Հայ ճարտարապետը պիտի մասնակցի Յիսուսի Ս. Գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքներուն
1756
0
Այս ամիս Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ կը մեկնարկեն Սուրբ Գերեզմանի վերականգման լայնածաւալ աշխատանքները: Այս որոշումը կայացուեր է Ս. Գերեզմանի իրաւատէր համարուող երեք եկեղեցիներու՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի, Յունաց պատրիարքարանի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համաձայնութեամբ:
«1808 թուականի հրդեհէն ետք Ս. Գերեզմանը որեւէ նորոգութեան չէ ենթարկուած, մինչդեռ այդ իսկապէս անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Այս պատճառով, Երուսաղէմի մէջ երեք եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը երկար քննարկումներէ ետք համաձայնեցան անյապաղ քայլեր ձեռնարկել Տիրոջ Գերեզմանի նորոգութեան համար», Մեդիամաքսին պատմեր է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Կորիւն Պաղտասարեանը:
Սուրբ Գերեզմանը քրիստոնէական աշխարհի գլխաւոր սրբավայրերէն է, ուր, ըստ Աւետարանին, խաչելութենէն ետք թաղուած է Յիսուս Քրիստոսը: Քրիստոսի գերեզմանի, Գողգոթայի Խաչելութեան տեղի եւ շարք մը այլ սրբավայրերու վրայ 4-րդ դարուն բիւզանդացի կայսր Կոստանդինոս Մեծը կառուցեց Սուրբ Յարութեան տաճարը: Ամէն գիշեր ժամը 12-էն մինչեւ առաւօտեան 7-ը, նախ յոյները, ապա հայերը, յետոյ՝ կաթողիկէները Ս. Պատարագ կը մատուցեն Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ:
Երուսաղէմի պատրիարքարանի դիւանապետին խօսքերով, Ս. Գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքները պիտի իրականացնէ Աթէնքի ազգային գիտարուեստական համալսարանի մասնագիտական խումբը, զոր կը ղեկավարէ փրոֆեսոր Անտոնիա Մոլոպուլոն:
Ս. թ. Մարտ 8-ին Աթէնքի մէջ մասնագիտական խումբը ներկայացուցած է Ս. Գերեզմանի տարածքին իրականացուած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը:
Աւելի ուշ՝ Մարտ 22-ին, Սուրբ Յարութիւն տաճարին մէջ Երուսաղէմի եւ համայն Պաղեստինի պատրիարք Ֆէոֆիլը՝ Սուրբ երկրին մէջ Ֆրանսիսկեան միաբանութեան ներկայացուցիչ հայր Պիերբաթիստա Պիցաբալայի եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի ներկայութեամբ յայտարարած է Սուրբ Գերեզմանի Մատրան լայնածաւալ վերականգման մեկնարկին մասին։
Հայր Կորիւն Պաղտասարեանի փոխանցմամբ, Աթէնքի համալսարանի մասնագիտական խումբին զուգահեռ ստեղծուած է նաեւ գիտարուեստական խումբ, որուն մէջ ընդգրկուած են հայ, յոյն եւ կաթողիկէ եկեղեցիները ներկայացնող մէկական ճարտարապետ: Վերջիններս յոյն մասնագէտներու հետ պիտի մասնակցին եւ հետեւին Ս. Գերեզմանի վերանորոգութեան ընթացքին:
Հայոց պատրիարքարանին կողմէ այդ խումբին ներկայացուցիչ ընտրուած է հայազգի ճարտարապետ Իրինա Պատալեանը, որ 1990-ականներու սկիզբին բնակութիւն հաստատած է Իսրայէլի մէջ: Իրինան ՀՀ վաստակաւոր ճարտարագէտ Ռուբէն Պատալեանի դուստրն է:
Մեդիամաքսի հետ զրոյցին ընթացքին ան պատմած է, որ մեծ պատասխանատուութեամբ ստանձնած է այս աշխատանքը:
«Այս մէկը ինծի համար իսկապէս պատուաբեր առաքելութիւն է», ըսած է Իրինա Պատալեանը:
Հայազգի ճարտարապետը, որ Երուսաղէմի մէջ աշխատած է շարք մը ճարտարապետական նախագիծերու մէջ, կը հաստատէ, որ Ս. Գերեզմանի ներկայի վիճակը իսկապէս տագնապալի է:
«Ս. Գերեզմանի վիճակը այնքան վատ է, որ կը քննարկուէր նոյնիսկ զայն այցելուներու համար ժամանակաւորապէս փակելու հարցը: Ի հարկէ, տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ Ս. Գերեզմանի մատուռէն դուրս եղած են որոշ ամրացման աշխատանքներ, սակայն լուրջ հիմնանորոգում 1800-ական թթ.-էն ի վեր պիտի կատարուի առաջին անգամ», կ’ըսէ մասնագէտը:
Անոր խօսքերով, Աթէնքի համալսարանի մասնագէտները ստեղծեր են Ս. Գերեզմանի համակարգչային եռաչափ նախատիպը։
«Յոյն մասնագէտները ամբողջ աշխատանքը ճիշդ ձեւով ծրագրաւորած են: Կը նախատեսուի, որ լայնածաւալ աշխատանքները կը մեկնարկուին Մայիսին եւ կը տեւեն 8-12 ամիս: Ես վստահ եմ, որ ամէն ինչ կը կատարուի շատ բարձր մակարդակի վրայ», Մեդիամաքսին ըսած է Իրինա Պատալեանը:
Ի դէպ, Աթէնքի համալսարանի մասնագիտական խումբի ղեկավարը եղած է Հայաստան եւ, Իրինա Պատալեանի խօսքերով, չափազանց տպաւորուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեամբ:
Հայ մասնագէտին խորհրդատուութիւնը Ս. Գերեզմանի վերանորոգման աշխատանքներուն կարեւոր եւ օգտակար է նաեւ այն առումով, որ Իրինա Պատալեանը ամբողջ խումբին միակ մասնագէտն է, որ կը տիրապետէ եբրայերէնին եւ կը հանդիսանայ Իսրայէլի քաղաքացի:
Հայր Կորիւն Պաղտասարեանի խօսքերով, նորոգութեան ամբողջ ընթացքին Սուրբ Գերեզմանը բաց պիտի ըլլայ ուխտաւորներու եւ այցելուներու համար:
Նախնական գնահատականներով, Սուրբ Գերեզմանի վերականգնողական աշխատանքներու ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 3 միլիոն եւրօ, զոր հաւասարապէս պիտի յատկացնեն հայ, յոյն եւ կաթողիկէ եկեղեցիները:
Եկատերինա Պօղոսեան
Mediamax