«Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը պէտք է շարունակուի հակառակ առկայ դժուարութեանց». Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Երկուշաբթի, 13 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդունելով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Պետական Երեսփոխան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ՝ Տիար Ժիրայր Րէիսեանը, շեշտեց «Վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող աշխատանքները շարունակելու հրամայականը»։ Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին բարձր գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ երկրէն ներս ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ. «Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու կոչուած հայ հոգեւորականը հաւատքով եւ նուիրումով պէտք է իրագործէ իր առաքելութիւնը՝ մանաւանդ կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ։ Այս գիտակցութեամբ կը կազմաւորուի հայ հոգեւորականը Անթիլիասի մէջ։ Ուրախ եմ, որ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին մեր հոգեւոր հայրերը եւս նոյն նախանձախնդրութեամբ կը ծառայեն մեր ժողովուրդին՝ Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն ներս»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր խոր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր աշխարհական պատասխանատուներուն, որոնք զանազան մարմիններու ճամբով իրենց կարելին կ’ընեն հասնելու մեր ժողովուրդի կարիքներուն։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորաբար ողջունեց մեր ընտանիքներու ապահովութեան հսկող երիտասարդ տղաքը, որոնք ընտանիք ու գործ ձգած մնայուն ներկայութիւն են մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, մի՛շտ պատրաստ հասնելու մեր ընտանիքներու կարիքներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը եւ Երեսփոխան Րէիսեան լայն զեկոյց տուին Նորին Սրբութեան ընդհանրապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան ու յատկապէս մեր գաղութի առնչուած խնդիրներուն մասին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս թելադրեց անոնց, որ այս ուղղութեամբ նաեւ տեղեակ պահեն մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնք կարենան մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ հայութեան թէ՛ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ թէ՛ վերականգնումի գծով տարուած աշխատանքներուն։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց սուրիահայութեան աջակցելու հրամայականը՝ զայն նկատելով համահայկական առաջնահերթութիւն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.