10 ­Յու­նիս 1909. ­Պոլ­սոյ մէջ լոյս տե­սաւ «Ա­զա­տա­մարտ» թեր­թը

 

Horizon Weekly Newspaper

«Ուխ­տած ենք կրա­կով հա­տու­ցա­նել այն պարտ­քը, որ թշնա­մին հա­մայ­նա­տա­րած հրդե­հով ու մո­խի­րով փոխ տո­ւաւ մե­զի: … Ու մենք տեն­դա­հար ձեռ­քե­րով կը վա­ռենք խա­րոյ­կը, մին­չեւ որ ա­նոր բո­սո­րա­գոյն լոյ­սը ճա­ռա­գայ­թէ բո­լոր մութ հո­

գի­նե­րէն ներս, մին­չեւ որ ա­զա­տու­թեան վեր­ջին զո­հին մար­մի­նը ճեն­ճե­րի փրկու­թեան տա­ճա­րին առ­ջեւ։ … ­Դա­րե­րու նա­խա­տինքն ու ա­մօթն է, որ կը հրդե­հենք։

«­Բարձ­րագ­լուխ ու ան­յող­դողդ՝ կանգ­նած ենք մա­հո­ւան դէմ՝ մեր ա­հա­ւոր ցա­ւին հետ, որ մեր փառքն է միան­գա­մայն, եւ հպար­տու­թիւնն ու­նինք պատ­մու­թեանն ա­ւան­դե­լու դիւ­ցազ­նու­թեանց ա­մէ­նէն սխրա­լին, հպար­տու­թիւնն ու­նինք հե­տա­գայ դեռ տա­ռա­պող մարդ­կու­թեան փո­խան­ցե­լու ա­զա­տու­թեան ա­մէ­նէն հզօր սար­սուռ­նե­րը»:

Այս­պի­սի՛ն էր գա­ղա­փա­րա­կան կի­զա­կէ­տը հայ մա­մու­լի ա­մէ­նէն ար­ժա­նա­ւոր յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ­Պոլ­սոյ «Ա­զա­տա­մարտ» թեր­թին, ո­րուն հրա­տա­րա­կու­թեան 107րդ ­տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Յու­նիս 10ի այս օ­րը։
«Ա­զա­տա­մարտ»ի անդ­րա­նիկ թի­ւի խմբագ­րա­կա­նէն չէ մէջ­բե­րո­ւած ան­մահն պատ­գա­մի հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող հրա­պա­րա­կագ­րա­կան այդ դա­ւա­նան­քը։ Այլ՝ առ­նո­ւած է «Ա­զա­տա­մարտ»ի նոյն­քան ար­ժա­նա­ւոր խմբագ­րա­պետ ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի «­Բա­գի­նի փա­ռա­բա­նու­թիւ­նը» գոր­ծէն։

10 ­Յու­նիս 1909ին «Ա­զա­տա­մարտ»ի ա­ռա­ջին թի­ւին հրա­տա­րա­կու­թե­նէն աս­դին 107 տա­րի ան­ցած է։ «Ա­զա­տա­մար­տը ա­ւե­լի քան դար մըն է, որ լոյս չի տես­ներ… ­Բայց որ­քան ալ ժա­մա­նա­կի փո­շին նստի հոս ու հոն պահ­պա­նո­ւած «Ա­զա­տա­մարտ»ի հա­զո­ւա­գիւտ հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն վրայ, հայ մա­մու­լի եւ հայ մտքի, հայ գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի հին թէ նոր մշակ­նե­րը ի վեր­ջոյ «Ա­զա­տա­մարտ»ի ա­ւան­դին կը դի­մեն՝ երբ ծա­րա­ւը կ­՚ու­նե­նան հայ ժո­ղո­վուր­դը ո­գե­ւո­րող մայր աղ­բիւ­րի կե­նա­րար ջու­րի…
Իր ա­ռա­ջին թի­ւե­րէն իսկ, «Ա­զա­տա­մարտ» յոր­դե­ցաւ ու գլեց-ան­ցաւ սոս­կա­կան լրա­գի­րի մը սահ­ման­նե­րը։ Ա­ւե­լի ճշգրիտ՝ ան­մի­ջա­պէս դար­ձաւ ամ­բող­ջա­կան եւ լիար­ժէք ­Հայ ­Թեր­թի յա­ռա­ջա­պահն ու դրօ­շա­կի­րը։

Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը նոր հռչա­կո­ւած էր։ ­Պո­լի­սը ա­րա­գօ­րէն կը վե­րագտ­նէր հայ մտքի եւ ստեղ­ծա­գործ հո­գիի ե­ռուն հա­ւա­քա­վայ­րի իր կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու ա­զա­տու­թիւ­նը։ 1890ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն, ­Հա­մի­տեան գրաքն­նու­թե­նէն, հե­տապն­դում­նե­րէն եւ հա­լա­ծանք­նե­րէն ա­զա­տե­լու հա­մար, ­Պոլ­սէն հե­ռա­ցած հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս վե­րա­դար­ձած էր ու ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին, նո­րո­վի թա­փով, հայ­կա­կան ­Պո­լի­սը վե­րագ­տած էր իր շէն­շող աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

Ան­դին՝ հա­յոց աշ­խար­հին պար­տադ­րո­ւած երկ­փեղկ­ման սահ­մա­նա­գի­ծին միւս կող­մը՝ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, բոր­բո­քած էր ­Ցա­րա­կան յե­տա­դի­մու­թիւ­նը եւ ան­ցած էր հայ ազ­գա­յին ու յե­ղա­փո­խա­կան սե­րուց­քին դէմ հա­կա­յար­ձակ­ման՝ բիրտ հա­րուա­ծի տակ առ­նե­լով ա­րե­ւե­լա­հայ զար­թօն­քի կե­նա­րար օ­ճախ ­Թիֆ­լի­սը։

Եւ ե­թէ 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան սուլ­թա­նա­կան ճնշում­նե­րէն խոյս տո­ւած ա­րեւմ­տա­հայ միտ­քը իր առ­ջեւ բաց գտած էր հայ­կա­կան ­Թիֆ­լի­սը, ժա­մա­նա­կի դառն ու հեգ­նա­կան խա­ղով, 1908էն սկսեալ, հայ­կա­կան ­Պո­լի­սը ի՛նք այս ան­գամ լայն աս­պա­րէզ կը բա­նար ցա­րա­կան հա­շո­ւե­յար­դա­րէն խոյս տո­ւող ա­րե­ւե­լա­հայ մտքին առ­ջեւ։

Թիֆ­լի­սը, 1905ի ­Ռու­սա­կան Ա­ռա­ջին ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­ջա­ցու­ցած ա­զա­տու­թեանց ա­լի­քէն օգ­տո­ւե­լով, ա­րա­գօ­րէն իր վրայ կեդ­րո­նա­ցու­ցած էր հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պա­քա­րի բո­վին մէջ հա­սակ նե­տած եւ թրծո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը։ 1906ին, Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, լոյս տե­սաւ «­Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թը, որ ան­մի­ջա­պէս իր շուրջ հա­մախմ­բեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի կամ թիֆ­լի­սեան ան­կու­սակ­ցա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն

հռչա­կի տի­րա­ցած հե­ղի­նա­կա­ւոր գրող­նե­րը.¬ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան, Ե­ղի­շէ ­Թոփ­չեան, ­Գա­րե­գին ­Խա­ժակ, ­Յո­նան ­Դաւ­թեան, ­Լի­պա­րիտ ­Նա­զա­րեանց, ­Յով­հան­նէս Եու­սու­ֆեան, ­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեան, ­Լէօ, ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան եւ ու­րիշ­ներ։ «­Յա­ռաջ» իր հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ան­խա­փան շա­րու­նա­կեց մին­չեւ 1909ի ցա­րա­կան հա­լա­ծան­քը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ։ Իսկ այ­նու­հե­տեւ, «­Հո­րի­զոն» ա­նո­ւա­նա­փո­խո­ւե­լով, ան­կու­սակ­ցա­կան թեր­թի պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կով՝ շա­րու­նա­կեց իր հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը մին­չեւ 1918։

Ա­րեւմ­տա­հայ ճա­կա­տին վրայ եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին խստա­ցող գրաքն­նու­թեան անշն­չե­լի մթնո­լոր­տին մէջ, ­Վա­նէն մին­չեւ Տ­րա­պի­զոն եւ Իզ­մի­րէն մին­չեւ Սո­ֆիա ու ­Պալ­քան­ներ, դաշ­նակ­ցա­կան տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու եւ գոր­ծիչ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կեան­քի կո­չո­ւած էին բա­զում թեր­թեր, ո­րոնք սա­կայն սահ­մա­նա­փակ տա­րա­ծում եւ հա­սո­ղու­թիւն ու­նէին, դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան ազ­դու ներ­գոր­ծու­թիւն ու­նե­նա­լով հան­դերձ։

Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու այդ խո­րա­պատ­կե­րին մէջ կը տե­ղա­ւո­րո­ւի ծնուն­դը «Ա­զա­տա­մարտ»ին։
Ա­նոր հրա­տա­րա­կու­թեան ձեռ­նար­կե­լու ո­րո­շու­մը տո­ւաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­րեւմ­տեան ­Բիւ­րոն։ 10 ­Յու­նիս 1909ին լոյս տե­սաւ «Ա­զատ­ամարտ»ի ա­ռա­ջին հա­մա­րը եւ ան­մի­ջա­պէս ոչ միայն շար­ժեց ըն­թեր­ցող լայն շրջա­նակ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ դար­ձաւ ժա­մադ­րա­վայ­րը ա­տե­նի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան դէմ­քե­րուն։

Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ի ար­տօ­նա­տէր-խմբագ­րա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Խմ­բագ­րա­կան մարմ­նին մաս կազ­մե­ցին ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան, Է. Ակ­նու­նի (­Խա­չա­տուր Մա­լու­մեան), ­Յա­կոբ Ճ. ­Սի­րու­նի (­Ճօ­լօ­լեան), Ար­շակ Վ­ռա­մեան (Օն­նիկ ­Դեր­ձա­կեան), ­Յա­րու­թիւն ­Շահ­րի­կեան (Ա­տոմ), ­Գե­ղամ ­Բար­սե­ղեան, ­Համ­բար­ձում ­Համ­բար­ձու­մեան, ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան, ­Ներ­սէս ­Փա­փա­զեան, ­Լի­պա­րիտ ­Նա­զա­րեանց (­Լեռ­նեան), ­Լե­ւոն Ա­ղա­պա­պեան, ­Լե­ւոն ­Մո­զեան եւ ու­րիշ­ներ։ ­Շատ ա­ւե­լի ընդգր­կուն ե­ղաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ի մնա­յուն աշ­խա­տա­կից­նե­րուն շրջա­նա­կը, ո­րոնց շար­քին ի­րենց կա­րե­ւոր տե­ղը ու­նե­ցան ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի եւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի, ­Սիա­ման­թո­յի ու ­Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի, ­Գա­րե­գին ­Խա­ժա­կի եւ ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի, Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի եւ ­Կոս­տան ­Զա­րեա­նի, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի եւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, ­Լե­ւոն ­Շան­թի եւ ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեա­նի, Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի եւ Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ վա­ւե­րա­կան ու մե­ծա­նուն դէմ­քեր։

Ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ մտքի ու գրչի այդ ա­տե­նի հսկա­նե­րուն, փաս­տօ­րէն, միեւ­նոյն թեր­թի է­ջե­րուն միա­ւո­րեց դաշ­նակ­ցա­կան ո­գին՝ ոչ միայն իբ­րեւ սոսկ կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նե­լու­թիւն, այ­լեւ՝ իբ­րեւ հայ մտքի եւ հո­գիի ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ թռիչ­քին թափ տա­լու յանձ­նա­ռու­թիւն եւ անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րում։
Թէեւ հա­զիւ վեց տա­րի ապ­րե­ցաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ը եւ փա­կո­ւե­ցաւ 24 Ապ­րիլ 1915ին, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նոր հրա­տա­րա­կու­թեան կար­ճա­տեւ շրջանն իսկ բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի «Ա­զա­տա­մարտ»ը նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նայ ընդ­հան­րա­պէս հայ մա­մու­լին եւ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան պաշ­տօ­նա­թեր­թե­րու ար­դէն բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քին առ­ջեւ։

«Ա­զա­տա­մարտ» շու­տով դար­ձաւ իր ժա­մա­նա­կի ա­մէ­նէն տա­րա­ծուն օ­րա­թեր­թը՝ մին­չեւ 12 հա­զար տպա­քա­նա­կի ար­ժա­նա­նա­լով։ Ե­ղաւ ա­րեւմ­տա­հայ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան լե­զո­ւի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշակ­ման ա­խո­յեա­նը։ Ս­տեղ­ծեց ար­ժա­նա­հա­ւատ լրա­տո­ւու­թեան, թղթակ­ցու­թեան եւ ի­րա­զեկ­ման կեն­սու­նակ ոճ։ Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նոր­դող խօս­քի դրօ­շա­կիր դար­ձաւ ու գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու ան­կա­շառ պաշտ­պա­նու­թեան, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան ու պա­տաս­խա­նա­տու քննա­դա­տու­թեան ա­ւան­դոյթ մշա­կեց։ Ըն­դա­ռա­ջեց հայ ըն­թեր­ցո­ղի բազ­մա­կող­մա­նի հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն՝ ա­նոնց բա­ւա­րար­ման կող­քին նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լա­լով, որ բարձ­րաց­նէ մի­ջին ըն­թեր­ցո­ղին լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճա­շա­կին մա­կար­դա­կը։

«Ա­զա­տա­մարտ» ու­ղի հար­թեց նաեւ իր յա­ւե­լո­ւած­նե­րով, ո­րոնք յատ­կա­պէս գրա­կան-մշա­կու­թա­յին մար­զե­րու մէջ ի­րենց խրա­խու­սած նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ ­Պոլ­սոյ հայ ի­րա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րէն շատ ան­դին ան­ցան եւ թափ տո­ւին ­Հայ Մտ­քի հա­մընդ­հա­նուր թռիչ­քին ու ճա­ռա­գայ­թու­մին։ Այդ­պի­սի՛ն ե­ղաւ յատ­կա­պէս գրա­կան յա­ւե­լո­ւա­ծը, որ նաեւ իբ­րեւ ա­ռանձ­նա­տիպ լոյս տե­սաւ «­Բա­գին» ա­նու­նով եւ իր 73 հա­մար­նե­րով՝ կազ­մեց «Ա­զա­տա­մար­տի սե­րունդ»ին փառ­քի դափ­նեպ­սա­կը ­Թէեւ թրքա­կան

իշ­խա­նու­թեանց ձեռ­նար­կած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեծ ո­ճի­րին ա­ռա­ջին զո­հե­րէն ե­ղաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ը, ո­րուն հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը խա­փա­նո­ւե­ցաւ 24 Ապ­րիլ 1915ին, բայց Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք, 1918ին, ան վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ նախ «Ար­դա­րա­մարտ», ա­պա՝ «Ա­րիա­մարտ» եւ հուսկ «­Ճա­կա­տա­մարտ» ա­նուն­նե­րով, թրքա­կան գրաքն­նու­թեան կաշ­կան­դում­նե­րէն խու­սա­փե­լով, մին­չեւ որ ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս ար­գի­լե­ցին ա­նոր հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։

107 տա­րի ան­ցած է «Ա­զա­տա­մարտ»ի ծնուն­դէն աս­դին, բայց ոչ միայն ա­նոր ժա­ռան­գորդ դաշ­նակ­ցա­կան թեր­թե­րու ըն­տա­նի­քին, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս հայ մտքի եւ գրչի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան բե­մե­րուն հա­մար, կո­չու­մի եւ ա­ռա­քե­լու­թեան ո­գեշն­չող անս­պառ աղ­բիւր կը հան­դի­սա­նայ «Ա­զա­տա­մարտ»ի Ա­ւան­դը։

Ն.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.