«Ճանաչումէն հատուցում» կարգախօսով, թորոնթոհայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը


Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակէն տարի մը անց, Թորոնթոհայութիւնը անգամ մը եւս ի մի խմբուեցաւ ցոյց տալու համար որ 101 տարի անց, տակաւին կա՛նք, 101 տարի անց, տակաւին Թուրքիան կը դատապարտե՛նք, 101 տարի անց, կը տօնենք Հայ Ազգի վերապրումը եւ կ’ապացուցենք որ Թուրքիան ձախողեցաւ:

 Արդարեւ, կիրակի 17 ապրիլ 2016ին, Հոգեւոր պետեր, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններու եւ Թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Գանատայի Դաշնակցային, Նահանգային եւ Քաղաքապետական Կառավարութիւններու պաշտօնատարներ,  Ուսումնական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ Թորոնթոյի տարածքին գործող մշակութային, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու բազմահարիւր թորոնթոհայեր, համախմբուեցան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակը եւ լսելու համար հարիւրամեակէն ետք Հայ Դատի որդեգրելիք նոր ուղղութիւնը:  

 Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու ունկնդրութենէն ետք, վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը:  Ապա ցուցադրուեցաւ 1915-էն մինչեւ օրս հայ ժողովուրդի նկատմամբ Գանատայի Մարդասիրական Գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ աւարտեցաւ Արցախեան պատերազմի հարցով Գանատայի որդեգրելիք քայլերուն մասին առաջարկով՝ Դատապարտել Ազրպէյճանը եւ Պահպանել խաղաղութիւնը:

 Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինի անունով, ձեռնարկը վարեց եւ խօսք առաւ Սիմոն Իզմիրեան:  Ան հաստատեց, որ միջազգային մակարդակով, Գանատան միշտ եղած է մարդու իրաւունքներու պաշտպան երկիր:  Գանատան, համաշխարհային մաշտապով, իր առաջին մարդասիրական գործը կատարած է 1923ին, երբ կառավարութեան ճիգերով եւ ժողովուրդին նուիրատուութեամբ, հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած 150 որբ տղաք հաստատեց Ճորճթաունի ագարակին մէջ:  Գանատայի մարդասիրական ճիգերը շարունակուած են, երբ 1921ին, Նովա Սքոշիացի Սառա Գորնինկ, հասած է իզմիր եւ ազատած 5000 որբեր, երբ թուրք զինուրները կ’այրէին քաղաքը: Իզմիրեան շարունակեց վեր առնել Գանատայի մարդու իրաւունքներու պաշտպան ըլլալու հանգամանգը, նշելով 1980-էն մմինչեւ 2015 Օնթարիոյի եւ Գանատայի խորհրդարաններու ինչպէս նաեւ Գանատայի Ծերակոյտին անցուցած Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բոլոր բանաձեւերը:

 Իզմիրեան յայտնեց, որ ցեղասպան թուրքիոյ անպատիժ մնալու հետեւանքով է, որ անցնող շաբաթներէն ի վեր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Թրքական բացայայտ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանական յարձակումներուն, որ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշները խախտելով կը փորձէ ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծել շրջանին մէջ: Իբր Գանատացիներ [ոչ միայն գանատահայեր], բարոյական պարտաւորութիւնը ունինք կանխարգիլելու ապագայ ցեղասպանութիւնները:  Լռութիւնը վտանգաւոր է: Չենք կրնար անտարբեր մնալ վայրագութիւններու եւ ատելութեան հանդէպ:  Մեր պարտաւորութիւնն է կանգնիլ ընդդէմ անտարբերութեան: Մեր պարտաւորութիւնն է իբր կառավարութիւն եւ քաղաքացիներ կանգնիլ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու կողքին: Իզմիրեան աւարտեց, ըսելով որ մեր պահանջատիրութիւնն ու պայքարը տկարութիւն չեն ճանչնար: Յստակ է մեր պահանջքը՝ Ցեղասպատութեան միջազգային ճանաչում, Թուրրքիոյ ներկայ կառավարութենէն՝ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արեան արդար հատուցում, եւ մեր պապենական հողերու վերադարձ:

 Ապա խօսք առաւ Գանատայի Մօտ Հայաստանի Դեսպան Վսեմաշուք Տիար Արմէն Եգանեան: Ան բացատրեց որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով, միջազգային մակարդակով, դատավարութիւն տեղի չէ ունեցած եւ այդ է պատճառը որ հայ ժողովուրդը եւ պետութիւնը տասնեակ տարիներ աշխատեցան տարբեր երկիրներու կողմէ ճանաչում ստանալու համար: եգանեան անդրադարձաւ նաեւ Ստալինեան անարգ որոշումին՝ Արցախը յանձնելու Ազրպէյճանին ու ապա ուղղակի կապ գծեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն միջեւ, հաստատելով որ երկուքին հասարակ յայտարարն է բնաջնջել Հայ ազգը:  Եգանեան նշեց որ կարիքը ունինք Գանատայի առաջնորդութեան, որպէսզի մատնանշուի նախայարձակը եւ ոչ թէ երկու կողմերուն խաղաղութեան կոչ ուղղուի, երբ մէկ կողմը [Հայոց Կողմը] արդարօրէն արիւն կը թափէ իր հողը ազատագրելու համար:  Եգանեան յայտնեց որ միջազգային ընտանիքը ոչինչ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, բայց Գանատան առաւ բազմաթիւ քայլեր եւ այսպիսով դարձաւ Մարդու Իրաւունքներու Գերհերոսը:

 Ոգեկոչման ձեռնարկի գլախաւոր պատգամաբերն էր Տիթրոյթի Համալսարանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի Դասախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի Նախկին անդամ, Armenian Weeklyի նախկին խմբագիր եւ ներկայիս ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Հայկ Օշական:  Օշական փաստերով եւ թիւերով հանդէս եկաւ, բացատրելու համար որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անվիճելի եւ անուրանալի իրականութիւն է, եւ որ թրքական, քրտական, ամերիկեան եւ եւրոպական վաւերագրական փաստաթուղթերուն մէջ գրուած իրողութիւն է: Այսույամենայնիւ, Թուրքիան տակաւին կը փորձէ աշխարհի յիշողութենէն ջնջել Ցեղասպանութիւնը, աշխատանք տանելով թէ Թուրքիոյ մէջ (տեղանուններու փոփոխութիւն, կրթական ծրագիրի մէջ պատմական խեղադիւրում…) եւ թէ Թուրքիայէն դուրս (Լոպիիսթներ վարձել, այլ երկիրներու արտադրութիւններ պոյքոթի ենթարկել…) այլ պետութիւններու մօտ:  Օշական յայտնեց որ վերջին տասնամեակներուն մեր պայքարը ֆինանսի դէմ պայքար է:  Հայ ժողովուրդը հիմնած է կազմակերպութիւններ եւ քաղաքական մշակոյթ, ֆինանսի դէմ պայքարելու համար եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարն է որ կը սահմանէ հայ ըլլալը: Եւ այդ՝ կը նշանակէ որ հայ ժողովուրդը զոհ չէ այլ արդարութիւն պահանջող:  Օշական նշեց որ այսօրուան Թուրքիան ժառանգորդն է ոչ միայն Օսմանական Թուրքիոյ այլ նաեւ Աթաթիւրքի Թուրքիոյ:  Ապա Օշական հարցադրումներով անդրադարձաւ վնասուց հատուցման գործընթացին: Ի՞նչ է հատուցումէն պահանջուածը: Նիւթակա՞ն, ներողամտութեան հայցո՞ւմ: Որո՞ւ համար հատուցում խնդրել: Վերապրողի՞ն, անոնց ընտանիքներո՞ւն:  Ինչպէ՞ս պահանջել:  Հայաստանի կառավարութի՞ւնը պիտի պահանջէ թէ սփիւռքը, համաշխարհային դատարանը ի՞նչ պիտի վճռէ: Այս բոլոր հարցերուն է որ ազգովին պէտք է խորհրդակցինք:  Նիւթականէն զատ այլ հատուցումներ ալ պէտք է ըլլան. ինչպէս Գերմանիան դարձած է Իսրայէլի դաշնակից, Թուրքիան պէտք է դառնայ Հայաստանի դաշնակից:  Պիտի հասնինք հատուցման որովհետեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ աշխարհի դիմագիծը կը փոխուի: Անարդարութեան անհանդուրժողութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, ազգեր այլ ազգերու հանդէպ հոգածութիւն, կրթական համակարգերու մէջ ցեղասպանութեան թեմայի աւանդում… Օշական իր բանախօսութիւնը փակեց ըսելով թէ մեր ծնողներու սերունդին կտակը՝ ճանաչում ստանալն էր: Սուղ գին վճարեցինք, բայց յաջողեցանք:  Մեր սերունդի կտակը պէտք է ըլլայ հատուցումը եւ պէտք է մեր սերունդը կամ յաջորդը կարենայ փակել պատմութեան այդ էջը:

 Ապա յաջորդաբար             խօսք առին`

­       Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Ռապ Օլիֆընթ որ կը ներկայացնէր Գանատայի Վարչապետ՝ Ճասթին Թրուտոն:  Օլիֆընթի կ’ընկերակցէին երեսփոխաններ՝ Առնոլտ Չէն, Ալի էհսասի, Շոն Չէն, Կէնկ Թէն, Տեպրա Շուլթ եւ Սվէն Սփէնճմէն:

­       Գանատայի ընդդիմադիր պահպանողական կուսակցութեան անդամ՝ Հայ Գաղութի հաւատաւոր բարեկամ՝ Ճէյսըն Քէնի որ կը ներկայացնէր կուսակցապետ Ռոնա Ապրոզը:  Քէնիի կ’ընկերակցէին երեսփոխաններ Փիթըր Քէնթ եւ Պապ Սարոյա:

­       Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Մայքըլ Քութօ որ կը ներկայացնէր Օնթարիոյի Նահանգապետ՝ Քաթլին Ուինը:  Քութոյի կ’ընկերակցէր Օնթարիոյի երեսփոխան՝ Սու Ուանկ:

­       Օնթարիոյի ընդդիմադիր պահպանողական կուսակցութեան անդամ՝ Լոռն Քօ որ կը ներկայացնէր կուսակցապետ Փաթրիք Պրաունը:

­       Թորոնթոյի Քաղաքապետ՝ Ճոն Թորի, որուն կ’ընկերակցէին քաղաքապետական խորհրդատու եւ հայ գաղութի վաղեմի բարեկամ՝ Ճիմ Քարոճիանիս, խորհրդատու Ճոշ Մաթլօ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի ուոսումնական խորհուրդի անդամ Քէն Լիսթըր:

­       Մարքամի Քաղաքապետական փոխանորդ՝ Ճաք Հիթ, որ կը ներկայացնէր քաղաքապետ՝ Ֆրանք Սքարփիթթին:  Հիթի կ’ընկերակցէին քաղաքապետական խորհրդատուներ՝ Ճօ Լի, Նիրմալա Արմսթրոնկ, Ալան Հօ, Մօյա Ճանսըն, Լոկան Քանափաթի, Ալէքս Չիու եւ Եորքի ուսումնական խորհուրդի անդամ՝ Պիլի Փէնկ:

Բոլորն ալ դատապարտեցին Թուրքիոյ ուրացման աշախատանքները եւ վերահաստատեցին իրենց բարեկամութիւնն ու զօրացութիւնը՝ Գանատահայ ու Թորոնթոհայ գաղութին:

 

Պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Թորոնթոհայ Գաղութի անունով, ծաղկեպսակ մը զետեղեցին իսկ Թորոնթոհայ հայրենակիցները ծաղիկներ զետեղեցին, անգերեզման ու անշիրիմ մեր նահատակներու վառ յիշատակին:

 Հոգեւոր հովիւներու աղօթքով փակուեցաւ ոգեկոչման  ձեռնարկը:

 Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման

Թորոնթոյի Միացեալ Յանձնախումբ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.