Ծնած Է Արցախի ՄԷջ Նահատակուած զինուոր Հրաչ Գալստեանի Դուստրը


Այսօր առաւօտեան` ժամը 06:10-ին, Ախուրեանի Մօր ու մանկան հիւանդանոցին մէջ լոյս աշխարհ  եկած է Թալիշի մէջ Ապրիլ 3-ին զոհուած Հրաչ Գալստեանի եւ Անոյշ Օհանեանի դուստրը: Հրաչի մայրը` Անահիտ Գալստեան, Hetq.am-ին հեռախօսով փոխանցած է, որ ծննդաբերութիւնը բնական  ընթացած է, խնդիրներ չեն եղած, բայց մինչեւ երկուշաբթի կը մնան ծննդատունը` յետծննդեան բարդութիւններէն խուսափելու համար: Աղջնակին պիտի կոչեն Անահիտ` մեծմօր անունով, ինչպէս ցանկացած էր Հրաչը:

Hetq.am-ի փոխանցմամբ՝ Հրաչի ու Անոյշի սիրոյ պատմութիւնը սկսած է Արցախի Թալիշ գիւղին մէջ: Անուշը դեռ դպրոցական եղած է, երբ գիւմրեցի Հրաչ Գալստեանը աւարտած է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը ու ծառայութեան մեկնած Թալիշ:

Հրաչ Գալստեանը ապրիլի 2-ի առաւօտեան կնոջն ու անոր ընտանիքի անդամներուն ապահով դուրս բերած է Թալիշ գիւղէն և ճանապարհ դրած Հայաստան: Անոյշը այսուհետեւ պիտի ապրի Հրաչի ծնողներուն հետ եւ ուսումը պիտի շարունակէ Գիւմրիի պետական մանկավարժական հիմարկին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.