Պունտեսթակի ՄԷջ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Քուէարկած Թուրք Պատգամաւորը Հրաժարած Է Թուրքիոյ Քաղաքացիի Կոչումէն

 

Թուրքիոյ Թոքաթ նահանգի Փազար շրջանի ՏԻՄ մարմիններու որոշմամբ Պունտեսթակի ՄԷջ Հայոց ցեղասպանութեան դէմ քուէարկած միակ պատգամաւորին պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոս շնորհուած է, կը գրէ ermenihaber-ը:

Թրքական «Hֆrriyet» թերթի կայքի տեղեկացմամբ` 9 անդամէն բաղկացած Փազարի շրջանային խորհուրդի նիստին որոշում կայացուած է Գերմանիոյ «Քրիստոնէա-Դեմոկրատ միութիւն» կուսակցութիւնը ներկայացնող  թրքական ծագմամբ Պեթթինա Քուտլային Փազարի պատուաւոր քաղաքացի հռչակել :

Յունիս 12-ին Քուտլան, արձագանքելով Փազարի շրջանային խորհուրդի այս որոշման, Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է. «Շատ շնորհակալ եմ պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսին համար: Սակայն, ցաւօք, ստիպուած եմ տեղեկացնել, որ չեմ կրնար ընդունիլ այս տիտղոսը: Աստուած պահպանէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը: Աստուած պահպանէ Գերմանիան»:

Յայտնի  դարձած է նաեւ, որ նոյն նիստին ժամանակ խորհուրդը ծագումով թոքաթցի Ճէմ Օզտեմիրին զրկած է իրենց համերկրացին ըլլալէն: Օզտեմիր Գերմանիոյ «Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահն է եւ Պունտեսթակի մէջ հաստատուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի հեղինակներէն:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 2-ին Գերմանիոյ Պունտեսթակը հաստատեց խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու համատեղ նախապատրաստած բանաձեւը, որ կը ճանչնար եւ կը դատապարտէր Հայոց ցեղասպանութիւնը` ընդունելով նաեւ Գերմանիոյ մեղքը եւ մասնակցութիւնը տեղի ունեցած ողբերգութեան մէջ: Բանաձեւը հաստատուած էր ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ. միայն մէկ պատգամաւոր ձեռնպահ  մնացած էր, եւս մէկը (Պեթթինա Քուտլան) դէմ քուէարկած էր բանաձեւին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.