Ատրպէյճանցիները Հայերէնով Ապատեղեկատուութիւն Տարածող Կայք Բացած Են

 

Տեղեկատուական արհեստագիտութեան անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան յայտարարած է, որ համացանցին վրայ ստեղծուած է ատրպէյճանական նոր կայք մը՝ հայերէնով։

«Յարգելի հայրենակիցներ: Ցանցում յայտնուել է նոր ադրբեջանական հայալեզու կայք hayatsk.info ՍԱ ԱԴՐԲԵՋԱՆԱԿԱՆ է», զգուշացուցած է փորձագէտը։

Կայքէջը ունի հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն եւ ռուսերէն բաժիններ։

Հայերէն լեզուով այլ ատրպէյճանական կայքէջեր տարիներէ ի վեր կը գործեն համացանցի վրայ։ Ատրպէյճանական քարոզչամեքենան զանոնք աշխոյժ կերպով կ՛օգտագործէր յատկապէս քառօրեայ պատերազմի օրերուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.