«Հրաշափառ»ի արարողութիւն ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին
10 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։
ՀՄԸՄ-ի «Կամք» մասնաճիւղի փողերախումբն ու սկաուտները ընկերակցեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Սուրէն Արքեպիսկոպոսին, հոգեւորականաց դասուն եւ Ազգային Վարչութեան՝ դէպի եկեղեցւոյ գաւիթ, ուր տեղի ունեցաւ հաց ու աղի աւանդական օրհնութիւն։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերյարգելի Տ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան, Հայ Աւետարանական Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, ինչպէս նաեւ, Գործակից բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն։
Արարողութեան աւարտին, Գերաշնորհ՝ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան նորընտիր Առաջնորդը ներկայացուց հաւատցեալ ժողովուրդին եւ Առաջնորդական Ասան յանձնեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոսին, անոր մաղթելով ծաղկեալ գործունէութիւն Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս։
Թեմիս նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, ժողովուրդին փոխանցած իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Փառք ու գոհութիւն Աստուծոյ որ իմ քայլերս առաջնորդեց դէպի ծառայութիւն։ Շնորհակալութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որուն տնօրինումներով եւ յորդորներով կ՚առաջնորդուինք։ Եղբայրական իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց Թեմիս նախկին Առաջնորդներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, որ իր տկար անձին վստահեցան Առաջնորդի այս պաշտօնը։»
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ յիշեց Հայաստանն ու Արցախը եւ Ազգային բանակը։ Սուրիահայութիւնն ու անոր տարիներու տագնապը։ Կեդրոնացաւ Ազգային, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան վրայ, յիշեց երիտասարդները որոնք ներկան ու ապագան են մեր ազգին եւ տարեցները որոնց օրհնութիւն պէտք է անպակաս ըլլայ։