Հայ Իրաւաբանական Միութիւնը Կը Զօրակցի Կարօ Փայլանի

 

Հայ իրաւաբանական միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով անդրադարձաւ 2 Մայիս 2016-ին‚ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու կողմէ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ կատարած յարձակումին։

Միութիւնը յարձակումը նկատեց «ամօթալի» եւ «խօսուն»։ Միութիւնը յարձակումին մէջ կը տեսնէ այն թոյնը‚ որ մէկ դար առաջ հեղեց «սպանդանոց»-ի վերածուած նահանգներուն մէջ հայերուն արիւնը եւ այն թոյնը‚ որ Պոլսոյ մէկ փողոցին վրայ երեք փամփուշտեր արձակեց Հրանդ Տինքի գլխին։

Միութիւնը կը նշէ‚ որ 2 մայիս 2016-ի դէպքը ցուցադրումն էր նողկալիութեան մը‚ որ անհարիր է որեւէ երկիրի ընտրուած պաշտօնատարներուն։ Իրաւաբանական գետնի վրայ‚ անիկա ոտնահարումն է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտին եւ նաեւ ինքնին Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ յայտարարուած երաշխիքներուն։ Անիկա նաեւ խախտում մըն է հայ փոքրամասնութեան որոշ պաշտպանութիւն տրամադրելու Լոզանի դաշինքով Թուրքիոյ հանրապետութեան ստանձնած պարտաւորութեան‚ ինչպէս նաեւ ատելութեան հիմամբ բացայայտ ոճիր մը։

«Թուրքիոյ կառավարութեան եւ մասնաւորաբար իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն կը յիշեցնենք‚ որ Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրուած անդամէ մը աւելին է։ Ան Թուրքիոյ հանրապետութեան հասարակ քաղաքացիէ մը աւելին է։ Ան Լոզանի դաշինքով պաշտպանուած ազգային փոքրամասնութեան մը անդամէ մը աւելին է։ Ան Մարդկային իրաւանաց եւրոպական ուխտով քաղաքացիական ազատութիւններ ստացած մարդ էակէ մը աւելին է։ Ան նոյնիսկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն ձայնը ըլլալէն աւելին է։ Պրն‚ Կարօ Փայլանը իր երակներուն մէջ կը կրէ արիւնը բնիկ հայ ազգին‚ որուն ֆիզիքական գոյութիւնը այն հողի տարածքին վրայ‚ որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի‚ ինքնին Թուրքիոյ հանրապետութեան գոյութենէն առաջ է»‚ նշուած է Հայ իրաւաբանական միութեան յայտարարութեան մէջ։

Միութիւնը կը նշէ‚ որ ճշմարտութենէն կարելի չէ փախուստ տալ՝ աւելցնելով. «Կարելի չէ փախուստ տալ այն իրողութենէն‚ որ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կառուցուած է անոր ժողովուրդէն խլուած կալուածներուն վրայ‚  թէ այդ հողերուն վրայ ծաղկող ծարերն ու ծաղիկները սնունդ կը ստանան անոր նախահայրերուն արիւնէն‚ թէ գիւղական շրջաններուն մէջ փլատակ այն կառոյցները‚ որոնց խաչերը գմբեթներէն վար առնուած են‚  իսկութեան մէջ քրիստոնէական եղեկեցիներն են անոր ժողովուրդին։ Այս է այն անյարմար ճշմարտութիւնը‚ որ թրքական խորհրդարանին մէջ իւրաքանչիւր օր կ’արերեսուի Կարօ Փայլանի դէմ յարձակումներուն հետ‚ եւ այդ է‚ որ զանոնք մղած է անոր դէմ յարձակում գործելու։ Եւ ինչպէս հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան‚ թաքնուած հայերուն ինքնութիւնը գողցած վախի մթնոլորտին եւ Հրանդ Տինքի գլուխին պարպուած փամփուշտներուն նման՝ Կարօ Փայլանը ծեծելը եւս չի կրնար այդ ճշմարտութիւնը չգոյացնել»։

Հայ իրաւաբանական միութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Կարօ Փայլանին եւ կոչ կ’ուղղէ՝ անմիջապէս դատական հետապնդման ենթարկելու անոր դէմ յարձակում գործողները։ Միութիւնը նաեւ կոչ կ’ուղղէ՝ այդ յարձակումին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութեան դերակատարութեան շուրջ անմիջական հետապնդում կատարելու։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.