Գանատահայ կերպարուեստագէտներ – ՆԱՆԷԻ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ
Կոմիտաս. գործ՝ Սիլվա խաչերեանի
Նանէն հայ հեթանոսական դիցարանին մէջ, հայր Աստուած՝ Արամազդի դուստրն էր, եւ կը համարուէր իմաստութեան եւ ողջախոհութեան դիցուհին: Անոր սրբավայրը կը գտնուէր Թիլ Աւանի մէջ, զոր այլ տաճարներու կողքին րիգոր Լուսաւորիչ կործանեց:
Կերպարուեստագէտ Սիլվա Խաչերեանի կողմէ ՆԱՆԷ անունի որդեգրումը գուցէ պատահական է , սակայն այս անունի մեկնաբանութիւնը ուղիղ կը համեմատի իր ստեղծագործական կեանքին հետ, որովհետեւ անոր արուեստը (ըլլայ քանդակ թէ գեղանկար) վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ ըլլալով հանդերձ իր մէջ կը պարունակէ խորհուրդներ, որոնք գեղարուեստական լիցք կը հաղորդեն իր գործերուն: Պատահական չէ, որ ան հակամէտ է գրողներու եւ բանաստեղծներու (ինչպէս՝ Վազգէն Շուշանեանին, Կորիւն Շահինեանին, Վահագն արագաշեանին) ստեղծագործութիւնները մեկնաբանելու կերպարուեստով:
Նանէ ծնած է Պէյրութ քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ պայմաններու մէջ, որոնք յետագային իրենց հետքը պիտի ձգէին իր ողջ ստեղծագործական կեանքին վրայ: Տեղւոյն երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք կ’ընդունուի «Հայկազեան» համալսարան եւ կը հետեւի հաշուապահութեան ճիւղին: Սակայն չկարենալով զսպել ստեղծագործելու իր ցանկութիւնը զուգահեռաբար կը յաճախէ նաեւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ուսումնարանը, ուր կը բացայայտուի նաեւ իր ծաւալային ստեղծագործութեան՝ քանդակելու շնորհքը:
Միանալու համար իր ծնողներուն 1992-ին կը մեկնի Գանատա, ուր Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանէն կը ստանայ երկու պսակաւորի վկայական (Bachelor of Fine Arts եւ Bachelor of Art Therapy): Ուսման ընթացքին համալսարանէն ներս կը մասնակցի քանի մը ցուցահանդէսներու եւ կը ստանայ «լաւագոյն արուեստի գործերու» շքանշան: Շարունակելով ուսումը կը տիրանայ արուեստից մագիստրոսի տիտղոսին՝ Masters in Art History.
Այնուհետեւ կը շարունակէ իր ստեղծագործական կեանքը եւ կը մասնակցի շարք մը համաքեպեքեան նշանակութիւն ունեցող խմբային ցուցահանդէսներու, որոնց շարքին՝ Musee des Maitres du Quebec-ի մէջ:
Նանէ յանձնառու կերպարուեստագէտ է , անոր ստեղծագործութիւնները իմաստաւորուած են խորհրդանշաններով, որոնք կ՚արժեւորեն, կը բացայայտեն եւ երբեմն ալ ուղղակիօրէն կը պաշտպանեն մարդկային արժանիքներն ու մարդկային իրաւունքները: Կարգ մը խորհրդանշաններու պարագային կարիքը կը զգացուի հոգեվերլուծութեան, մեկնաբանման ու բացայայտման: Կերպերը, գուներանգներն ու գիծերը կու գան ենթագիտակիցի մէջ անթեղուած ներքին մղումներէ ու կը տարածուին կտաւի վրայ, իբրեւ ժամանակակից տեսիլք եւ կամ հոգեկան արտակարգ վիճակ:
Մովսէս Ծիրանի