Աննա Տէր Վարդանեան՝ Ամերիկեան Բանակին Մէջ Աւագ Ենթասպայի Պաշտօնին Հասած Առաջին Կինը
auroraprize.com կը հաղորդէ‚ որ ամերիկահայ Աննա Տէր Վարդանեան՝ ամերիկեան բանակին մէջ աւագ ենթասպայի պաշտօնին հասած առաջին կինը զինուորականն է։ Աննա Տէր-Վարդանեան ծնած է Տիթրոյթ‚ Միչիկըն եւ ամերիկեան ծովուժին միացած Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին գործող Արտակարգ կամաւոր ծառայութեան ընդունուած կիներ ծրագիրին ճամբով։ Թէեւ կին ըլլալուն համար՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին դիմագրաւեց դժուարութիւններ‚ սակայն իր տոկունութիւնն ու կարգապահութիւնը իր անձին նկատմամբ յարգանք պարտադրեց աւելի բարձրաստիճան‚ աստիճանակից կամ ենթակայ զինակիցներուն մօտ։
Իր ծառայութեան համար՝ ան ստացաւ Ազգային պաշտպանութեան մետալը‚ ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ զինուորական պարգեւներ։ Իբրեւ օրինակելի կին զինուոր մը‚ ան կը յիշուի ամերիկեան բանակին մէջ կիներու համար պայծառ ուղղի մը բանալուն համար։
Ծովուժին մէջ իր զինուորական ասպարեզը աւարտելէ ետք‚ Տէր Վարդանեան միացած է CIA-ին‚ ուր աշխատած է մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։
Ան զինուորական ամբողջական մեծարանqով թաղուած է Արլինկթըն զինուորական գերեզմանատան մէջ։