Քեպէգի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի Նշման Որոշում Մը


Քեպէգի Ազգային ժողովը 26 Ապրիլին միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի նշման որոշում մը‚ որ կարդացուեցաւ Ազգային ժողովի միջազգային հարցերու‚ ֆրանքոֆոնիի պատասխանատու նախարար Քրիսթին Սէնթ Փիեռի կողմէ (Քեպէգի Ազատական կուսակցութիւն)։ Նիստին ներկայ էր Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը։

Միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւին մէջ՝ Ազգային ժողովը նաեւ նշեց‚ որ «իրենք բոլոր կողմերը կը քաջալերէն երկխօսութիւն կատարելու հասնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ մնայուն եւ արդար խաղաղութեան մը»։

Անցնող 36 տարուան ընթացքին‚ Քեպէգի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարութեամբ ու աշխատանքով Քեպէգի Ազգային ժողովը կը յարգէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։

Քեպէգի ազգային ժողովը բոլոր Քեպէգցիներուն կոչ ուղղեց նաեւ 8 Մայիսին միանալու հայերու կողմէ կազմակերպուած Մոնթրէալի Մարդկայնականութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման քայլարշաւին

Այս տարի‚ Քեպէգի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքին շնորհիւ որդեգրուեցաւ նաեւ մէկ այլ բանաձեւ մը‚ որ կը վերաբերի 8 Մայիսի քայլարշաւին։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ. «Քեպէգի Ազգային ժողովը իր ձայնը կը միացնէ Քեպէգի եւ աշխարհի տարածքին այլ կազմակերպութիւններու‚ որպէսզի ամէն ինչ կատարուի‚ որ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը երբեք դարձեալ չկրկնուի։ Գիտակցութեան յառաջացումը կենսական է‚ եւ իբրեւ այդպիսին կ’ուզենք արձագանքել տարբեր ծագումներով բոլոր Քեպէգցիներուն միանալու յաւելեալ մէկ պատմական քայլարշաւի մը‚ որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի‚ 8 Մայիսի ժամը 3-ին Կեդրոնական Մոնթրէալի մէջ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.