Նուիրեալ Դաշնակցական ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ

 

Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ նահատակ, Հալէպի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան դաշնակցական ղեկավար Ռաֆֆի Պչաքճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Արարողութիւնը, յանուն Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, գլխաւորեց Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրակեան։ Յուղարկաւորութեան ներկայ էին ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Պատկան Մարմնի, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, նահատակ հայորդիին  ընտանեկան պարագաները, սուրիական բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան նուիրեալ հայ տղաքը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը, արի-արենոյշներն ու հանգուցեալին հարազատներն ու գաղափարակից ընկերները։

Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրակեան լուսարձակի տակ առաւ նահատակ հայորդիին գաղափարական նուիրումը, յանուն հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան իր անձնուրաց կեանքն ու դաշնակցականի ուխտին հաւատարիմ ծառայութիւնը։

Այնուհետեւ «Վէրքերով լի ջան ֆիտայ եմ» երգով նահատակին գաղափարակից ընկերները դագաղը ուսամբարձ եկեղեցիէն դուրս բերին։

Յետ թաղմանական արարողութեան արաբերէնով հանգուցեալին դամբանականը արտասանեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, իսկ հայերէնով՝ Հայկազ Ասատուրեան։

Սուրիական բանակի բարձրաստիճան սպայի մը կողմէ վեր առնուեցաւ նահատակ հայորդիին խիզախ ու տիպար կեանքն ու հաւատարմութիւնը։

Այնուհետեւ ներկաները իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին նահատակ հայորդիին ընտանեկան պարագաներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն։

Կը խոնարհինք  դաշնակցական նուիրեալին վաստակին ու անմեռ յիշատակին ընդառաջ։

Kantsasar

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.