Ֆրանսայի մէջ հայկական նոր միջնակարգ վարժարան մը կը բացուի

 

Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի խնամակալ մարմինը (AAG) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան դպրոցական վերամուտին՝ Սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարուի Գէորգ Արապեան միջնակարգ վարժարանին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի շրջանակին մէջ:

Այս մէկը 1987-ին, այսինքն շուրջ երեսուն տարի առաջ՝ Մարսիլիոյ Համազգայինի բացումէն ի վեր հայկական միջնակարգ առաջին վարժարանն է, որ պիտի բանայ իր դռները: Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանէն ետք, պիտի հանդիսանայ Փարիզեան շրջանի միջնակարգ երկրորդ վարժարանը: Ան արգասիքն է ընդհանուր ուժականութեան մը, որ սկսաւ 2011-ին, շնորհիւ՝ Սուրբ Մեսրոպ վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտութեան ծնողաց վճռականութեան:

Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը հիմնուած է 1978 Սեպտեմբեր 15-ին, Ալֆորվիլի մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրածներու գաղթէն ի վեր հայկական հոծ համայնք մը կ՚ապրի: 30-ական թուականներուն՝ հայկական եկեղեցւոյ կառուցման օրերէն իսկ, հոն զուգահեռաբար սկսած է հայերէնի միօրեայ դասընթացք, ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ: 70-ականներու կէսերուն հետզհետէ լսելի կը դառնայ ամէնօրեայ վարժարան մը կառուցելու պահանջը, ինչ որ կ՚իրագործուի 1975-էն 1978-ի միջեւ. նախնական շրջանին ան կ՚ըլլայ միայն մանկապարտէզ: Քաղաքապետարանին նեցուկին կու գան միանալ կամաւորներու յօժար աշխատանքն ու հայկական հիմնարկութիւններու եւ բարերարներու ներդրումները: Վարժարանը իր դռները կը բանայ 1979-ի վերամուտին: Այդպէսով, Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը կը դառնայ 1920-ականներէն ի վեր բացուած հայկական առաջին դպրոցը:

Բարերար Գ. Արապեան

2011-էն ի վեր, շնորհիւ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին, հայկական գործընկեր հիմնարկութիւններու, աշակերտաց ծնողներու, նուիրատուներու եւ կամաւորներու, վարժարանը անկիւնադարձ մը կ՚ապրի եւ կը թեւակոխէ յաջորդական հետեւեալ փուլերը.-

2012-2013 – Ֆինանսական վիճակի կարգաւորում եւ հաստատութեան վարչութեան կազմակերպում:

2014 – Սկիզբ՝ նոր շէնքի շինութեան, շնորհիւ Փարիզի եկեղեցւոյ ծուխին կողմէ անհրաժեշտ հողամասին տրամադրման: Շինարարութեան յանձնակատարը՝ ԱՓԳԱՖ-ն է, որուն կը նախագահէ Թեմիս անդրանիկ առաջնորդը Նորվան Արք. Զաքարեան, ունենալով բացառիկ բարերար մը՝ յանձին՝ Գէորգ Արապեանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ նըւիրատուներ:

Յուլիս 2015 – Բացումը կը կատարուի «Գ. Արապեան»-ի շատ գեղեցիկ շէնքին, որ կը գտնուի Սէնի ափերուն (Յակոբեան ճարտ. գրասենեակի նախագծումով): Ներկայ կ՚ըլլան Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետերը, Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, Ֆրանսայի Հայոց առաջնորդ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեան: Վարչապետ Վալս հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ վարժարանը պիտի գործէ Ազգային կրթութեան հետ պայմանագրով:

Յուլիս 2015 – Բարերար Գ. Արապեան կը յայտարարէ, թէ կը փափաքի 1 միլիոն եւրոյի նուիրատւութիւն կատարել, նպատակ ունենալով մանկապարտէզի երախաներուն համար նոր շէնք մը կառուցել: Մանկապարտէզի դասարանները կը գտնուին աւելի քան երեսնամեայ կանխակառուցեալ (préfabriqué) շինութիւններու եւ հին շէնքին մէջ:

Սեպտեմբեր 2015 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու փոխադրութիւնը նոր շէնք:

Մայիս 2016 – Միջնակարգի բացման անհրաժեշտ բոլոր պայմանները կը լրացուին: Ուսանողութեան ապագայի տեսակէտէն՝ կ՚ապահովուի նաեւ մանկավարժական որակի անհրաժեշտ պայմանները՝: Կ՚որոշուի բանալ միջնակարգը:

AAG-ի Նախագահուհի՝ Քարին Լեռեան
Գանձապահ՝ Լօռան Պարսումեան
Քարտուղարուհի՝ Ծովինար Գեւոնեան
Փոխքարտուղար՝ Թիէրի Նոտարեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.