Պասքըն Օրանի Հերթական Ճամարտակութիւնը

 

Պասքըն Օրան այն ակադեմական դէմքն է Թուրքիոյ մէջ, որ քանի մը տարի առաջ հրապարակ դրաւ համացանցային ստորագրահաւաք մը «Apology» («Ներողութիւն») անուան տակ, եւ որուն միացան մեծ թիւով թուրքեր, թողնելով այն թիւր տպաւորութիւնը, որ յանկարծ մենք գործ ունէինք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում տուող զանգուածային շարժման մը հետ: Իրականութեան մէջ, «ներողութիւն» հայցող այդ շարադրանքին մէջ ոչինչ կ՛ըսուէր Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան մասին: Յետագային պարզուեցաւ (Օրանի անուղղակի մէկ խոստովանութեամբ), որ Օրանի եւ իր գործակիցներուն կողմէ նախաձեռնուած այս քայլը էապէս կը ծառայէր ամերիկեան քոնկրեսը ապակողմնորոշելու Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի կապակցութեամբ…

Այս անգամ եւս, Օրան կը խօսի Թուրքիոյ կաշին փրկելու բացայայտ եւ միակ դիտաւորութեամբ. այսինքն՝ առանց դոյզն չափով իսկ ճանաչում տալու Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրին: Անոր նպատակն է Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութիւնը տանիլ մէկ նոր դաշտ՝ մեղքը վերագրելով երիտթրքական կառավարութեան եւ Թուրքիան ազատելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական պատասխանատուութենէն:

Ասիկա նոյնինքն Թաներ Աքչամի առաջարկած ախտաւոր դեղահատն է: Ատենէ մը ի վեր այս թմրեցուցիչ դեղահատն է, որ կ՛առաջարկուի հայ ժողովուրդին: Ձաղկե՛լ երիտթուրքերը եւ հետեւաբար անպարտ արձակել թուրք պետութիւնն ու թուրք ժողովուրդը: Այս սուտն է, որ սկսած է ողողելու հրապարակը եւ այս սուտն է, որ պէտք չէ խաբէ մեզ: Պէտք չէ խաբեն մանաւանդ «հայերու ունեցուածքը վերադարձնելու» փուճ զեղումները:

Զգաստանա՛նք, սիրելիներ: Ուրացումի քաղաքականութեան ապագայ դաշտն է ասիկա: Մեր ազգային կառոյցներն ու մեր մամուլը պէտք է գիտնան ցորենը զատել որոմէն եւ չդառնան իրենց իսկ բարեմտութեան զոհը՝ զոհելով նաեւ մեր ազգային իրաւունքները:

Կարօ Արմենեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.