Հալէպի Կամաւորները…
Կամաւոր Ծառայութիւնը Կ՛Ամրապնդէ Մեր Դիմադրողական Ոգին
Հալէպի պատերազմական թէժ պայմաններուն մէջ իգական սեռը իր դրական ներդրումը կ՛ունենայ տարբեր մակարդակներու վրայ:
Հալէպահայ Թալին Մինասեան կը շեշտէ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս բարեսիրական աշխատանքներու մասնակցութեամբ, յոյս ու կորով ներշնչելու Հալէպի տագնապահար ժողովուրդին: Թալին եւ իր ընտանիքը կը բնակին, Հալէպի աղէտեալ գօտի յայտարարուած, Նոր Գիւղ շըրջանի «Կիլիկիա» շէնքը: Անոնք երբեք չեն լքած իրենց բնակարանը եւ կը շարունակեն հոն բնակիլ` հակառակ բազում դժուարութիւններուն եւ իրենց գլխուն վերեւ Դամոկլեան սուրի մը պէս կախուած վտանգին:
Անոնք բազմիցս յայտնուած են վտանգի մէջ. «Երբ կազի պայթուցիկ տակառներ մեր բնակարանին ուղղութեամբ արձակուեցան, մենք ընտանեօք տունն էինք, թոռնիկս քնացած էր իր ննջասենեակին մէջ: Պայթիւնը տեղի ունեցաւ դրացիին տան մէջ, սարսափով կը տեսնէի դրացիներուս տան իրերուն օդին մէջ տարտղնումը: Այդ պահուն միայն թոռնիկիս անունը կու տայի: Երբ ձայները դադրեցան, քարերուն տակէն հրաշքով ազատեցաւ փոքրիկ ձագուկս, թէեւ աչքը փոշիներէն բորբոքեցաւ, սակայն, փառք Աստուծոյ, անցողակի էր», կը պատմէ Թալին: Ան կառչած կը մնայ կեանքին, տան, հայաբոյր միջավայրին, եւ կը հաւատայ, որ պատերազմի աւարտէն ետք, Հալէպը պիտի վերականգնի:
Թալին կը յայտնէ, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Ան մասնակցութիւն կը բերէ բարեսիրական զանազան աշխատանքներու, ինչպէս օրինակ Նոր Գիւղի մէջ Գաղթականներու Օժանդակութեան Յիսուսեան Խորհուրդին կողմէ, երկուքուկէս տարիէ ի վեր, ամէնօրեայ դրութեամբ կիրարկուող ճաշի բաշխման աշխատանքին, որուն ընթացքին օրական 1600 անձերու (անոնցմէ 1300-ը տեղացի, իսկ 300-ը հայ) ճաշ կը մատակարարուի: Թալին, իր կողքին ունենալով բազմաթիւ նուիրեալ ընկերուհիներ, ամէն կէսօր ժամը 12.00-էն 3:30 առանց բացակայութեան, կը հսկէ այս աշխատանքներու ընթացքին: Ան կը մասնակցի նաեւ հանդերձահաւաքի եւ հանդերձաբաշխման աշխատանքներուն:
Թալին իր ապրած առաջին վտանգէն եւ բնակարանի վերաշինման աշխատանքէն երկու ամիս վերջ երկրորդ ցնցում մը կ՛ապրի, երբ Նոր Գիւղ կրկին թիրախ կը դառնայ ահաբեկչութեան: Անոր բնակարանը կրկին կը վնասուի. «Այդ ժամանակ երկու օր բնակարանս պարտադրաբար լքեցի, սակայն համոզուած էի, որ պիտի վերադառնամ ու շարունակեմ ապրիլ իմ միջավայրիս, իմ հոգեհարազատ շրջանակիս մէջ: Ես եւ ինծի նման շատեր վերադարձանք մեր բնակարանները` շարունակելու մեր կեանքն ու ծառայողական աշխատանքը», կը հաստատէ Թալին:
ՍՕԽաչի մեծ ընտանիքին անդամ ըլլալով, Թալին կը մասնակցի նաեւ միութեան բարեսիրական աշխատանքներուն: Նոր Գիւղի մէջ, ՍՕԽ-ի Խնամատարական Յանձնախումբը 300 նպաստընկալներու հերթական դրութեամբ օժանդակութիւն կը յատկացնէ, իսկ «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրով մօտաւորապէս 230 անձի սնունդ կը հայթայթուի: Ազգային Պատսպարանի փոքրիկները եւս կ՛արժանանան ՍՕԽ-ի մշտական խնամքին:
«Հալէպը իմ կեանքս է, մայր գաղութ է, չեմ կրնար կեանքս պատկերացնել Հալէպէն դուրս: Երբ գիշերը գլուխս բարձիս դնեմ միշտ հարց կու տամ ինքզինքիս, թէ արդե՛օք յաջողեցայ անհատի մը դէմքին գէթ ժպիտ ուրուագծել: Ծառայասէր բազմաթիւ հայ կանանց կողքին, հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կ՛ապրիմ մասնակցութիւն բերելով բարեսիրական կամաւոր աշխատանքներուն: Մենք իրարմով կը զօրանանք ու ծառայութեամբ մեր միջավայրը աւելի ջերմ կը դարձնենք, մանաւանդ այս ծանր օրերուն» կ՛եզրափակէ Թալին:
Տեղին է յիշել, որ Թալինին եղբայրը մօտ երկուքուկէս տարի է առեւանգուած է եւ ընտանիքը անտեղեակ է անոր վիճակէն:
Հալէպահայ Սիլվա Մանուկեան եւս կը բնակի Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» շէնք: Ան բազմաթիւ ընտանիքներու նման դիպուկահարի փամփուշտներու տարափին տակ պարտադրաբար լքած է իր բնակավայրը: Նոր Գիւղի բնակիչները, ինչպէս Հալէպի հայահոծ այլ շրջաններու, շատ անգամ տագնապահար կացութիւններու մատնուած են: Կամաւոր ծառայողներ փութացած են օգնութեան: Սիլվա Մանուկեան ՍՕԽաչի Դարամանատան մէջ կը գործէ որպէս բուժքոյր: ՍՕԽաչի դարմանատունը յաճախ առաւօտեան իր դռները կը բանար, հարկ եղած պարագային կէսօրէ ետք ալ կը գործէր: Մանուկեան ականատես եղած է Դարմանատան շէնքին հետզհետէ վատթարացող վիճակին: «Պատերազմի սկզբնական շըրջանին, եղան պարագաներ, որոնց տուները կը գտնուէին աղէտեալ գօտիի վրայ, մենք` Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբս, դժուարին վիճակի մէջ, նոյնիսկ շէնքերու երդիքներէն սողալով հասած ենք մեզի դիմող պարագաներուն» կ՛ըսէ ան: Այդ օրերուն կազմուած Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբին կողմէ կը կատարուէր վիրաւորներու նախնական դարմանումը:
Բժշկական ծառայութեան կողքին, Սիլվա Մանուկեան ջուրի սուր տագնապի օրերուն մաս կազմած է Նոր Գիւղի ակումբի Ջուրի Մատակարարման Յանձնախումբին: Ան ամէն օր, առանց բացակայութեան, կը ներկայանար կեդրոն եւ կը պատասխանէր հարիւրաւոր հեռաձայններու` արձանագրելու ջուրի կարիք ունեցող բնակիչներու անուանացանկը. «Նոր Գիւղի մէջ Ջուրի Մատակարարման Յանձնախումբը հերթական դրութեամբ, որոշակի ժամերուն կ՛ընդունի բազմաթիւ դիմումներ, ապա կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը համադրէ բաշխումը: Սկիզբը մէկ, ապա վեր- ջերս երեք ջրատար մեքենաներով լծուեցանք այս գործին: Իւրաքանչիւր ջրատար մեքենայ 12-15 տան ջուր կը հասցնէ, այսինքն մօտաւորապէս 50-60 տուն, այս մէկը օրական 50000 լիթր ջուր կը նշանակէ»:
Տագնապահար Հալէպի մէջ, Սիլվա Մանուկեան ահաւոր դէպքերու ականատեսը ըլլալով հանդերձ կը պահէ իր լաւատեսութիւնը գալիք օրերու նկատմամբ: Ան իր ծնողքի դաստիարակութեան եւ մարդ արարածի բնածին խիղճին մղումով կ՛ուզէ մշտապէս ծառայել հայկական մեր կեանքին, ինչպէս Մայր գաղութի վերականգնումին հաւատք ընծայող բազմաթիւ ծառայասէր հալէպահայեր:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան
Գանձասար