ՀՅԴ ԳԵՄ-ի տարեկան համագանատական սեմինար

 

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ մասնակցութեամբ Գանատայի տարածքին գտնուող բոլոր մասնաճիւղերէ ժամանած աւելի քան 150 երիտասարդներու, Մայիս 20-23 շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ԳԵՄ-ի տարեկան համագանատական դաստիարակչական սեմինարը, Քինքորա բանակավայրէն ներս։

 Այս տարուան սեմինարի հիմնական թեման էր հայկական Սփիւռքի դիմագրաւած այսօրուան հիմնահարցերու դիմակալման գործնական հնարաւորութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ դաշնակցական երիտասարդին հրամայական ներդրումի անհրաժեշտութիւնը։

 Առաջին օրուան ընթացքին երիտասարդները առիթը ունեցան քննարկելու եւ իրենց տեսանկիւնէն դիտուած արժեւորումներ կատարելու սփիւռքեան տարբեր գաղութներու, նամանաւանդ գանատահայութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի իրավիճակին մասին։ Վերոնշեալ նիւթերը ներկայացուեցան, ընկերներ Տարօն Քեսքինեանի եւ Արմէն Համազասպեանի կողմէ։

 Երկրորդ օրուան ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Վիգէն Աբրահամեան երիտասարդներուն ներկայացուց նիւթ մը, որ հիմնականօրէն կը կեդրոնանար հայրենադարձութեան գաղափարի կարեւորութեան ու հայրենիքէն ներս նման հնարաւորութիւններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին։

 Ապա, Հայ Դատի ընդհանուր աշխատանքներուն, ի մասնաւորի Գանատայի մէջ, եւ այդ ուղղութեամբ տարուող գործունէութեան մասին դասախօսեց եւ աշխատանոց մը վարեց ընկհ. Լոռի Ապրաքեան, որմէ ետք Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին զեկուցեց ընկ. Արարատ Թորոսեան։

 Սեմինարի աւարտին բոլոր երիտասասդները վերանորոգուած պատրաստակամութեամբ եւ աշխատանքները նոյն թափով շարունակելու վճռակամութեամբ վերադարձան իրենց քաղաքները։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.