Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցի մասին երկու կարեւոր գիրքեր արաբերէնի թարգմանուած Գահիրէի մէջ

 

ԱՅԼ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

«Միշտ ալ զգացած եմ որ իսլամութիւնը, որպէս կրօն, հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու ըլլալուն ամբաստանութեան տակ է»:

Վստահ եմ որ ներկաներէն ոչ մէկը պիտի մոռնայ 7 Մայիսի Շաբաթ օրուան Գահիրէի ՀԲԸՄի կազմակերպած եռակի շնորհանդէսը, որուն ներկայ էր գաղութի ընտրանին, եգիպտահայոց երկու բարեջան առաջնորդներ՝ Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան (առաքելական) եւ Գրիգոր Օգոստինոս Եպսկ. Գուսան (հայ կաթողիկէ), Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, միութիւններու ատենապետներն ու պատասխանատուները, եւ անշուշտ կոկիկ հասարակութիւն մը: Անսովոր էր ներկայութիւնը արաբ մտաւորական ընտրանիին, որ ձեւով մը գլխաւոր դերակատարն էր այդ օրուան: Ներկայ էին նաեւ մամլոյ թղթակիցներ եւ հեռատեսիլի կայաններու ներկայացուցիչներ:

Վստահ չեմ սակայն որ բոլոր ներկաները պիտի անդրադառնան թէ ի՜նչ տարողութիւն ունէր այս ձեռնարկը, որուն աշխատանքները շատ վաղուց՝ 2001 թուականէն սկսած են, ինչ որ ծրագրում կ’ենթադրէ եւ որուն յաջողութեան բազմաթիւ անձեր լծուած են՝ ծրագրողներէն մինչեւ կատարողները:

Երկու գիրքերու եւ կայքէջի մը շնորհանդէսն էր որ տեղի կ’ունենար Հելիոպոլսոյ Պըլըքտանեան սրահէն ներս: Երկու արաբերէն գրուած գիրքեր, որոնք կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն ցեղասպանութեան նուիրուած հատորներու ցանկին մէջ:

Կոթողական ծաւալով, կոթողական բովանդակութեամբ եւ կոթողական աշխատանք պահանջող հատորներ, որոնց կ’արժէ անշուշտ առանձինն անդրադառնալ:

Առաջինը արաբերէն թարգմանութիւնն է դոկտ. Ռէյմոն Գէորգեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» աշխատութեան: Գիրքը լոյս տեսած է ֆրանսերէն լեզուով, 2006 թուականին: Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 2011ին, ռուսերէն եւ թրքերէն թարգմանութիւնները՝ 2015ին, որոնց յաջորդած է արաբերէնը: Գիրքին գերմաներէն հրատարակութիւնը ընթացքի մէջ է եւ շուտով լոյս կը տեսնէ: Այս վերջին, արաբերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս դոկտ. Գէորգեան, որ այս շնորհանդէսին համար յատկապէս հրաւիրուած էր Փարիզէն, ըսաւ՝ «լաւագոյնն է, որովհետեւ նուազ սխալներ ունի»:

Հատորը թարգմանած է տիկ. Սահար Թաուֆիք, իսկ խմբագրական վերանայումը կատարած է Գէորգ Եազըճեան (Երեւան), որ պատրաստած է նաեւ գիրքին անուանացանկը: Ան թէեւ հրաւիրուած էր, բայց կամքէ անկախ պատճառներով կը բացակայէր:

Գէորգ Եազըճեան Երեւանէն վկայուած լիբանանահայ մտաւորական մըն է, որ 2001 թուականին տիրացած է դոկտորականի, ութ գիրքերու եւ աւելի քան հազար յօդուածներու հեղինակ է: Ծանօթ է իր թարգմանական եւ խմբագրական աշխատանքներով: Կ’ապրի Երեւան:

Դոկտ. Ռ. Գէորգեանի այս աշխատութիւնը կը բաղկանայ մեծադիր 1328 էջերէ, բաժնուած է վեց գլուխներու, ըստ ժամանակաշրջաններու, եւ կը սկսի 1908ին, վերջանալու համար Թուրքիոյ մէջ կատարուած Ջարդի պատասխանատուներուն դատավարութեամբ: Կը պարունակէ նաեւ անուանացանկ մը երեք լեզուներով՝ մեծ մասը արաբերէն, աւելի փոքր մաս մը անգլերէն, իսկ երկու սիւնակ ալ հայերէն անուններու (անձնանուն, տեղանուն եւ այլն):

Գահիրէի ՀԲԸՄի ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի բացման եւ բարիգալուստի խօսքերէն ետք խօսք առաւ ՀԲԸՄիութեան Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովի պատուոյ ատենապետ Պր. Պերճ Թէրզեան, ներկայացնելու համար Ռ. Գէորգեանի գիրքը, սեղմ եւ հակիրճ խօսքերով, որմէ ետք խօսք առաւ յարգելի հիւրը ինք. (դոկտ. Գէորգեանին խօսքն էր միայն, որ հայերէնով էր, բայց արաբերէն թարգմանութիւնը որպէս գրութիւն կ’երեւէր պաստառին վրայ):

Դոկտ. Ռ. Գէորգեան եղած է Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն: Խմբագիրն է «Ժամանակակից Պատմութիւն Հայոց» հանդէսին: Վկայուած է Institut Français de Géopolitique-էն եւ այնտեղ կը դասախօսէ: 2010 թուականին, հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ ունեցած աւանդին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը զինք պարգեւատրած է յատուկ շքանշանով: Իսկ 2015 թուականին արժանացած է Ֆրանսական «Պատուոյ Լեգէոն»ի շքանշանին:

«Կ’ուզեմ ձեզի խօսիլ այսօր առանց գիտական բնոյթ տալու խօսքիս,- յարգելի հիւրը այսպէս սկսաւ իր խօսքը,- պարզապէս կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, Գահիրէի ՀԲԸՄիութեան եւ մասնաւորաբար Պր. Պերճ Թէրզեանին, որոնք կրեցին ծաւալով թէ պարունակութեամբ այս հսկայ աշխատանքը, թարգմանչուհիին, որ թարգմանութեան ընթացքին հոգեկան ծանր պահեր ապրեցաւ, եւ խմբագրին, որ երկու տարիէն աւելի ճգնեցաւ այս գործին վրայ»:

Ապա խօսելով գիրքին փիլիսոփայութեան մասին ըսաւ թէ ինք սկսած է micro պատմութենէն, իջած է մինչեւ իւրաքանչիւր գիւղի եւ անհատի պատմութեան, կերտելու համար macro պատմութիւնը ցեղասպանութեան: Նշեց նաեւ, որ այս հատորը կազմելը անկարելի պիտի ըլլար քսան տարի առաջ, երբ ո՛չ այսքան մեծ թիւով հատորներ լոյս տեսած էին, ոչ կարգ մը կարեւոր արխիւներ հանրութեան առջեւ բաց էին, ոչ ալ համացանցային այսքան դիւրութիւններ կային:

«Փորձեցի ամբողջական պատմութիւնը ընել, ո՛չ միայն ոճրագործինը, ինչպէս Թանէր Աքչամ կ’ընէ, այլ գրել զոհերուն պատմութիւնը, որովհետեւ նպատակս էր զոհերու ժառանգներուն բան մը փոխանցել»:

Հետաքրքրական նշում մը ըրաւ հեղինակը այս առնչութեամբ.

«Եթէ ուշադրութեամբ կարդաք այս գիրքը, եւ եթէ որոշ տեղեկութիւններ ունիք ձեր ընտանիքներուն մասին, կրնաք անոնց պատմութիւնը վերականգնել»:

Գիրքին քառասուն առ հարիւր տոկոսը micro բաժինն է, մնացեալը՝դասական ձեւով ամբողջացուած է:

Հատորին կարեւոր բաժիններէն մէկն ալ «հասկնալն է թէ թուրքերը ի՛նչ յարաբերութիւն կը մշակէին հայերուն հետ, որովհետեւ մշակութային տեսակէտով անոնց նմանութիւնները տպաւորիչ են»:

«Երբ երկիրը սուլթանական կարգավիճակէն պիտի ելլէր եւ կազմէր ազգ-պետութիւն (nation state), բոլոր փոքրամասնութիւնները պէտք է դուրս ելլէին, նպատակը Փոքր Ասիան մաքրելն էր փոքրամասնութիւններէն: Ինչպէ՞ս: Սկիզբը ցեղասպանութիւնը պայման չէր»:

«Սակայն 1920 թուականին Փոքր Ասիոյ հինգ միլիոն կազմող փոքրամասնութիւները՝ հայեր, ասորիներ եւ յոյներ, արդէն չկային»:

Իր խօսքը վերջացնելէ առաջ դոկտ. Գէորգեան հարցուց.

«Պատմութիւն մը ինչքանո՞վ օգտակար է ապագան ըմբռնելու», եւ շարունակեց նշելով այսօրուան Թուրքիոյ դիմագրաւած բարդ հարցերը:

Հեղինակին յաջորդեց թարգմանչուհին: Սահար Թաուֆիքի թարգմանական առաջին աշխատանքը չէ ասիկա. նախապէս ալ թարգմանաբար հրատարակած է 25 հատորներ, որոնցմէ երկուքը՝ Գահիրէի ՀԲԸՄի պատուէրով, ունի ստեղծագործական երկեր՝ պատմուածքներու երեք հատորներ, երկու վէպեր եւ մանկական երկու գիրքեր:

Սահար Թաուֆիքի խօսքը կ’արտայայտէր իր յուզումը, թարգմանութեան երկու տարիներուն ապրած անդոհանքը եւ վախերը.

«Սկիզբը մերժեցի, հատորին հսկայութենէն սարսափած: Դժուարութիւնը չափը չէր սակայն, այլ բովանդակութիւնը: Արդէն երկու գիրքեր թարգմաներ էի: Սակայն ի վերջոյ յանձն առի այս գործը, Պր. Թէրզեանին զիս համոզելու յարատեւ ճիգերուն շնորհիւ:Բայց ասիկա գիրք չէ, այլ՝ համայնագիտարան: Վրաս խորունկ, անջնջելի տպաւորութիւն ձգեցին զոհերուն ոչ միայն թիւը, այլ մանաւանդ անոնց սպանութեան կերպերը, օսմանեան եւ եւրոպական մամուլին կեղծիքն ու եղծումները … Կարդացէ՛ք այս գիրքը եւ մի՛ մոռնաք …»:

Ներկայացուած երկրորդ գիրքը, թէեւ ծաւալով նուազ, սակայն նոյնքան մեծ կարեւորութիւն ունեցող հատոր մըն է, առաջինը հսկայ ծրագրի մը, որ սկսած է 2001 թուականին, ընդհանուր խորագիր ունենալով «Հայկական Դատը Արաբական Մամուլին մէջ», եօթը հանգրուաններէ կազմուած եւ որոնց խորագիրները նշուած էին յայտագրի կռնակին, այսպէս.

1876-1893 Միջազգայնացում եւ Բարենորոգումներ

1894-1896 Համիտեան Ջարդեր

1897-1908 Հայերն ու Երիտասարդ Թուրքիան

1909 Ատանայի Ջարդերը

1910-1914 Բարենորոգումներու Ծրագիր

1915-1918 Մեծ Բնաջնջումը

1919-1923 Դաշնագրեր եւ Համաձայնագրեր

Այս գիրքը կը բաղկանայ 550 մեծադիր էջերէ, ուր հաւաքուած են եգիպտական եւ արաբական մամուլի 253 օրկաններէ առնուած յօդուածներ: «Այս հատորները կը պարփակեն նաեւ հայերու համար աննպաստ յօդուածներ, որոնք սակայն զանց առնուած չեն: Կը հրատարակենք զանոնք որպէս օրինակ, թէ պատմական իրողութիւններ ինչպէ՛ս կը ձեւափոխուին, եթէ ատելութեամբ եւ ցեղամոլութեամբ դիտուին», կ’ըսէ Պ. Թէրզեան նախաբանին մէջ1:

Գիրքը ներկայացնող Պր. Թէրզեանի խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ կազմող-խմբագիրը՝ Մոհամէտ Րիֆ’աթ էլ Իմամ.

«Միշտ ալ զգացած եմ որ իսլամութիւնը, որպէս կրօն, հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու ըլլալուն ամբաստանութեան տակ է»:

Այս խօսքը, յստակօրէն եւ քաջաբար ըսուած, լռութիւն յառաջացուց սրահէն ներս: Խօսք մըն էր, որ դատական ծանրութիւն ունէր կարծես:

«Բայց որքան որ թուրքերը հայեր սպաննած են, նոյնքան եւ աւելի իսլամ-արաբներ սպաննած են»:

Հաստատում, խոստովանութիւն: Կարծես մենք, որ կ’ապրէինք ոչ միայն անդոհանքը ցեղասպանութեան, այլ՝ մղձաւանջը հերքումին – կարծես ազգովին ցեղասպանութիւն երեւակայող խելագարներ ըլլայինք – ունեցանք անհրաժեշտ հաստատում մը, մէկու մը կողմէ, որուն պատկանած կրօնքը յաճախ ներկայացուած է որպէս գլխաւոր շարժիչը ջարդերուն: Այդ պահուն այնքան կարեւոր չէր թէ ըսողը ո՛վ էր, կարեւորը ըսուած խօսքն էր:

Այս խօսքէն ետք կազմող-խմբագիրը անցաւ գիրքի սկզբնական աշխատանքներու նկարագրութեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Գահիրէի մատենադարանի տնօրէն, մշակոյթի նախկին նախարար դոկտ. Մոհամէտ Սապրի Արապին, որ ներկայ էր հանդիսութեան, գնահատելով մատենադարանին մամուլի հաւաքածոն, որուն 383 անուն օրկաններէն առնուած է պատկառելի թիւ մը յօդուածներու՝ երեսունվեց հազար անուն յօդուած, որոնցմէ մաս մը օգտագործուած է այս հատորին մէջ, մնացեալը պիտի օգտագործուի յաջորդական հատորներուն համար:

Դոկտ. Իմամ յիշեց նաեւ Շէյխ Էլ Ազհարի՝ Սէլիմ էլ Պըշրիի ջարդերը դադրեցնելու կոչը (ֆադուա) Իսթանպուլի շէյխին (1909) եւ ըսաւ.

«Հակառակ ջարդերուն տրուած կրօնական երանգին, այս բոլոր յօդուածները յստակօրէն կը հաստատեն թէ ցեղասպանութեան զսպանակը ազգային էր, ոչ կրօնական» եւ աւելցուց.

«Այսօր թրքական միջավայրը, ժողովուրդը ա՛լ պէտք է համոզուի ջարդերուն իրողութեամբ»:

Գահիրէի ՀԲԸՄի տրամադրած նիւթականով եւ Եգիպտոսի Ազգային Մատենադարանին կարելիութիւններով մէջտեղ կու գայ հսկայական աշխատանք մը, զոր Դոկտ. Մոհամէտ Րիֆ’աթ ալ Իմամ Magnum Opus –գլուխ գործոց կոչեց. այնպիսի գործ մը, ուր ի յայտ կու գայ Եգիպտոսի փառքը եւ որ կը հաստատէ թէ եգիպտական մշակոյթը երբեք դէմ չէ եղած հայկական մշակոյթին:

Ձեռնարկին վերջին բաժինը նուիրուած էր նոյն այս ծրագրի կայքէջին՝ www.arminmedia.com, որուն սկիզբը անգլերէնով գրուած հակիրճ տեղեկութիւն մը կայ, բայց կայքէջի գլխաւոր լեզուն արաբերէնն է:

Տոքթ. Վ. Ճիզմէճեան պաստառին վրայ կայքէջէն օրինակներ ցուցադրեց ու բացատրեց թէ ինչ դիւրութեամբ կարելի է հասնիլ յօդուածներուն եւ տեղեկութիւններուն:

Այս կայքէջը պիտի ունենայ այլ բաժին մը եւս, որ գաղափարն է եգիպտահայ փայլուն երիտասարդ Այգ Զաքարեանին՝ «Ցեղասպանութենէն Հարիւր Տարի Ետք» խորագրով, ուր հաւաքուած են – եւ պիտի շարունակուին հաւաքուիլ – Ցեղասպանութեան մասին ներկայիս միջազգային մամուլին մէջ լոյս տեսնող յօդուածներ:

Յաջորդաբար պիտի ներբեռնուին մնացեալ վեց հանգրուանները պարփակող հատորները եւս, հրատարակութենէն ետք:

Օրուան վերջին խօսքը տրուած էր դոկտ. Մուսթաֆա Էլ Ֆէքիի, եգիպտացի քաղաքագէտ մը, որ իր դոկտորական աստիճանը ստացած է Լոնտոնէն, 1977ին, եւ բազմաթիւ բարձր պաշտօններ վարած է եգիպտական կարեւոր կառոյցներէ ներս, ինչպէս օրինակ եղած է Եգիպտոսի դեսպան, զանազան համալսարաններու դասախօս եւ այլն: Տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու, որոնցմէ հետաքրքրական կարելի է համարել պապական նուիրակին փոխանցած Հռոմի Պապին շքանշանը: Հեղինակած է հինգ հատորներ, քաղաքական առանցքով ընդհանրապէս: Յօդուածագիր է եգիպտական մամուլին, եւ մնայուն սիւնակ մը ունի «Մասրի Ալեոմ» թերթին մէջ:

Դոկտ. Էլ Ֆէքի նշեց թէ «ցեղասպանութիւնը միջազգային հարց է եւ անոր հանդէպ կեցուածքը անհատական մօտեցում է, որ կը հաստատէ տուեալ անձին կամ երկրին անհատականութիւնը», ջատագովեց հայերու հաւատարմութիւնը իրենց ապրած երկիրներուն, «չենք մոռնար ժամանակակից Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար Փաշայի հայ ըլլալը», եւ մեծապէս գնահատեց հայերուն պահպանուած յիշողութիւնը, որովհետեւ, ըսաւ, «նման ոճիրները չեն մոռցուիր»:

«Այսօր թուրքը նոյնը կը փորձէր ընել Եգիպտոսի մէջ. բոլորիդ ծանօթ են Յուլիսի դէպքերը, հակառակ որ բազմիցս յորդորած ենք զիրենք»:

Դոկտ. Ֆէքի իր խօսքը դրուատիքով աւարտեց.

«Ուրախ եմ այսօր ձեր հետ ըլլալուս համար. հայերը յատուկ տեղ ունին Եգիպտոսի արդի պատմութեան մէջ. դուք ոչ միայն Եգիպտոսի, այլ բոլոր արաբական երկիրներուն համար նեցուկ էք ձեր գոյութեամբ» եւ գնահատեց հայերուն մշակութասէր եւ արուեստասէր խառնուածքը, ըսելով.

«Այսօր, արուեստներու մէջ, հրեաներէն ետք հայերը կարեւոր ներկայութիւն են»:

«Արեան կապ էր մեր ժողովուրդին կապը ձեր հետ, կը շարունակէ ըլլալ եւ միշտ այդպէս պիտի՛ ըլլայ»:

Այս երկու գիրքերուն եւ կայքէջին ամբողջ ծրագիրը ծնունդն է Գահիրէի ՀԲԸՄի Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամի հրատարակչական գործունէութեան, որուն նպատակը վերջին մէկ ու կէս տասնամեակին, ի միջի այլոց, եղած է Եգիպտոսի, արաբական աշխարհի եւ ընդհանրապէս արաբագէտ իսլամական աշխարհի մտաւորականութեան ծանօթացնել ցեղասպանութիւնը, «հիմնուելով եգիպտացի եւ արաբ թղթակիցներու կողմէ օրը օրին գրի առնուած ականատեսի վկայութիւններու, կամ արաբ եւ իսլամ գրողներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու եւ վկայութիւններու վրայ: Այս հանգամանքը կարեւոր է ջրելու համար թրքական քարոզչական այն յերիւրանքը, թէ արեւմտեան մամուլը, Օսմանեան կայսրութեան թշնամի ճակատին մէջ գտնուելով, իրողութիւնները հոն քարոզչական նպատակներով խեղաթիւրուած ներկայացուած են»2:

Ճիշդ է որ նախապէս փորձեր եղած են տարբեր երկիրներու մամուլին մէջ երեւցած յօդուածներ մէկ կողքի տակ խմբելու, սակայն այդ փորձերը բոլորն ալ հիմնուած են մէկ թերթի վրայ: Բացառութիւն կը կազմէ Սուրիոյ մէջ հրատարակուած «Հայկական Ցեղասպանութեան Արձագանգները Սուրիական Մամուլին մէջ» հատորը, որ հիմնուած է երեսուներեք սուրիական եւ արաբական թերթերու վրայ:

Գահիրէի ՀԲԸՄի ծրագիրը կը տարբերի անով որ կ’ընդգրկէ 45 տարիներու աւելի քան մամուլի 383 օրկաններ, «անկախաբար այն հանգամանքէն, որ ցեղասպանութեան փաստագրումի կողքին կը կատարուի նաեւ փաստագրումը հայկական հարցին եւ ընդհանրապէս, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին Հայաստանի եւ հայերու վերաբերեալ լոյս տեսած բոլոր կարեւոր տեղեկութիւններուն»3:

Տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնը, հայկական խորհրդանիշ պտուղին՝ նուռի հիւթով, հեղինակին, կազմող-խմբագրին, Պր. Պերճ Թէրզեանի, Տոքթ. Վ. Ճիզմէճեանի եւ Պր. Օ. Պըլըքտանեանի մասնակցութեամբ, որմէ յետոյ վերսկսաւ ելոյթներու ընթացքին դադրած ճաշի սպասարկումը:

Ջերմ շնորհակալութիւն շնորհանդէսը կազմակերպողներուն, բայց մանաւանդ այս ծրագրի ետին կեցող բոլոր պատասխանատուներուն եւ իրագործողներուն: Նման աշխատանք, որ նպատակ ունի Ցեղասպանութիւնը իր ճշգրիտ պատկերով ներկայացնել ոչ միայն արեւմտեան աշխարհին, այլ զայն իրենց կեանքով իսկ հաստատած – թէեւ այսօր արդէն միայն որպէս յիշողութիւն – արաբ ժողովուրդին, կրնայ միայն դրական մեծ արդիւնքներ ունենալ, բազմաթիւ դիտանկիւններ նկատի առնելով:

 Մարուշ Երամեան

9 Մայիս, 2016 Գահիրէ

1 «Միջազգայնացում եւ Բարենորոգումներ», ՀԲԸՄ Գահիրէ, 2015, էջ 4:

 2 «Գահիրէի ՀԲԸՄի Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամի Հրատարակչական Գործունէութինը», Պերճ Թէրզեան, Գահիրէ, 2012, էջ 24:

 3 Նոյն տեղը, էջ 25:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.