Coalition Avenir Québec կուսակցութեան ղեկավար Ֆրանսուա Լէկօ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն


Ապրիլ 8-ին, Գանատայի Քեպէգ նահանգի Coalition Avenir Québec քաղաքական կուսակցութեան ղեկավար եւ Քեպէգի նախկին կրթութեան նախարար Ֆրանսուա Լէկօ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն եւ շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի 35-ամեակը։ Ֆրանսուա Լէկոյի կ՚ընկերակցէր Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախկին թեկնածու Յակոբ Էվերեկլեան։

Ֆրանսուա Լէկօ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանին յանձնեց «Հորիզոն»ի յոբելեանի շնորհաւորագիրը, ուր պրն. Լէկօ բարձրօրէն կը գնահատէ «Հորիզոն»ի կատարած լրագրական առաքելութիւնը Քեպէգի եւ Գանատայի մէջ։

Պաշտօնական հանդիպման իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, որ պրն. Լէկոյի պարզեց Արցախի վերջին իրադարձութիւններու զարգացումները։ Պրն. Լէկոյի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ Քեպէգի կրթական ծրագրին մէջ ցեղասպանութիւններու ուսուցումը ներառելու առնչուող խնդրագիրը, որուն հեղինակն է «Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»ը (The Foundation for the Compulsory Study of Genocide in Schools)։ Վերոնշեալ խնդրագիրը կը պահանջէ, որ Քեպէքի երկրորդական վարժարաններուն մէջ ցեղասպանութեան նիւթը վերածուի պարտադիր դասաւանդման նիւթի։

Հանդիպման աւարտին, «Հորիզոն»ի աշխատակից Աստղիկ Աբրահամեան թերթին եւ «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի ծրագրին համար յատուկ Հարցազրոյց մը ունեցաւ պրն. Լէկոյի հետ։

Պրն. Լէկօ այցելեց նաեւ ՀՕՄ-ի ծաղկոց եւ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի։

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.