Հայկական կողմի զոհերուն պաշտօնական թիւն է 92
1339
0
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ապրիլ 13ին ներկայացուցած է Ապրիլ 2-5 ժամանակահատուածին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուածներուն թիւերը:
Կռիւներու ընթացքին նահատակուած են 64 բանակային զինուոր եւ 13 կամաւոր կամ պահեստի, ընդհանուր՝ 77 հոգի: Մէկ զինուոր կը մնայ անյայտ կորած: Հայկական բանակի ոչ ռազմական զոհերու թիւն է՝ 9 զինուոր, երկու կամաւոր։ 4 քաղաքացի զոհ գացած են ռմբակոծումներուն:
Այս տուեալներով, Ապրիլ 2էն ի վեր հայկական կողմին զոհերուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 92: