Հայ Դատի Յանձնախումբերը Նոր Թափով Պիտի Յաղթահարեն Արցախ-Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, Մայիս 8-11 գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու-գրասենեակներու համաժողովը:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայ Դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն շուրջ 65 ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին՝
Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչումին համար եւ Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ պայքար.
Աշխատանքներ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ.
ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւն եւ մարտահրաւէրներ.
æաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ:
Խորհրդաժողովը քննարկեց Հայ Դատի աշխատանքներու ընթացքը 2015ի Յունուարէն առ այսօր:
Հայ Դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներն ու յանձնախումբերը, աւարտելով իրենց գումարած քառօրեայ խորհրդաժողովը՝ կը յայտարարեն.
– Իրենց ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին՝ ընդգծելով, որ յաւելեալ վճռակամութեամբ պիտի շարունակեն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, բարգաւաճման ու անվտանգութեան ապահովման ուղղուած իրենց ջանքերը:
– Կը դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ Մայիս 1994ի զինադադարի եռակողմ համաձայնութեան շարունակական խախտումներն ու Ապրիլի 2ին շղթայազերծած յարձակումը եւ անընդունելի նկատելով անոնց առնչութեամբ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն ու ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին՝ նախայարձակն ու անոր զոհը նոյն նժարին վրայ դնող յայտարարութիւնները՝ կը պահանջէ որդեգրումը յստակ ու արդար գնահատանքի, ինչը կրնայ միայն նպաստել ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման:
– Կը վերանորոգեն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, փոխհատուցման ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը:
– Իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճման, անվտանգութեան ապահովման ու միջազգային հեղինակութեան զարգացման ջանքերուն:
– Իրենց զորակցութիւնը կը յայտնեն æաւախքի հայութեան՝ իր քաղաքական, կրթական-մշակութային—հոգեւոր իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման ուղղութեամբ քայլերուն:
– Առաւել թափով պիտի շարունակեն քաղաքական յարաբերութիւններու ճամբով անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ գտ-նուող սուրիահայութեան մարդասիրական միջազգային աջակցութիւն ապահովելու նպատակով աշխատանքները:
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ
Ստեփանակերտ, 11 Մայիս 2016