։