Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում Համիլթընի մէջ


17 Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ոգեկոչում Համիլթընի մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ։

 Առաւօտուն‘ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր պատարագ մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին, ապա՝ մատաղի օրհնութիւն։

 Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, ներկաները մեկնեցան Հայ կեդրոն,  ուր մատաղի բաշխումէն ետք‘ ժամը 2։15-ին սկսաւ յուշատօնը՝ ջահավառութեամբ եւ զոյգ քայլերգներու երգեցողութեամբ ներկաներուն կողմէ, որոնց ընկերացան Ճուլիա Աբգարեանը դաշնամուրով, Լորա Պարսումեանն ու Հիլտա Նալպանտեանը քանոնով իսկ Քարոլ Նալպանտեանը ջութակով։

Հայերէն բացման խօսքը կարդաց Արայիկ Մովսէսեան ( Mcmaster University ASA), իսկ անգլերէնով՝ Նայիրի Աբգարեան։

 Գոհար Վարդանեանի կողմէ Յովհաննէս Թումանեանի »Հոգեհանգիստ« բա-նաստեղծութեան ասմունքէն ետք՝ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս ընկ. Ռաֆֆի Սարգիսեան, որ երկու լեզուներով փոխանցեց օրուան պատգամը։

Յաջորդաբար գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Լոռի Պարսումեանը քանոնով, տեսերիզի ցուցադրութեամբ՝ պատրաստուած Ճուլիա Աբգարեանի կողմէ, Քարոլ Նալպանտեանը ջութակով եւ Հիլտա Նալպանտեանը քանոնով։

 Հայր Հայրիկ Յովհաննէսեանի աղօթքով յայտագիրը վերջ գտաւ ժամը 3։45-ին։

Օրուան հիւրերն էին քաղաքական դէմքեր  Պապ  Պրաթինա (MP Liberal),  Փօլ Միլըր (MPP- NDP) եւ Մարիա Փիրսըն (councilor – City of Hamilton), որոնք նաեւ փոխանցեցին իրենց զօրակցական խօսքերը՝ ի նպաստ Հայ Դատին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.