Եկած Է Ժամանակը Գօտիները Սեղմելու… Բայց Որո՞նց Մէջքին

 

ՀՀ Վարչապետի Մայիս 12ի աննախընթաց ելոյթը, ուղղուած՝ կառավարութեան անդամներուն, պարտադիր կը դարձնէ, որ իր կողմէ արծարծուած խնդիրները դրուին համակողմանի քննարկման և առաջին հերթին՝ հարց տրուի, թէ իսկապէս ի՞նչ բովանդակութիւն պէտք է տալ «գօտիները սեղմելու» այս փոխաբերութեան եւ ո՞ր տեսադաշտի տուեալներով։ Նաեւ հարց տալ՝ թէ արդեօ՞ք պր. վարչապետի գլխաւորած ներկայ կառավարութիւնը այսօր ունի անհրաժեշտ ուժականութիւններն ու քաղաքական կամքը առաջադրուած խնդիրներուն լուծում բերելու։

Պր. վարչապետը ի յառաջագունէ կը դնէ երեք հարցում ՝ (ա) Արդեօ՞ք երկիրը զարգացման ընթացքի մէջ կը գտնուի, (բ) Արդեօ՞ք պետութիւնը կը պայքարի չարաշահութեանց (կոռուպցիա) դէմ եւ վերջապէս (գ) Արդեօ՞ք ունինք մարտունակ բանակ։ Իր պատասխանն է ՝ Այո՛։ Անմիջապէս սակայն աւելցնելով՝ որ արդիւնքը բաւարար չէ։ Պարզ խօսքով, քսանհինգամեակի մեր վիճակացոյցը դեռ շատ հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ, հետեւաբար սուր կարիքը կայ հսկայաքայլ մէկ ոստիւնի. սովորականին չափանիշները գլող-անցնող անյետաձգելի տեղաշարժի՛ մը՝ որուն շնորհիւ ազգը կարողանայ ինքզինք գտնել եւ կարողանայ յաջողապէս դիմագրաւել ներկայ պատերազմով ակնբախ դարձած եւ երկրի ապագային սպառնացող մարտահրաւէրները։

Իմ նպատակս չէ քննել, թէ ի՞նչ միջոցներու ապաւինելով է, որ պր. վարչապետը կ՚ուզէ ձեռնարկել վերաշխուժացման այս մեծածաւալ գործին։ Յառաջիկայ ամիսները ցոյց պիտի տան, թէ միջոցներու ինչպիսի՞ զօրաշարժ մը ասպարէզ պիտի բերուի ակնկալուած արդիւնքին հասնելու համար։ Իմ նպատակս է առանձնացնել երկու համակարգային պալարներ, որոնք իրենց ախտագին (malignant) բնոյթով կը վտանգեն կենսագործունէութիւնը մեր պէտականութեան բոլոր էական ոլորտներուն իրենց աւերը տարածելով մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքէն ներս եւ շարունակաբար աղաւաղելով մեր հասարակութեան բարքերն ու արժէքային համակարգը։ Այդ պալարները կը կոչուին ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆ (կոռուպցիա) եւ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ եւ որոնք նոյն հասարակական ախտին երկու փոխ-սնուցիչ դրսևորումներն են։

Արդարութեան սիրոյն, պէտք է շեշտել, որ պր. վարչապետը իր ելոյթի վերջին բաժնին մէջ հանգամանօրէն կ՚անդրադառնայ այս երկու երեպոյթներուն։ Եւ գործնական մարդու իր դիրքերէն կը փորձէ արագ լուծումներ թելադրել գործի մղելով կառավարութեան անդամները։ Բայց նաև մղելով հանրութիւնը հարց տալու՝ թէ ինչու՞ իշխանութիւնը ցարդ չէ դիմած վիրաբուժական այս գործողութեան։ Ինչու՞ ձգձգուած է այս գործողութիւնը։ Ինչու՞ սպասած ենք պատերազմի ահազանգին այս վճռական քայլերուն դիմելու համար։

Իրականութիւնը այն է, որ այս երկու հասարակական պալարները «մակերեսային» չեն մեր երկրի պետական կեանքին մէջ։ Անոնք խորքային են եւ համակարգային։ Անոնք ձևաւորուած են երկար ժամանակի մը վրայ եւ մաս կը կազմեն մեր պետութեան դժբախտ ժառանգականութեան։ Անոնք կը միտին մշտնջենաւորելու խորհրդային տարիներու վարչա-հրամայական կենսաձեւի մութ բնազդները եւ արմատէն փճացնելու նաեւ անկախութեան իրաւակարգը։ Հետեւաբար շաբաթներու եւ ամիսներու կտրուածքով չէ, որ կրնայ տեղի ունենալ անոնց չէզոքացումը։ Իրապաշտութիւնը կը թելադրէ, որ այս գործողութեան համար պետութիւնը գործի լծէ հեռահայեա՛ց միջոցառումներ, որոնք խիզախ քայլերով ճամբայ հանուին այսօրուընէ իսկ եւ հանգրուան առ հանգրուան անոնց օղակը սեղմուի յոռին եւ անարդիւնաւէտը շարքէ դուրս բերելու եւ մեր պետականութեան առօրեան դրական ներոյժով օժտելու վճռակամութեամբ։ Դեռ աւելի՛ն։ Եթէ յիշեալ պալարներու արմատաւորումը տեղի ունեցած է համակարգային փտախտի պայմաններուն մէջ, պարզ է, որ անոնց չէզոքացումն ու վերջնական լուծարումն ալ պիտի կարօտի համակարգային յեղաշրջման մը եւ զայն ամրագրող կառուցային մնայուն երաշխիքներու։

Հետևաբար պէտք է այժմէն իսկ հարց տալ, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ տեսլականը այս շրջադարձային գործողութեան։

Կ՚ուզեմ անմիջապէս ընդգծել, որ չարաշահութեան կացութաձեւը Հայաստանի մէջ չի բխիր մեր մշակոյթի ներքին ըմբռնումներէն։ Այդպիսին չէ հայ մարդը։ Չէ՛ եղած երբեք։ Հայ մարդը չ՚ուզեր այդպիսին ըլլալ։ Չարաշահութեան կացութաձեւը պարտադրուա՛ծ է իրեն։ Չեմ փորձեր իտէալականացնել մեր հասարակութիւնը։ Ինչպէս ամէն տեղ, հայ կեանքի մէջ եւս եղած են խարդախ մարդիկ. վկա՛յ՝ Զիմզիմովը. վկա՛յ՝ Րաֆֆիի խաչագողները։ Մեր ժողովուրդը սանձած է անոնց չարանենգութիւնը։ Պատժած է զանոնք։ Մերժած է ընդունիլ անոնց կենցաղը։ Կացութիւնը տարբեր է այսօր Հայաստանի մէջ։ Չարաշահութիւնը փոխ-ներգործօն երեւոյթ է մեր երկրին մէջ։ Այս երեւոյթէն «կ՚օգտուին» թէ՛ շահագործողը եւ թէ՛ շահագործուողը…Իր խորքերուն մէջ, մեր ժողովուրդը համոզուած է, որ կարելի չէ ապրիլ առանց անոր։ Ան դարձած է սադայէլական մէկ համակեցութիւն. գոյատեւման մէկ կենսակա՛րգ, որ շնականօրէն ստիպած է, որ մեր ժողովուրդը ընդունի զայն որպէս կեանքի նորմ եւ ապրի վիրաւոր խղճմտանքով։ Այս ախտաւոր շրջանակն է, որ պէտք է կոտրել։ Չարաշահութեան ախտը պէտք է դուրս շպրտուի մեր երկրի հասարակութեան կեանքէն։ Ան պէտք է արմատախիլ ըլլայ իր տեղը զիջելով ուղղամիտ եւ հպարտ մարդոց հասարակակարգին։ Եւ դատելով իրերու ընթացքէն մենք ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, որ ան անպայման դուրս պիտի գայ մեր երկրի կեանքէն յատկապէս վերջին պատերազմի յառաջ բերած նոր ինքնագիտակցութեան շնորհիւ։ Ան դուրս պիտի շպրտուի կա՛մ պետական քաղաքականութեամբ եւ կա՛մ ի հեճուկս անոր…Այս ընտրութիւնը շատ յստակ է այսօր եւ հնչա՛ծ է ժամը։ Պէտք է յուսալ եւ սրտանց մաղթել, որ պր. նախագահը, պր. վարչապետը եւ իրենց գործընկերները այս կենսական ընտրանքին լիովին գիտակցին եւ գործեն մետասաներորդ ժամու սուր զգացողութեամբ։

Թէ՛ ՀՀ նախագահը (Փետրուարի 12ին) եւ թէ՛ ՀՀ վարչապետը (Մայիսի 12ին) հրապարակաւ կը հաւաստիացնեն հանրութիւնը, որ կառավարութիւնը ունի անհրաժեշտ քաղաքական կամքը այս նոր յեղափոխութիւնը գլխաւորելու եւ զայն վճռական ժամկէտներով յաջողութեան առաջնորդելու։ Պէտք է ողջունել այս կարեւոր փաստը։ Քաղաքական այդ կամքէն կախուած է այսօր գրեթէ ամէն բան։ Ներառեա՛լ, առաջին հերթին, թէ ինչպիսի՞ հզօր ուժականութեամբ մեր երկիրը կը կարողանայ դիմագրաւել իր արտաքին սպառնալիքները թէ՛ ռազմաճակատի եւ թէ՛ դիւանագիտութեան բեմին վրայ։ Այս պարագային եւս, արտաքինն ու ներքինը սերտօրէն առընչուած են իրարու եւ զիրար կը պայմանաւորեն։ Ռազմաճակատի զինուորն ու թիկունքի քաղաքացին հաւասարապէս պէտք ունին պետական ղեկավարութեան այդ քաղաքական կամքին։ Այդ թթուածինն է, որ կարելի պիտի դարձնէ բոլոր մեր հաւաքական վճիռները այսօր։

Եւ ճիշտ է պր. վարչապետը. երկիրը նոր ուժականութեամբ զինելու ձգտող այս հեռահաս ռազմավարութեան առաջին թիրախը մենաշնորհային համակարգն է. ոչ մէկ կասկա՛ծ։ Ան է, որ Հանրապետութեան գոյութեան առաջին օրերէն սկսած հետևողականօրէն խցած է մեր երկրի տնտեսութեան շնչերակները եւ քաղաքացին զրկած՝ ինքնիր երկրին մէջ ինքնիր կեանքը տնօրինելու անօտարելի իրաւունքներէն։

Յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ մենանշնորհային համակարգը շարունակութիւնն է խորհրդային տնտեսութեան։ Իրականութեան մէջ, ան աղաւաղումն է նախկին խորհրդային համակարգին, քանի որ ներկայ հանրապետութեան օրով հաստատուած մենաշնորհներուն դիմաց այլեւս ոչինչ կը ստանայ քաղաքացին։ Կը ստանայ գաղթելու իրաւունքը։ Խորհրդային տնտեսակարգը թօթափելով՝ մեր երկիրը անցում չկատարեց դէպի ազատ ձեռնարկատիրական տնտեսութիւն։ Ան ենթարկուեցաւ թալանի եւ փոշիացման։ Անոր արտադրողական դաշտը իւրացուեցաւ բուռ մը բախտախնդիրներու կողմէ, որոնք շարունակաբար ամրապնդեցին մենաշնորհային ներկայ համակարգը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ շահագործումի հսկայ մեքենայ մը, որուն զոհն է քաղաքացին։ Եւ դեռ աւելի վա՛տը. անոր զոհն է յատկապէս այն քաղաքացին, որ դեռ չէ ծնած եւ որ ծնելէ ետք ճակատագրուած է զինակոչուելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու բոլոր արտաքին սպառնալիքներուն դէմ։ Յստակ չէ՞, թէ ինչպիսի դաժան անհեթեթութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի հայ մարդը իր իսկ անկախ երկրին մէջ։

Ես յոյս ունիմ, որ երկրին ներքին կեանքը հիմնովին յեղափոխելու ձգտող այս պատմական գործին հետապնդումը տեղի ունենայ աննախընթաց խստապահանջութեամբ։ Ներկայ կառավարութեան կազմը համալրուած է երեք դաշնակցական նախարարներով, որոնք յեղաշրջման գործին կը բերեն նոր աւիւն եւ նոր իմաստութիւն։ Յատկապէս ազգային դնտեսութեան (Էկոնոմիկայի) նախարա՛րը՝ որ ուղղակիօրէն առընչուած է մենաշնորհային համակարգի յեղաշրջման հարցերուն։ Հայաստանը պէտք ունի արմատական լուծումներու։ Անշուշտ միշտ կարելի է քանի մը «անբախտ»ներ թիրախաւորել հաշիւներ մաքրելու մտայնութեամբ եւ ցուցական քայլերով փորձել բաւարարել հանրութիւնը։ Հանրութիւնը այդպիսի քայլերով չի կրնար բաւարարուիլ։ Այդպիսի կիսամիջոցներով կարելի չէ վարակը կասեցնել։ ՊԷտք է հաստատել անկեղծ չափորոշիչներ խիստ բայց ողջամիտ ժամկէտներով եւ իջնել խորքը այս հարցին։ Եւ անպայման՝ հանրային թափանցիկ հաշուետուութեա՛մբ։

Մենաշնորհային համակարգի մեծագոյն յանցանքը մեր երկիրը զրկելն է շարունակական ներդրումներու անհրաժեշտ սնունդէն։ Մենաշնորհային այս տնտեսութեան մէջ շահոյթը չի վերածուիր ներդրումային դրամագլուխի (կապիտալ) եւ չստեղծեր նոր աշխատատեղեր։ Ան դուրս կը բերուի երկրէն դէպի «ապահով» վայրեր…ինքնաբերաբար ստիպելով, որ երկրէն դուրս գայ նաեւ մեր երկրի աշխատոյժը… Մենաշնորհի տէրերը – արդէն քսանհինգ տարիէ ի վեր սեփականացուցած են շուկան։ Արդի տնտեսութիւններու աշխարհին մէջ այդ բանը աններելի է։ Շուկան չի կրնար պատկանիլ շուկայական – այս պարագային՝ մենաշնորհայի՛ն — ուժերուն։ Շուկան կը պատկանի հանրութեան։ Կը պատկանի ազգին։ Արտադրողական ուժերը հոն պիտի գործեն փոխառուի՛ կարգավիճակով։ Պիտի գործեն ազատ մրցակցային դաշտի կանոններով եւ ծնունդ տան առողջ տնտեսական աճի, որ իր կարգին պիտի խթանէ ներդրումային դրամահոսքերը եւ ստեղծէ որակաւոր աշխատատեղեր։ Այսպէս կը կառուցուի երկիրը։ Այս տեսակի իսկական, որակաւոր աճի ծաւալներով է, որ կ՚ամրանայ նաեւ պետութիւնը։ Այսպէս է նաեւ, որ կ՚իրագործուի Հայրենիք-Սփիւռք բազմամակարդակ եւ խորքային համագործակցութիւնը։

Յեղափոխելու գործը վհուկներ հետապնդելու քաղաքական զբաղմունքին հետ պէտք չէ շփոթել։ Մեր նպատակը պիտի ըլլայ քանդել մենաշնորհները տնտեսութեան ինքնազարգացման կարողականութիւննե՛րը վերականգնելու յստակ առաջադրութեամբ։ Բանալ նոր ներդրումներու դաշտը ծնունդ տալով նոր եւ որակաւոր աշխատատեղերու։ Մաքրել դատա-իրաւական համակարգը չարաշահող ցեցերէն։ Խիզախ քաղաքականութեամբ վերակազմակերպել ազգային եկամուտի տարերային վերաբաշխումը եւ ամէն քայլափոխին բարոյապէս լիազօրել քաղաքացին։ Գօտիները սեղմել, այո՛։ Գօտիները սեղմել նախ եւ առաջ մենաշնորհներու մէջքի՛ն։ Մեր տնտեսութիւնը առեւանգած մարդո՛ց մէջքին։ Մեր տնտեսութեան սեւեռակէտն ու գոյութեան միակ վստահելի կռուանը մեր երկրի քաղաքացին է իր ներկայ եւ ապագայ բոլոր սերունդներով։

 Կարօ Արմենեան

Մայիս 28, 2016

Ուաշինկթըն

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.