ԱՄՆ-ի Թրքական Կազմակերպութիւնները Միաւորուած Են` Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման


Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող թրքական աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուած է «Թուրք-ամերիկեան ազգային  ղեկավար կոմիտէ» (Turkish American National Steering Committee – TASC), որ իր առջեւ նպատակ դրած է պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ վկայակորելով  թրքական«sabah»-ը, TASC-ի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ  իրենց նպատակն է ԱՄՆ-ի հասարակութիւնը իրազեկել  եւ  ցոյց տալ «պատմական ճշմարտութիւնը» Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Կը նշուի նաեւ, որ կոմիտէին նպատակներէն է նպաստել ԱՄՆ-ի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ  մշակութային կեանքին մէջ թուրք հանրութեան ներգրաւուածութեան բարձրացման, ԱՄՆ-ի իշխանական շրջանակներու մէջ Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւորութեան գիտակցման եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ Թուրքիոյ մասին դրական ընկալումներու ձեւաւորման:

Կոմիտէի հիմնադիրներն են Իպրահիմ Ույարը, Կիւնայ Օւունչը, Տերիա Թաշքինը, Մուրաթ Կիւզելը եւ այլք:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ այս տարի Կալիպոլիի տօնակատարութիւնները իրականացուած են Մարտ 18-ին` ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, երբ միտումնաւոր կերպով այդ ձեռնարկները տեղափոխուած էին Ապրիլ 24:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.