Ինչո՞ւ Թուրքիա չի կրնար տնտեսական պատժամիջոցներով փոխադարձել Գերմանիոյ

 

Horizon Weekly Newspaper

Գերմանիոյ Խորհրդարանի պատմական որոշումին լոյսին տակ Պիրկիւն թերթի տնտեսական թէմաներու խմբագիր Սէմիհ Կիւվէն անդրադարձաւ այն նիւթին թէ ինչո՞ւ Թուրքիա չի կրնար տնտեսական պատժամիջոցներով փոխադարձել Գերմանիոյ այս քայլին։

Այսպէս՝

– Թուրքիոյ մէջ արտածումի նպատակով արտադրուած իւրաքանչիւր 10 ապրանքէն 1-ը նախատեսուած է Գերմանիոյ համար։ 2015-ին Թուրքիայէն ամենէն աւելի դէպի Գերմանիա է որ արտածումներ կատարուած են ¤13 միլիառ 426 միլիոն տոլար¥։ 2016-ի Ապրիլի դրութեամբ այս ցուցանիշը 5.2 տոկոսով աւելցած է։

– 2016-ի առաջին չորս ամիսներու ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին ապրանքաշրջանառութիւնը ընդհանուր առմամբ նուազեցաւ 10 տոկոսով։ Մինչդեռ  Թուրքիայէն դէպի Եւրոմիութիւն արտածումի տարողութիւնը աւելցած է 6.5 տոկոսով, կազմելով 22 միլիառ 402 միլիոն տոլար։ Այսպէս, թուրքիոյ մէջ արտադրուած ապրանքներու 48 տոկոսը կ՛արտածուի դէպի  Եւրոմիութեան երկիրներ։

– Գերմանիոյ վիճակագրական ընկերութեան տուեալներու համաձայն, Թուրքիան Գերմանիայէն ապրանք ներածողներու ցանկին վրայ 14-րդ տեղը կը գրաւէ։

– Դէպի Թուրքիա զբօսաշրջիկ ուղարկող երկիրը կրկին Գերմանիան է։ 2015-ին Գերմանիայէն 5 միլիոն 580 զբօսաշրջիկներ իրենց արձակուրդը անցուցած են Թուրքիոյ մէջ։ 2016-ին այս պատկերը փոփոխութիւն մը չէ կրած։ Միայն 2016-ի Ապրիլին Գերմանիայէն Թուրքիա այցելած է 246 հազար զբօսաշրջիկ, ինչ որ կը կազմէ այս ամսուայ ընթացքին Թուրքիա մուտք գործած զբօսաշրջիկներու ընդհանուր թիւի 14.5 տոկոսը։

– Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ միջեւ կը շարունակուի համագործակցութիւնը ռազմական արդիւնաբերութեան մարզէն ներս։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.