Պատմական Վարագավանքը Աւերակի Կը Վերածուի

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Վանի ամենանշանաւոր պատմական յուշարձաններէն մէկը հանդիսացող Վարագավանքը աւերակի վերածուած է անտեսման պատճառով։ Այս իրողութեան անդրադարձած են վանք այցելած «Մերքիւր Հապեր» լրատուական կայքի լրագրողներ Օզնուր Անուք եւ Եունուս Օրքի, որոնք կը գրեն, թէ վանքը պատմական յուշարձանէ աւելի՝ աւերակ կը յիշեցնէ:

Անոնք, առանց նշելու, թէ վանքը հայկակա՛ն է, կը նշեն, թէ Վարագավանքը կառուցուած է 8-11րդ դարերուն, իսկ վանքին ներկայիս կանգուն մնացած հատուածը կառուցուած է 1003-1021 տարիներուն, Վասպուրականի թագաւոր Սենեքերիմ Յովհաննէսի իշխանութեան օրերուն:

Հեղինակները նաեւ կ՛աւելցնեն, որ 2011ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժին հետեւանքով մեծ վնաս կրած Վարագավանքի վերականգնման եւ վերանորոգման ուղղութեամբ, տակաւին ո՛չ մէկ նախաձեռնութիւն կատարուած է:

Անոնք կը նշեն, թէ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ կատարուող պատարագին մասնակցողներէն ոմանք կ՛այցելեն նաեւ Վարագավանք:

Վարագավանքի համալիրը բաղկացած էր հինգ եկեղեցիներէ. անիկա ունէր ժամատուն, գրադարան եւ զանգակատուն: Անոր ամենահին եկեղեցին Սուրբ Սոֆիան է՝ կառուցուած 8րդ դարուն: Ներկայիս անոր սեփականութեան վկայագիրը կը պատկանի «Հապերթիւրք»ի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին, որ նախապէս յայտարարած էր, թէ նախարարութիւնը եթէ փափաքի, ինք պատրաստ է անմիջապէս յանձնելու վանքը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.