Գանատայի խորհրդարանի անդամ Պրայըն Մէյ հանդիպեցաւ Գէմպրիճի հայութեան հետ
Յունիս 3-ին, Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով Գանատայի դաշնակցային երեսփոխան Պրայըն Մէյ այցելեց Գէմպրիճի հայ կեդրոն եւ զեկուցեց անցնող Ապրիլին Երեւանի մէջ կայացած Մեծ Եղեռնի 101-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններուն մասին։ Զեկուցահաւաքին ներկայ էր նաեւ շրջանի հովիւ Տէր Վարդան վրդ. Թաշճեան:
Օրուան հանդիսավարը Սարօ Սարմազեան ներկայացուց զեկուցաբերը, որ գլխաւորած էր գանատական պատգամաւորութիւնը Ապրիլի երեւանեան ոգեկոչուման ընթացքին։
Պրայըն Մէյ լուսանկարներով ցոյց տուաւ իր հանդիպումները տեղական քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ այլ հիւրերու, որոնց մէջ ըլլալով Մոսկուայի մօտ անատական դեսպանը եւ այլ միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններ: Ան նշեց, որ խօսք առած է ոգեկոչումի գլխաւոր ձեռնարկին եւ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ։ Այս առիթով հանդիպումներ ալ ունեցած է գանատացի գործարարներու հետ, որոնք նիւթական ներդրումներ կատարած են Հայաստանի մէջ։
Կ. Հանէշեան